ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Հայաստանի` ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցը կրնայ քննարկուիլ 11 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին»:
«Եթէ Հայաստանի անդամակցութեան հարցը ներառուի նիստի օրակարգին վրայ, ապա այդ հարցով կրնայ որոշում տրուիլ: Առաջարկը սովորաբար կը ներկայացնէ նախագահող երկիրը կամ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններէն մէկը` պետութեան ղեկավարի մակարդակով», ըսած է Մասատիքով:
«Հայաստանը ինք արդէն փաստացի դուրս եկած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ)», յայտարարած է ան:
Անոր համաձայն, ՀԱՊԿ-ն կը շարունակէ Հայաստանին փաստաթուղթեր ուղարկել համաձայնեցման համար, սակայն Երեւան չի մասնակցիր անոնց քննարկման ու որոշումներու որդեգրման` միեւնոյն ժամանակ չառարկելով, որ միւս անդամները առանց իր մասնակցութեան որոշումներ տան:
«Անոնք չեն խոչընդոտեր մեր աշխատանքը, մենք կը շարունակենք որոշումներ տալ: Անոնք կը լսեն շաբաթական զեկուցումները, սակայն չեն մասնակցիր մեր հիմնական միջոցառումներուն: Փաստօրէն, իրենք արդէն տէ ֆաքթօ դուրս եկած են ՀԱՊԿ-էն», ըսած է Մասատիքով:


