Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ նշեց. «Կը մտածենք Իրանի վրայ յարձակում գործելու մասին, եւ թերեւս ատիկա վաղը տեղի ունենայ, սակայն հաւանական զինուորական որեւէ գործողութեան ժամկէտը պիտի չբացայայտեմ»:
«Գոյութիւն ունի այն հաւանականութիւնը, որ Իրանի վրայ յարձակում շղթայազերծենք, եւ մէկ այլ հաւանականութիւն մը, որ անոր հետ մեծ ու լաւ համաձայնութիւն մը գոյացնենք», աւելցուց ան:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ընտրութիւններէն առաջ Իրանի մէջ զինուորական արշաւի պիտի չձեռնարկենք: Ատիկա բան մըն է, որ ընդդիմութիւնը հնարած է»:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբեր Հիւսէյն Մուհիպի շեշտեց. «Թշնամիի որեւէ քայլին մեր պատասխանը բազմապատիկը պիտի ըլլայ, նոյնիսկ եթէ այդ քայլը սահմանափակ է»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին. «Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան մարտանաւերը կռիւի հաւանական մագլցումի կը պատրաստուին, եթէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշէ յառաջիկայ շաբաթներուն Իրանի դէմ հարուածներու նոր փուլ մը շղթայազերծել»:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտնեց, թէ իր երկիրը սպառնալիքներու առջեւ պիտի չընկրկի եւ պատրաստ է իր հողային ամբողջականութիւնը թիրախաւորող որեւէ յարձակումի սպասուածէն աւելի մեծ չափով հակադարձելու:
Ան ըսաւ, որ համապարփակ պատերազմ շղթայազերծելու կամ ահաբեկման գործողութիւններ գործադրելու սպառնալիքը իրանցի ժողովուրդը իր իրաւունքներէն եւ շահերէն զիջելու պիտի չմղէ:
Ղալիպաֆ շեշտեց, որ Իրան որեւէ օտար ուժի պիտի չարտօնէ իր կամքը Թեհրանին պարտադրել` նշելով, որ ամերիկեան պնդումները հաւաստի պիտի չըլլան, եթէ Ուաշինկթըն իրողական ու շօշափելի կերպով չգործադրէ իր խոստումները, իր գործելաոճը չփոխէ եւ իր ախորժակներէն չհրաժարի:
Իրանի խորհրդարանի նախագահը աւելցուց, որ Թեհրան նոր դիրքորոշումներ չունի:
Ան նաեւ նշեց, որ Ուաշինկթըն ինքզինք տագնապի եւ պատերազմի մէջ ներքաշեց իր սխալ հաշուարկներուն հետեւանքով, եւ պէտք է անոնցմէ դուրս գալու անհրաժեշտ քայլերը որդեգրէ:
Լաւատեղեակ պաշտօնատար մը երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Քաթարցի միջնորդներ այսօր Թեհրան կ՛այցելեն` ջանալով շրջանային լարուածութիւնը նուազեցնել»` աւելցնելով, որ Թեհրանի մէջ քաթարեան միջնորդական ջանքերը ամերիկեան կողմին հետ համակարգուած են:


