Պասքեթպոլի «Փրոպասքեթ Էյ. Լիկ»-ը կը պատրաստուի 2026-2027 տարեշրջանին: Կազմակերպիչները ներկայացուցին նոր տարեշրջանի մասնակիցներու ցանկը, որուն տիտղոսին համար պիտի մրցի հինգ երկիրներէ 10 ակումբ:
Մրցաշարքին ամէնէն աւելի պիտի մասնակցին Հայաստանէն ակումբներ, ուր Երեւանէն 5 ակումբներ պիտի ներկայանան: Երկու խումբերով պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներ, մինչ Վրաստանէն, Ղազախստանէն եւ Խըրխըզիստանէն պիտի մասնակցին մէկական ակումբներ:
Հայաստանէն պիտի մասնակցին Եանկս, Ուրարտու, Երեւանի բանակայիններ, Հատիս եւ Հաթ, Միացեալ Նահանգներէն` Քրոսնէյշըն եւ Ֆինիքս Փըրսեփշըն, Վրաստանէն` Թպիլիսի Պի. Թի. Պի., Ղազախստանէն Պարսի Աթիրաու եւ Խըրխըզիստանէն Նոմատ ակումբը:
Մրցաշարքի հովանաւորը անգամ մը եւս պիտի ըլլայ «Արմենիա պասքեթպոլ» հիմնադրամը, որ հիմնադրուած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին մէջ եւ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ միասնաբար կ՛աջակցի մրցաշարքի կազմակերպման աշխատանքին:
Հայկական 5 ակումբներու մասնակցութիւնը մարզիկներուն կարելիութիւն կու տայ պարբերաբար մրցելու արտասահմանեան ակումբներու դէմ եւ ձեռք բերելու միջազգային լրացուցիչ փորձառութիւն:
Ախոյեանութեան յստակ թուական չէ ճշդուած տակաւին, ինչպէս նաեւ նոր տարեշրջանի ձեւաչափը եւ խաղացանկը տակաւին չեն յայտարարուած:


