ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած «Առողջ ապրելակերպ» սեմինարներու շարքին առաջինը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Նկատի ունենալով, որ հոկտեմբեր ամիսը կը յատկանշուի որպէս կուրծքի քաղցկեղի իրազեկման վարդագոյն ամիս, առաջին սեմինարը նուիրուած էր անոր:
Սրահի մուտքին վարդագոյն ժապաւէններ զետեղուեցան մասնակիցներու կուրծքին` իբրեւ խորհրդանիշ նախազգուշութեան եւ յոյսի ներշնչման:
ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի ատենապետ Իսկուհի Գաբլանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նշեց, թէ առողջութիւնը մեր կեանքի մեծագոյն արժէքներէն մէկն է եւ զայն պահպանելու համար անհրաժեշտ է ունենալ գիտելիք, գիտակցութիւն եւ պատասխանատու վերաբերմունք` մեր անձին նկատմամբ, այդ նպատակով ալ յանձնախումբը իր երկամեայ ծրագրին մէջ նկատի ունեցած է նաեւ սոյն սեմինարները:
Ապա Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեան անդրադարձաւ առողջապահական յանձնախումբի գործունէութեան, սեմինարներու նպատակին` ԼՕԽ-ի երդիքին տակ համախմբել երիտասարդներ, փոխանցել անհրաժեշտ առողջապահական եւ այժմէական գիտելիքներ ու ստեղծել ընկերային մթնոլորտ: Ան ներկայացուց ԼՕԽ-ի յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու լայնածաւալ աշխատանքը եւ անդրադարձաւ սրահին մէջ գերիշխող վարդագոյն գոյնի առնչութեան` կուրծքի քաղցկեղին հետ:
Անկէ ետք տոքթ. Լէա Հապիպեան բացատրեց կուրծքի քաղցկեղի կանուխ յայտնաբերման միջոցները, բուժման հետագայ ընթացքը եւ յատուկ տեսերիզի մը միջոցով ցոյց տուաւ ինքնազննումի ձեւերը:
Ապա սննդագէտ Սինթիա Թենքերեան խօսեցաւ այն ուտելիքներուն մասին, որոնք կրնան քաղցկեղ յառաջացնել եւ հարկ եղած ցուցմունքները կատարելով` ցուցադրեց սննդագիտական տեսերիզ մը:
Սեմինարի աւարտին բաժնուեցան նուէրներ` տրամադրուած նուիրատուներու կողմէ:


