19 տարեկան մարմնամարզիկ Համլեթ Մանուկեան շաբաթ օր նժոյգ թափերու աշխարհի ախոյեան դառնալէ ետք բաւական ազդուած էր եւ կարճ հարցազրոյց մը տուաւ:
«Չեմ կրնար նկարագրել, թէ ինչպիսի՛ ապրումներ ունեցայ պարգեւատրման արարողութեան ժամանակ: Անբացատրելի ուրախութիւն էր, երբ հնչեց մեր քայլերգը, բարձրացաւ դրօշը, մեր պարագային` երկու դրօշ: Յաղթանակիս համար շնորհակալ եմ իմ մարզիչներուս` Յակոբ Սերոբեանին, Հայկ Նազարեանին, Արտակ Այդինեանին եւ Սօս Սարգսեանին: Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն Արթուր Դաւթեանին, որ այսօր բոլորիս շատ մեծ աջակցութիւն ցոյց տուաւ: Անոր մեծ ներդրումը կայ այս յաղթանակին մէջ, որովհետեւ անոր փորձառութիւնը մեզի շատ բան սորվեցուց»:
«Ես եւ Մամիկոնը աշխարհի ախոյեանութեան եկած էինք մեր լաւագոյնը տալու: Աստուծոյ կամքով կրցանք լաւագոյն ձեւով հանդէս գալ, լաւ կատարել մեր վարժութիւնը: Աշխարհի նախորդ ախոյեանութիւնը ինծի համար շատ յաջող չէր, եւ իմ սխալիս պատճառով 4-րդ դիրքը գրաւեցի: Այս մէկ տարուան ընթացքին շատ աշխատեցանք, եւ այսօր կրցայ լաւ կատարել իմ վարժութիւնս, որուն համար շնորհակալ եմ մարզիչներուս»:
«Յաղթանակս կը նուիրեմ հայ ազգին, բոլորին, որոնք իրենց չնչին լուման ներդրած են այս յաղթանակին մէջ: Առանձնայատուկ այս յաղթանակը կը նուիրեմ հայ զինուորներուն, որովհետեւ առանց անոնց մենք չենք կրնար այստեղ ըլլալ, մրցաշարքերու մասնակցիլ եւ Հայաստանի դրօշը բարձրացնել», աւելցուց Մանուկեան:


