Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ այս տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը կատարեց երէկ առաւօտեան ժամերուն եւ իր դաշտին վրայ 114-106 արդիւնքով յաղթեց Քլիվլենտ Քեվելիրզին:
Քլիվլենտ առաջին երկու մասերուն (35-18 եւ 34-27) իշխելէ ետք, սկսաւ կորսնցնել մրցումին ղեկը եւ 4-րդ մասին ետ մնաց, երբ Ֆիլատելֆիոյ մարզիկ Թայրիս Մեքսի գլխաւոր հերոսն էր 15-0 յաջորդական կէտերու նշանակումով:
Տոնավըն Միչել 32 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ իր առաջին մրցումը կը կատարէր:
Թայրիս Մեքսի 32 կէտ նշանակեց, մինչ Ժոել Էմպիտ 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի, որ առաջին կիսախաղին 11 անգամ ձախողած էր (15 փորձերէն) 3 կէտնոց կողով նշանակել, մինչ համակիրները սկսած էին դժգոհիլ իրենց խումբին վիճակէն: Լը Պրոն Ճէյմս 17 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ Ճէյլըն Պրաուն 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ֆիլատելֆիոյ, որ լաւ ձեւով սկսաւ երկու զօրաւոր մրցակիցներու դէմ. կը կարծուէր, թէ Ֆիլատելֆիան ձախող տարեշրջան մը պիտի ունենար տարեշրջանը սկսելէն առաջ:
Օրուան երկրորդ մրցումին, Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, որ 2025-ի ախոյեանն էր, իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց 96-84 արդիւնքով յաղթելէ ետք 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցին:
Ասիկա Նակեթցի առաջին ելոյթն էր այս եղանակին, որ Նիքոլա Եոքիչ տակաւին մթնոլորտին մէջ մտած չէ ըստ երեւոյթին: Ան 13 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ ձեռք ձգեց 35 վայրկեաններու ընթացքին: Արոն Կորտըն 20 կէտ աւելցուց ի նպաստ Նակեթցի: Օքլահոմայէն 21 կէտ նշանակեց Ճէյլըն Ուիլիամս, 17 կէտ` Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր, մինչ Չեթ Հոլմկրեն 12 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց 4 պլոքի կողքին:


