Շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 2026-ին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը պաշտօնապէս մեկնարկեց «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» (Youth Engaged in Society – YES) բանավէճի ծրագիրի 2026-2027 տարեշրջանը` Պուրճ Համուտի Համայնքային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած հանրային խօսքի հմտութիւններու իրազեկման դասախօսութեամբ:
Այս տարուան առաջին հանդիպումին մասնակցեցան Լիբանանի 14 հայկական վարժարաններէ շուրջ 100 հայ աշակերտներ, որոնք համախմբուեցան` հաղորդակցութեան, հանրային խօսքի եւ բանավիճելու իրենց հմտութիւնները զարգացնելու, նոր գիտելիքներ ձեռք բերելու եւ իրենց գաղափարները ազատ ու ինքնավստահ կերպով արտայայտելու նպատակով:
«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան ողջունեց մասնակիցները` ընդգծելով հանրութեան առջեւ խօսելու հմտութիւններու կարեւորութեան` որպէս յաջողութեան հիմնական բաղադրիչ: Ան նաեւ անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի անարատ պահպանութեան համար հայ աշակերտներու գիտակցութեան ու անվերապահ աջակցութեան:
Ապա ան ներկայացուց օրուան դասախօս Լուիզա Պապոյեանը` պատի լենկուէյճի եւ հանրային խօսքի մասնագէտ եւ Սեն Ժոզէֆ համալսարանի դասախօս:
Լ. Պապոյեան անդրադարձաւ` հանրային խօսքի կարեւորութեան, արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան հիմնական սկզբունքներուն, հանրութեան առջեւ ինքնավստահ ներկայանալու միջոցներուն, ինչպէս նաեւ` սեփական միտքերը յստակ, տրամաբանական եւ համոզիչ կերպով արտայայտելու անհրաժեշտութեան:
Դասախօսութիւնը աշակերտներուն առիթ ընծայեց ծանօթանալու հանրային խօսքի հիմնական հմտութիւններուն եւ գիտակցելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է` յաղթահարել լսարանի առջեւ խօսելու վախը, զարգացնել ինքնավստահութիւնը եւ աւելի ազդեցիկ կերպով արտայայտել սեփական տեսակէտները: Այս հմտութիւնները կարեւոր հիմք կը հանդիսանան բանավէճի արուեստին տիրապետելու եւ կառուցողական քննարկումներու մասնակցելու համար:
Դասախօսութեան աւարտին մասնակից աշակերտները ստացան մասնակցութեան վկայագիրներ` առ ի գնահատութիւն իրենց ներկայութեան եւ դասախօսութեան հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութեան:
«Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» ծրագիրը կը նպատակադրէ` հայ երիտասարդներուն մէջ զարգացնել քննադատական մտածողութիւնը, վերլուծական կարողութիւնները, առաջնորդութեան եւ հաղորդակցութեան հմտութիւնները, ինչպէս նաեւ` քաջալերել անոնց գործօն մասնակցութիւնը ընկերային եւ համայնքային կեանքին:
Ծրագիրը միաժամանակ յատուկ կարեւորութիւն կու տայ արեւմտահայերէնի գործածութեան եւ զարգացման` երիտասարդները քաջալերելով, որ իրենց գաղափարները, տեսակէտներն ու փաստարկները ներկայացնեն հայերէնով, հարստացնեն իրենց բառապաշարը եւ աւելի վստահօրէն արտայայտուին մայրենի լեզուով:
2026-2027 տարեշրջանին ծրագիրը կ՛ընդգրկէ երկու տարիքային խումբեր` 7-9-րդ եւ 10-11-րդ դասարաններու աշակերտները: Տարուան ընթացքին մասնակիցները պիտի հետեւին համապատասխան պատրաստութեան դասընթացքներու, մասնակցին գործնական աշխատանքներու եւ բանավէճերու, որոնց միջոցով պիտի զարգացնեն իրենց գիտելիքներն ու հմտութիւնները: Նախատեսուած են նաեւ հրապարակային բանավէճեր, որոնք աշակերտներուն առիթ պիտի ընծայեն իրենց սորվածը գործնականօրէն կիրարկելու եւ հանրութեան ներկայացնելու:
Առաջին հանդիպումը նաեւ գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ տարբեր հայկական վարժարաններէ եկած աշակերտներուն համար` իրարու ծանօթանալու, նոր բարեկամութիւններ հաստատելու եւ համագործակցութեան ու փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մը մէջ սկսելու իրենց այս տարուան ճանապարհորդութիւնը:
Իր հիմնադրութեան 60-ամեակը նշող «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ը շարունակելով իր յանձնառութիւնը երիտասարդ սերունդի զարգացման եւ հզօրացման ուղղութեամբ, կը հաւատայ, որ նման նախաձեռնութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան գիտակից, ինքնավստահ, պատասխանատու եւ նախաձեռնող երիտասարդներու պատրաստութեան մէջ: Այս յոբելենական տարին առաւել եւս կ՛ընդգծէ հիմնարկին վեց տասնամեակներու ծառայութեան եւ համայնքային զարգացման առաքելութիւնը` շարունակելով ներդրում ունենալ նոր սերունդի կարողութիւններու բացայայտման եւ զարգացման մէջ:


