Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւնը վայելող ակումբը` Նըժմէ, մարզիչ նշանակեց Հայաստանի հաւաքականի նախկին մարզիչ Վարդան Մինասեանը` փոխարինելու թունուզցի Լասաատ Տրէյտին:
Լիբանանի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանէն ետք, Նըժմէ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը, բայց կատարած է 2 մրցում եւ ձեռք ձգած 4 կէտ:
Վարդան Մինասեան եղած է ՀՄԸՄ Երեւանի (այժմ` Փիւնիկ) լաւագոյն միջնապահներէն եւ 154 մրցում կատարած անոր շապիկով:
Ան տարեշրջան մը խաղցած է Լոզանի հետ (Զուիցերիա), ապա տարի մըն ալ Լոքոմոթիւ Ս. Փեթերսպուրկի հետ խաղալէ ետք վերադարձած է Փիւնիկ:
Յաճախ վիրաւորուելով ան չկրցաւ մնալ բարձր մակարդակի վրայ եւ կանուխ տարիքէն սկսաւ մարզիչութեան (29 տարեկանին): Հայաստանի հաւաքականի օգնական մարզիչ նշանակուելէ ետք 2006-էն 2009, ան նոյն պահուն մարզած է Փիւնիկը (մինչեւ 2013), եւ նշանակուեցաւ հաւաքականի մարզիչ 2007-ին, երբ մարզիչ Իան Փորթըրֆիլտ մահացաւ:
2012-ի Եուրոյի զտումի մրցումներէն առաջ Հայաստան ՖԻՖԱ-ի դասաւորման 125-րդ դիրքը կը գրաւէր, բայց Մինասեանի գլխաւորութեամբ Հայաստան անակնկալ յաղթանակներ տարաւ Սլովաքիոյ, Մակեդոնիոյ ու Անտորրայի դէմ, եւ հաւասարութիւն` Ռուսիոյ հետ, եւ քիչ մնաց հասնէր Եուրոյին, երբ փլէյ օֆի վճռական մրցումին իրաւարարի սխալով (Իրլանտայի դէմ) Հայաստան դուրս մնաց:
2014-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն արձանագրուեցան շարք մը յաջողութիւններ եւս, եւ Հայաստան հասաւ 38-րդ դիրքի, որ պատմութեան ամէնէն բարձր դիրքն է հաւաքականին համար մինչեւ օրս:
Յաջողութիւն պիտի մաղթենք Վարդան Մինասեանին իր նոր պաշտօնին մէջ` իբրեւ Նըժմէի մարզիչ:


