«Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարտիկ Արման Ծառուկեան «Ռիլ Ամերիքըն Ֆրիսթայլ» (ՌԱՖ) կազմակերպութեան ախոյեանի գօտին շահելէ ետք պատմեց, թէ կը ցանկայ ապագային հանդիպիլ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին ախոյեան քանատացի Ժորժ Սեն – Փիեռին:
Ծառուկեան յայտարարեց նաեւ, որ մտադիր է շարունակել իր ելոյթները ՌԱՖ-ին հետ, բայց այժմ ան աւելի հետաքրքրուած է մրցելով խառն մենամարտերու յայտնի ներկայացուցիչներուն դէմ:
«Ինծի մեծ անուններ պէտք են, լաւագոյն մարտիկները: Եէ ՌԱՖ յաջողի պայմանագիր կնքել Ժորժ Սեն-Փիեռի հետ, ես անպայման կ՛ուզէի անոր դէմ մրցիլ», յայտարարեց Ծառուկեան:
Սեն Փիեռի հետ հաւանական գօտեմարտի վերաբերեալ այժմ նիւթ չկայ, եւ արդէն հանդիպում կազմակերպելու համար «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին ախոյեանը պէտք է պայմանագրութիւն կնքէ ՌԱՖ-ի հետ:
Հայ մարտիկը փոխած է նաեւ իր վերաբերմունքը` ազատ ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական ախոյեան Ճորտըն Պորոզի հետ հաւանական մրցակցութեան նկատմամբ:
Աւելի կանուխ, ամերիկացի ըմբիշի հետ հանդիպումը Ծառուկեանի համար կը նկատուէր ամէնէն հետաքրքրական տարբերակներէն մէկը, սակայն «ՌԱՖ 14»-ին անոր պարտութիւնը` Մայքըլ Քալիենտոյէն, փոխեց իրավիճակը:
Հակառակ Ծառուկեանի ցանկութեան (Ժորժ Սեն-Փիեռին դէմ մրցելու), ան արդէն իսկ 14 նոյեմբերին պիտի մասնակցի ՌԱՖ-ի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ապու Տապիի մէջ, ուր պիտի մրցի պրազիլցի Նէյման Կրէյսիի դէմ:
Կրէյսի յայտնի է իբրեւ «Պելաթոր» եւ «Փի. Էֆ. Էլ.» մրցաշարքերու ախոյեան, եւ «Էթթիհատ Արենա»-ի մէջ տեղի ունենալիք միջին կշիռի մրցումը պիտի չըլլայ անոր ախոյեանութեան գօտիին վրայ:
Այս ձեւով ան մէկ ամսուան ժամանակաշրջանէն առաջ արդէն իսկ իր երկրորդ մրցումը պիտի ունենայ` միեւնոյն ժամանակ շարունակելով արհեստավարժ ըմբշամարտի ելոյթները` «Եու. Էֆ. Սի.»-ի ասպարէզին հետ:


