. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Բանակցութիւնները անկեղծ են, սակայն վճռորոշ չեն: Անոնք իմաստաբանական հարցեր կը քննարկեն: Լիբանանեան կողմը իսրայէլեան զինուորական արարքներուն վերջ տալուն եւ արագ հեռացման վրայ կը պնդէ, իսկ Իսրայէլ` Հըզպալլայի զինաթափման վերաբերեալ շօշափելի փաստերու տրամադրման վրայ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Եռակողմ շրջագիծի ձեւաչափը պարզապէս հրթիռները հաւաքելէն կամ զինուորներու տեղակայումէն անդին կ՛անցնի, որովհետեւ պայման կը դնէ, որ ոչ կառավարական զինեալ խմբաւորումները Լիբանանի որեւէ վայրի մէջ չպահպանեն որեւէ զինուորական կամ ապահովական դերակատարութիւն կամ զինեալ կարողութիւն»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ուզպեքիստանի քաղաքացիութիւն ունեցող կին մը երկու շաբաթ առաջ կալանաւորուեցաւ օդակայանին մէջ, երբ ի յայտ եկաւ, թէ եկած է հանդիպում ունենալու իր ուզպեք ամուսինին հետ, որ սուրիական քաղաքացիութիւն ունի եւ գաղտնաբար մուտք գործած է Լիբանան: Այս կալանաւորումը վերստին արծարծեց սուրիացիներու մուտքի վերահսկողութեան հարցը»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, չէզոքացուց մօտալուտ պայթում մը, որովհետեւ Հըզպալլան պայթուցիկ նիւթերու գործը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելու որոշումին դէմ մէկէ աւելի բեմագրութեան գործադրութիւնը պատրաստած էր, ներառեալ փողոցին մէջ շարժումներ, որոնց մանրամասնութիւնները, թէ խորհրդանշակա՞ն պիտի մնային, թէ՞ կեանքի պիտի կոչուէին, տակաւին յստակ չեն»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ վարչապետ Սալամի` կառավարութեան նիստէն առաջ գոյացուցած փոխըմբռնումը նպաստեց ելքի մը ձեւաւորման, որ սակայն արգելք չեղաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներու նիստէն հեռացման, ինչպէս նաեւ չարգիլեց պայթուցիկներու թղթածրարը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելու հարցը չվճռելուն ուղղուած քննադատութիւններու սրումը»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին. «Ճակատումը այսքանով պիտի չաւարտի, եւ կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ նախարարաց խորհուրդի յառաջիկայ նիստերու ընթացքին այդ ուղղութեամբ ճնշում բանեցնել, եւ պիտի չհանդուրժէ ու պիտի չհանգչի:
«Հարցը կապ չունի պայթուցիկ նիւթերու վերջնական ուղղութեան հետ, այլ անոնց գոյութեան ու ապօրինի տեղափոխման, անոնք ահաբեկումներու գործադրութեան համար պատրաստուած ըլլան կամ Իսրայէլի դիմակայման համար` հաշուի առնելով Հըզպալլայի դէմ տրուած որոշումները, որոնք վերցուցած են անոր ծածկոյթը»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերու հարցին Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցման կէտը անգամ մը եւս նախարարաց խորհուրդի կամ կառավարութեան յաջորդ նիստերու օրակարգին վրայ պիտի չդրուի, թէեւ արդարադատութեան նախարարը ատիկա խոստացաւ»:
. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին, Հըզպալլայի մօտիկ լրատուամիջոցները դիմած են ստեղծելու այն տպաւորութիւնը, թէ զինամթերքով բեռցուած բեռնատարի գործը Արդարադատութեան խորհուրդին չփոխանցելը նպաստած է ներքին պայթումի մը վնասազերծման` յառաջ մղելով այն միտքը, թէ այլ որոշում մը պիտի յանգեցնէր ներքին մագլցումի եւ աղէտալի սադրանքի:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Ժոմպլաթի երկխօսութեան կոչը յառաջադէմ քայլ մըն է, որ կրնայ նպաստել սպառազինութիւններու խնդիրի լուծման համար ընդունելի բանաձեւի շուրջ համաձայնութեան գոյացման եւ Լիբանանը ներքին ապարդիւն հակամարտութեան մէջ ներքաշելու կարելիութեան հեռացման»:
. ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնական յանձնախումբի տեղեկատուութեան բաժանմունքի պատասխանատու Միշէլ Ապու Նաժմ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ելեկտրականութեան թղթածրարին մէջ ծրագիր չունի, եւ անոնք անկարող են շրջանցել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ծրագիրները, մինչ նպատակը ուշադրութիւնը շեղելն է կարգ մը խորհրդականներու ելեկտրածին շարժակներու եւ վառելանիւթի քարթելներու հարցով արարքներէն»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, նոր տարուան սկիզբը օդանաւային տոմսերու գիները, նախատեսումներու համաձայն, պիտի բարձրանան 10 առ հարիւրով կամ թերեւս աւելիով` Լիբանանի մէջ օդանաւներու սպասարկումը ապահովող երկու ընկերութիւններու կողմէ իրենց գիները 20 առ հարիւրով բարձրացնելու պատճառով, ինչ որ օդանաւային ընկերութիւններուն պիտի ստիպէ իրենց գիները բարձրացնել:
. ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութիւններու նախարարութեան մէջ նորոգութեան բաժանմունքի պետը «Ախպար» օրաթերթին. «Ջուրերու հեռացման ցանցերու ջուրը կլանելու կարողութիւնը կախեալ է տեղումներու ծաւալէն եւ տեւողութենէն: Նոյնիսկ բնական գործող ցանցերը կրնան չկարենալ մեծ քանակութեամբ ջուր կլանել, եթէ անիկա կարճ ժամանակահատուածի մէջ թափուի, ինչ որ պիտի յանգեցնէ ջուրի կուտակման, նախքան աստիճանաբար նահանջելը»:
. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, «Արաբական ծոց գտնուող լիբանանցիներէն Լիբանան կատարուած դրամական փոխանցումները, որոնք կը կազմեն ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող լիբանանցիներու կողմէ փոխանցուած ընդհանուր գումարին 40-50 առ հարիւրը, պատերազմի հետեւանքներու պատճառով նուազած են, սակայն, այս անկման համեմատութեան վերաբերեալ ճշգրիտ թիւ չկայ, եւ այդ թիւը հաւանաբար ժամանակի ընթացքին, եթէ պատերազմը չաւարտի, պիտի աճի:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» տեղեկացած է, որ անցեալ շաբաթ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած միջադէպին հետեւանքները քիչ մնաց պիտի յանգեցնէին ապահովական կացութեան լայնածաւալ կերպով վերահսկողութենէ դուրս գալուն, եթէ չըլլար քաղաքական լայն միջամտութիւնը, որ օգնեց զսպելու եւ վերահսկողութեան տակ առնելու անոր հետեւանքները: Բայց եւ այնպէս, միջադէպը ծառայեց իբրեւ փոքր փորձ մը, թէ ապագային ի՛նչ կրնայ պատահիլ, հաշուի առնելով անվտանգութեան պաշտօնատարներու մտավախութիւնները, թէ նմանատիպ միջադէպերը կրնան որեւէ պահու կրկնուիլ, հաւանաբար ապակայունացնելով անվտանգութիւնը քաղաքական լարուածութեան աճին եւ փողոցներուն մէջ ահաբեկման ու սպառնալիքներու քաղաքականութեան պատճառով:
. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, Լիբանանի մէջ տարեկան սղաճը անցեալ ամիս հասած է 17,53 առ հարիւրի, մինչ Յորդանանի մէջ անիկա հասած է շուրջ 2,73 առ հարիւրի: «Տարբերութիւն մը, որ կ՛ընդգծէ Լիբանանի մէջ սղաճի ծաւալները, որոնք չեն կրնար միայն շրջանային հանգամանքներուն վերաբերիլ», կը գրէ կայքը:


