Նետերլանտներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ ապրած մարզական մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանի տղոց հաւաքականը փայլուն արդիւնքներ արձանագրեց եւ մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Հայաստանի հաւաքականը աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած էր 4 մարզիկներով եւ նուաճած նոյնքան մետալ` 2 ոսկիէ եւ 2 պրոնզէ: Յենացատկի վարժութեան, աշխարհի ախոյեան դարձած էր Արթուր Դաւթեան, որ պատմական տարիքային մրցանիշ հաստատեց` դառնալով տղոց պատմութեան ամէնէն տարեց աշխարհի ախոյեանը` 34 տարեկան հասակին: Նժոյգ թափերու վարժութեան աշխարհի ախոյեան դարձած էր Համլեթ Մանուկեան: Նոյն վարժութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած էր Մամիկոն Խաչատրեան, իսկ Արթուր Աւետիսեան պատուոյ հարթակի երրորդ աստիճանին կանգնեցաւ օղակներու վարժութեան:
Այս ցուցանիշը շատ տպաւորիչ է, մանաւանդ որ մրցակից երկիրներ ներկայացած էին մեծ թիւով մարզիկներով (տղոց եւ աղջկանց), մինչ Հայաստան 4 ներկայացուցիչներով մասնակցեցաւ` ապահովելով 100 տոկոս արդիւնաւէտութիւն եւ վերստին ապացուցելով, որ հայկական մարմնամարզութիւնը հաստատուն տեղ ունի աշխարհի լաւագոյններուն մէջ:


