
Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ սկսաւ ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Առաջին օրուան մրցումներուն տեղի ունեցան Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 55, 60, 77 եւ 82 կշիռի մրցումները:
Հայաստանի հաւաքականին համար անյաջող էին բացման օրուան արդիւնքները, ուր 4 ներկայացուցիչներէն երեքը պարտուելով դուրս մնացին:
Միակ հայ ներկայացուցիչը, որ պատուոյ հարթակ բարձրանալու յոյս ունի, 60 քկ կշիռի մարզիկ Սուրէն Աղաչանեանն է, մինչ Նորայր Ախոյեան (55 քկ), աշխարհի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան (77 քկ) եւ Սամուէլ Գրիգորեան (82 քկ) դուրս մնացին կանուխ պարտութիւններ կրելէ ետք:


