Վաղը «Քամփ Նու»-ի մէջ Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը` Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի «Էլ Քլասիքօ» մրցումին:
Պարսելոնա տարեշրջանի իր առաջին 9 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է եւ 6 կէտերու առաւելութիւն ունի Ռէալի վրայ (21 կէտ):
Մրցումը կրնայ շատ հետաքրքրական ըլլալ, հակառակ անոր որ երկու խումբերն ալ բացականեր ունին:
Պարսելոնայէն պիտի բացակայի Տանի Օլմօ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ մրցումին վիրաւորուած էր, կը բացակային նաեւ Ժիւլ Քունտէ եւ Էրիք Կարսիա:
Ռէալ Մատրիտէն պիտի բացակայի պրազիլցի Վինիսիուս Ժունիոր (որ 4 մրցումներով կախակայուած է), Ֆերլան Մենտի, Ռոտրիկօ եւ Ռաուլ Ասենսիօ:
Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ պարագլուխի դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթի այսօր կէսօրին (ժամը 14:30-ին) պիտի մրցի Ասթոն Վիլայի դաշտին վրայ, մինչ հետաքրքրական կրնան ըլլալ Արսենալ – Էվըրթըն մրցումը, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի տերպի մրցումը` Չելսիի եւ Թոթենհամի միջեւ:
Վաղը Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ 3-րդ դիրքը գրաւող Պրայթընը, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ իրմէ 1 կէտ նուազ ունեցող Պորնմաութը:
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի ընդհանուր դասաւորման առաջին 5 խումբերը` Լիոն, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Փարիզ Ֆ. Ք., Լիլ եւ Մոնաքօ միայն կոլերու տարբերութեամբ կը բաժնուին իրարմէ, բայց ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումներ կան վաղը Մոնաքօ – Լիլ եւ գիշերուան Փարիզ Սեն Ժերմեն – Լիոն մրցումներուն նման:
Գերմանիոյ մէջ, «Պունտըսլիկա»-ի առաջին 5 շաբաթներուն պարագլուխի դիրքը գրաւելէ ետք, Ֆրայպուրկ անցեալ շաբաթ անակնկալ պարտութիւն կրած էր (Լեւերքուզընէն) եւ նահանջած էր Գ. դիրք: Վաղը Ֆրայպուրկ ժամը 18:30-ին պիտի հիւրընկալէ Պայերն Միւնիխը: Պայերն Միւնիխի վիրաւորներու ցանկին միացաւ քոլոմպիացի Լուիս Տիազ, որ մկանը պատռած էր Արսենալի դէմ (2-2) «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին: Քիմ Մին Ճայի եւ Եոշուա Քիմիչի մասնակցութիւնը կասկածելի է: Քիմ թեթեւօրէն վիրաւորուած էր, մինչ Քիմիչի հայրը մահացած էր քանի մը օր առաջ:
Իտալիոյ մէջ, Նափոլի պիտի հիւրընկալէ Ա. Էս. Ռոման (այսօր), վաղը կէսօրին (ժամը 1:30-ին) Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ Ֆիորենթինան, Լիչէ պիտի հիւրընկալէ Եուվենթուսը, իսկ Ուտինեզէ` Ա. Սէ. Միլանը:
Այսօր գիշեր Լացիօ պիտի հիւրընկալէ Փարման:


