Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառու Մայրավանքի Նորակերտ Ձեռագրատան Եւ Դիւանի Բացման Հանդիսութիւն

October 27, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զմմառու դարաւոր մայրավանքի սրբատաշ կամարներուն ներքոյ, նախագահութեամբ` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքի, ներկայութեամբ համայնքապետներու, մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչին, հոգեւորականներու,  քահանաներու, առաքինազարդ քոյրերու, նախկին եւ ներկայ պետական եւ քաղաքական գործիչներու, ազգային կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական հաստատութիւններու եւ վարժարաններու տնօրէններու, զանազան գրադարաններու պատասխանատուներու, լրագրողներու, ինչպէս նաեւ` մշակութասէր հանրութեան, տեղի ունեցաւ նորակերտ ձեռագրատան եւ դիւանի բաժանմունքի բացման պատմական յիշարժան հանդիսութիւնը եւ օրհնութեան արարողութիւնը:

Հանդիսաւոր ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարալ Հարպոյեան, որ դիտել տուաւ, որ նորակառոյց ձեռագրատան եւ դիւանային բաժանմունքը պարզապէս պահոց չէ, այլ` հայագիտական կենդանի ակունք, ուր ամփոփուած են հոգեւոր ու մշակութային անգին գանձեր` Անտոնեան միաբանութենէն եւ հիմնադիր Աբրահամ Ա. կաթողիկոսէն ժառանգութիւն մնացած, ինչպէս` Մխիթար Գոշի աշխարհի հնագոյն եւ ամբողջական օրինակ «Դատաստանագիրքը», զարդանախշերով հարուստ աւետարաններ, բժշկարաններ եւ տարբեր լեզուներով արժէքաւոր ձեռագիրներ: Ան մաղթեց, որ` «Զմմառը մնայ մշտավառ կանթեղ` ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն հայոց ժառանգութեան»:

Արաբերէնով խօսք առաւ Ժոյել Ահմարանի, որ դիտել տուաւ, թէ այս նիւթապաշտ ու յարափոփոխ ժամանակներուն Զմմառը կը շարունակէ մնալ յաւիտենականութեան անսասան փարոս, հայկական մշակոյթի ամրոց եւ հաւատքի անմար կանթեղ, ուր սրբազան խտացումով մարմնաւորուած են` մեր ոսկեղենիկ մայրենի լեզուն, սուրբ գիրն ու հոգեւոր-մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, դարաւոր շարականն ու հայոց ոգեղէն տոկունութիւնը: Այս բաժանմունքը պարզապէս նիւթական պահոց կամ անցեալի արձագանգ չէ, այլ` կենդանի ակունք ու հայագիտական ներշնչարան մը:

Գեղարուեստական յայտագիրին սկիզբը Ալեք Տօնէրեան ջութակով մեկնաբանեց Կոմիտասի «Շողեր ջան» մեղեդին:

Զմմառու միաբանութեան մայրավանքի վարչական անդամ, թանգարանի, մատենադարանի, ձեռագրատան եւ դիւանի ղեկավար Նարեկ վրդ. Լուիսեան իր խօսքին մէջ խորին ակնածանքով անդրադարձաւ մատենադարանի աւելի քան երկուքուկէս դարու հոգեւոր վաստակին, 2054 ձեռագիրներու եւ անգին մագաղաթեայ պատառիկներու պահպանման նուիրական առաքելութեան, ինչպէս նաեւ` Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի հետ ռազմավարական համագործակցութեան, որուն փայլուն արգասիքը հանդիսացաւ Մխիթար Գոշի 1215 թուականի «Դատաստանագիրք»-ի ընդգրկումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի յիշողութեան միջազգային շտեմարանին մէջ:

Այնուհետեւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ: Ան յատուկ մատնանշեց, որ Զմմառու մայրավանքին եւ մատենադարանին միջեւ առկայ է վստահութիւն, որ հիմնուած է փոխյարաբերութիւններուն վրայ: Ան շեշտեց, որ վերջին երեք տարիներու ընթացքին իրականացած աշխատանքները պատմական են եւ խոստմնալից` ապագայի նկատմամբ: Խզմալեան մատնանշեց, որ տնօրէնութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի կարողանան օգտակար դառնալ սփիւռքի մէջ տարբեր հաստատութիւններու եւ վանքերու մէջ պահպանուող ձեռագիրներու վերականգնումին ու պաշտպանութեան` բնութեան պատճառած արհաւիրքներէն:

Հանդիսութիւնը հարստացաւ բարձրարուեստ յայտագիրով. սոփրանօ Լիանա Մկրտիչեան ներկայացուց Մակար Եկմալեանի «Սուրբ սուրբ»-ը եւ Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն հաւուն»-ը: Ապա Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Համաստեղի «Հայու ոգին»:

Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր  Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան, որ ըսաւ. «Մենք` հաւատարիմ մեր նախնեաց պատրիարքական կղերի միաբանութեան վեհանձն հոգեւորականներուն եւ ի մասնաւորի ի դէմս հիմնադիր` Աբրահամ Ա. Արծիւեանի, կը շարունակենք ըլլալ պահապանները հայ մշակոյթի, լեզուի, աստուածաբանական եւ մատենագրական մտքի: Մենք կը շարունակենք երախտապարտ մնալ արիւն թափած մեր նահատակներու սուրբ կտակին եւ յանձնառու` փոթորիկներէ, պատերազմներէ եւ գողերու ու աւազակներէ փրկուած այս մատեանները հաւատարմօրէն պահելու, պահպանելու եւ ի հարկին նաեւ բացայայտելու այնտեղ անթեղուած գանձերը:

Անտոնեան միաբանութենէն ժառանգուած եւ համալրուած զմմառեան հաւաքածոները, հայերէն, արաբերէն, ասորերէն, լատիներէն եւ արաբերէն լեզուներով հարուստ այս ձեռագրատունը հայկական աշխարհի հոգեւոր գանձարանին մէկ պայծառ գոհարը պիտի մնայ:

Մեծաւոր հայրը եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով. «Առ այդ, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը անյապաղօրէն կը շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մայր մատենադարանի հետ, որպէսզի համաշխարհային ընդունուած կանոններու համաձայն, այս ձեռագրատունը մնայ հայ մտքի, հաւատքի ու մշակոյթի յաւերժական փարոս մը, ուրկէ ճառագայթէ նախնեաց զուլալ հաւատքը եւ անով իսկ շաղախուած լոյսն ու իմաստութիւնը»:

Զմմառու Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները, ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտի Թորիկեանի, ներկայացուցին «Յայս յարկ» շարականի զմմառեան երաժշտական տարբերակը եւ ս. հաղորդութեան նուիրուած «Որ կազմեցեր»-ը:

Հիւսիսային Ամերիկայի «Տիրամայր Նարեկի» հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ  Միքայէլ եպս. Մուրատեան արտասանեց իր սրտի խօսքը` շեշտելով. «Զմմառու վանքի ձեռագիրներու նոր կեդրոնին պաշտօնական բացումը կը խորհրդանշէ պատմութեան ու ապագայի միջեւ կամուրջ մը: Որպէս նախկին դպրեվանքի սան` կը յիշեմ քառասուն տարի առաջ տեղւոյն վրայ իմ կատարած աշխատանքս հոգելոյս Մեսրոպ ծ. վրդ. Ճուրեանին հետ… Ձեռագիրները պարզ թուղթ կամ մագաղաթ չեն, այլ` հայ նախնիներուն կենդանի ձայնը, մեր պատմութիւնն ու մշակութային գանձերը, ներառեալ` գիտութիւնը, փիլիսոփայութիւնն ու աստուածաբանութիւնը:

«… Երախտագիտութիւն կը յայտնեմ` միաբանութեանս վարչութեան, բարերարներուն, ճարտարապետին եւ բոլոր նուիրեալներուն, որոնք իրականութիւն դարձուցին այս տեսլականը»:

Հանդիսութիւնը իր լրումին հասաւ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի եւ   Արա Խզմալեանի պարգեւատրման արարողութեամբ` ի գնահատանք անոնց ներդրած աննախընթաց աւանդին եւ ազգանուէր ծառայութեան:

Ապա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.  հոգեւոր տէրը, Զմմառու մայրավանքի գերապայծառը, Արա Խզմալեան եւ բոլոր հիւրերը ուղղուեցան դէպի նորակերտ ձեռագրատան եւ դիւանի բաժանմունք, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման արարողութիւնը եւ օրհնութիւնը: Ներկաները առիթ ունեցան նաեւ վայելելու այս առթիւ յատուկ կազմակերպուած քանի մը նշանաւոր ձեռագիրներու ցուցադրութիւնը:

Աւարտին մայրավանքի «Մեսրոպ Ճուրեան» սրահին մէջ բոլորը մասնակցեցան կոկիկ հիւրասիրութեան` կիսելով պատմական այս օրուան խորհուրդը:

Հանդիսութիւնը դարձաւ գեղեցիկ առիթ մը` ազգային, հոգեւոր ու մշակութային գործիչներու, հայագէտներու եւ մշակութասէր հանրութեան միջեւ կապերը ամրապնդելու, նորակերտ ձեռագրատան ապագայ ծրագիրներուն շուրջ մտքեր փոխանակելու եւ Զմմառու մայրավանքի հիւրընկալ յարկին ներքոյ միասնականութեան բերկրանքը ապրելու:

Նախորդը

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

RelatedPosts

«Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Երիտասարդական Նուագախումբին Տարեկան Համերգը
Գաղութային

«Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Երիտասարդական Նուագախումբին Տարեկան Համերգը

October 27, 2026
Լուրեր Կաթողիկոսարանէն
Գաղութային

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

October 27, 2026
Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.