Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Անտարակոյս, Լիբանանը ոչ միայն կը գտնուի հիւանդկախ վիճակի մը մէջ, այլ նաեւ կը գալարուի ու կը տառապի իր սուր ցաւերով, աղէտաբեր տագնապներով ու շարունակուող ծուղակներով:

Այդ բոլորը միայն կապուած չեն արտաքին գործօններու հետ, այլ նաեւ` նոյնքան ներքին ազդակներու, որովհետեւ, երկու պարագաներուն ալ մէկը միւսին  առնչուած է, կախեալ է զիրար ամբողջացնող օղակներէ:

Այն միջնորդութիւններն ու միջամտութիւնները, որոնք կ՛արձանագրուին` իբր թէ կայունութիւն ու խաղաղութիւն բերելու կամ հաստատելու Լիբանանի տարածքին, խօսքի սահմաններէն անդին չեն անցնիր, քանի ատոնք մեծ մասամբ քաղաքական փրփուրներ են, շրթնային մարզանքներ, ջուր ծեծելու սովորամոլութեամբ:

Այս կապակցութեամբ, ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ Եւրոպան, ո՛չ ալ արաբական աշխարհը, հակառակ իրենց յաւակնութիւններուն, կրցան սանթիմեթրով մը իսկ օգնել Լիբանանին կամ նպաստել անոր տեղաշարժին եւ ելիցին, զայն ձգելով իր անտէրութեան եւ անօգնութեան դառն ճակատագիրին առջեւ:

Իսկ ներքին ճակատի վրայ ամէն ինչ կը մնայ մռայլութեան ու մթագնութեան մէջ` ի հեճուկս այն ճիգերուն ու ջանքերուն, որոնք կը նշմարուին հոս ու հոն, սակայն ատոնք եւս փխրուն ու լղրճուկ փորձեր են` նկատի ունենալով սանձարձակութեան ահաւոր տարածումին անբաղձալի հետեւանքները:

Այս ապականեալ մթնոլորտին մէջ ինչպէ՞ս կարելի է համբերութեամբ դիմանալ ցաւցնող վերիվայրումներուն կամ լաւատեսութեամբ նայիլ ապագային` քաջ գիտակցելով, որ այս բոլորը ցարդ յուսադրիչ ոչինչ տուին Լիբանանին ու լիբանանցիներուն` բացի դժոխային պայմաններ ստեղծելէ սահմաններէն ներս թէ դուրս, յարուցելով ողբերգութիւններ, բռնազբօսիկութիւններ, ճնշամիջոցներ, խուճապներ, անձկութիւններ ու ճգնաժամեր:

Իսկ այս օրհասականութիւնները, հոգեվարքութիւնները, մահաժամութիւնները ինչպէ՞ս կրնան բարենիշներ ու հեռանկարներ պարզել կամ պարգեւել Լիբանանին, երբ ներլիբանանեան առօրեան աւելի՛ ձեռնտու է, երբ ամէն քայլափոխին կան անհաղորդութիւններու, անհաճոյութիւններու եւ անմխիթարութիւններու լեռնակուտակ հիմնահարցեր, որոնք բնակչութեան կեանքը վերածած են դժոխային բռնադատութիւններու, ապրելակերպերու աննախընթաց դժուարութիւններով ու սեղմումներով:

* * *

Ա.- Արտալիբանանեան Կարգավիճակ

Լիբանան կ՛անցնի խիստ մտահոգիչ փուլերէ, եւ երբեք պատահական չէ, որ դառնայ նոր զարգացումներու թիրախ, մէկ կողմէն իսրայէլեան բիրտ ոտնձգութիւններու պատճառով, միւս կողմէն` ներքաղաքացիական ճակատներու հաւանական խլրտումներու բերումով:

Գաղտնիք չէ, որ Իսրայէլ չի վարանիր` Լիբանանը պղծելէ հողային առգրաւումներով, քանդումներով, լիբանանցիները դուրս մղելով իրենց գիւղերէն ու բնակարաններէն, տեղահանելով եւ արտաքսելով, առանց դոյզն ընկրկումի, նահանջի կամ զգաստացումի, մինչ Իսրայէլի ամբարտաւան չվարչապետը կը պնդէ, որ պիտի մնայ կառչած իր բռնագրաւեալ շրջաններուն` արգիլելով բնիկները վերադառնալու իրենց… քանդուած տուները, իսկ այս անմարդկային եւ անասնական վերաբերմունքը տակաւին ոչ մէկ կողմ կրցաւ զսպել, նոյնիսկ երբ առաջարկուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը այդ տարածքներուն վրայ իր հսկողութիւնը գործադրէ:

Առ այդ, ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ Ֆրանսան, ո՛չ ՄԱԿ-ը կրցան ցեղասպան իսրայէլացիները զգօնութեան եւ ազդարարութեան հրաւիրել, նախ` այդ պատրաստակամութիւնը ու տրամադրութիւնը չունենալով, ապա, ակնյայտօրէ՛ն, զօրավիգ կանգնելով անոնց մարդասպանական գործողութիւններուն, քանդողական նկրտումներուն, բռնատիրական ախորժակներուն:

Անդին` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամի այցելութիւնները Ուաշինկթըն, Իտալիա, Վատիկան, արաբական կարգ մը երկիրներ, զօրակցութիւն եւ օգնութիւն հայցելով, արդեօք ի՞նչ տուին, երբ ահաբեկչապետ Պենիամին Նեթանիահու ոչ ոքի կարեւորութիւն տուաւ կամ լսեց «խոշոր ականջ»-ներով շարունակելով իր միմոսութիւնները` ծաղրածուի տգեղութեամբ ու տգիտութեամբ:

Նոյնիսկ ՄԱԿ-ի վերջին Ընդհանուր ժողովին, երբ այս մարդակապիկը ամպիոն բարձրացաւ, ներկայ ժողովականներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը լքեց հանդիսասրահը` չտեսնելու անոր այլանդակութիւնն ու չլսելու անոր ձաբռտուքները:

Բայց որո՞ւ հոգը, երբ ապիկարութեան սահմանները անցած վհուկ մըն է ու տակաւին կը ժպրհի աշխարհին ներկայանալու իբրեւ… «փրկիչ» մը, մինչ Կազայի ու Լիբանանի մէջ միայն իր սպաննած երեխաներուն թիւը կը հասնի աւելի քան 6000-ի` չհաշուած միւսները:

Սակայն ամէնէն սարսափազդուն, որ բնաւ ներելի չէ, խաղաղութեան համաձայնագիրի կեղծ ու խախուտ պիտակներուն տակ ծուարիլն է, իրենք զիրենք «միջնորդ տէր պապա»-ներ հռչակածները քանդումները չդատապարտեցին, այլ քմծիծաղով, հեգնանքով կամ լռութեամբ եւ պրկուածութեամբ անցան անոնց վրայէն, իսկ ահաբեկիչ վարչապետը ատիկա յաղթանակ (՞) նկատեց եւ աւելի յամառօրէն կառչեցաւ իր ցեղասպանական թեզերուն:

Դժբախտաբար (եւ աններելիօրէն) իսրայէլեան այս խամաճիկութիւնները լիբանանեան տեղական կարգ մը շրջանակներուն կողմէ գոհունակութեամբ ընդունուեցան (եւ կ՛ընդունուին), որովհետեւ կը կարծեն (ի՜նչ ստորութիւն), թէ Իսրայէլ եթէ դաւադրական հաշուեյարդար տեսաւ լիբանանեան Դիմադրութեան հետ, ատիկա Լիբանանի (կամ իրենց) օգտին է, առանց անդրադառնալու (կամ անդրադառնալո՞վ), որ տուժողը, վերջին հաշուով, Լիբանանն ու լիբանանցիներն են:

Պարզ դիտարկում մը. իսրայէլեան բացատրութիւնները եւ արդարացումները, թէ իրենք կը հետապնդեն ընդդիմադիր ղեկավարները եւ անոնց ռազմախարիսխները, ապա հարց տուող կա՞յ (նոյնինքն այդ լիբանանցիներէն), թէ ինչո՞ւ տակաւին անմեղներ կը սպաննուին, տուներ ու գիւղեր կ՛աւերուին, հո՛ն, ուր այլեւս իրենց կարծեցեալ «ուրուական»-ները չկան, եւ արդեօք տակաւին հաւատք կայ, որ այս ձեւով, հարիւր տոկոսով, իրենց մուրազին հասած են:

Իսկ այս մօտեցումները կամ կեցուածքները միթէ կ՛օգնե՞ն լիբանանեան հարցին (դատի՞ն), թէ՞ աւելի կը կնճռոտեն, այնքան ատեն որ լիբանանցիները, կամայ թէ ակամայ, ամէն մէկը թառած է ճիւղի մը վրայ, անոնք կը հակադրուին իրարու` նոյնիսկ փորձելով ստուերել նախագահութիւնը, վարչապետութիւնը, հրամանատարութիւնը, մոռնալով, որ Լիբանան տակաւին փափուկ կացութեան մը մէջ կ՛օրօրուի, իսկ զայն շահագործելը, այս կամ այն սին ու տափակ հաշիւներով, աւելի կը վատթարացնեն իրավիճակը:

Բ.- Ներլիբանանեան Կարգավիճակ

Ի դէմս այս կարծր ու կոշտ կացութաձեւերուն, որոնք խիստ ժխտականօրէն կ՛արձագանգեն լիբանանեան ներքին կեանքին վրայ` առաւել` համաշխարհային խառնակ իրադարձութիւնները, խորապէս ազդած են (ու կ՛ազդեն) լիբանանեան ներքին հարթակներուն վրայ, տնտեսական, առեւտրական, ապրուստային, ուսումնական, սննդական, սպառողական առումներով, նաեւ` առտնին կենսական, փոխադրամիջոցներու եւ յարակից բազմաթիւ կարիքներուն, արդէն իսկ, համարեա անդամալուծելով բնական եւ էական կեանքը, բնակչութեան կէսէն աւելի մատնելով, մեղմ ըսած, թշուառութեան:

Հոս հարց կը ծագի (էն էլ ո՜նց), թէ պետական-կառավարական պատասխանատու ու պաշտօնական կառոյցներ ի՛նչ կ՛ընեն լիբանանցիներու «բեռ»-ը թեթեւցնելու եւ անոնց կարիքները հոգալու համար:

Հարցադրումը վստահաբար տեղին է ու հրամայական, որովհետեւ, մեր հայեցողութեամբ, գրեթէ ոչի՜նչ կ՛ընեն, իսկ եթէ կարծուի, թէ կը փորձեն, այդ ալ ճիշդ չէ, պարզապէս անոր համար, որ ամէն տեղ եւ ամէն մարզէ ներս կայ` պարապութիւն, ինքնակամութիւն, անհսկողութիւն, անօրինապահութիւն, շահագործութիւն, անպատասխանատուութիւն եւ այլն, մէկ խօսքով` կարօտեալները ճզմելու, անարգելու, փետրաթափելու, մերկացնելու, վարկաբեկելու, անտեսելու եւ հազարումէկ միջոցներով զանոնք անշքացնելու եւ օգտագործելու` յանուն իրենց շահերուն ու քսակներու, դրամագլուխներու ու նիւթակոյտերու ուռճացման ու հարստացման ծրագիրներուն:

Տանք կենդանի քանի մը օրինակներ.

Ա.- Ո՞վ կը հսկէ, կը հետեւի, կը կարգաւորէ հանրախանութներու վաճառքներու գիները համահաւասարեալ չափանիշներով եւ հերթական ու պաշտօնական պահեցողութեամբ:

Կար ժամանակ, երբ տնտեսական նախարարութեան մէկ տնօրինութիւնը կը ստանձնէր այդ դերը, իսկ հիմա՞, ամէն մէկը իր «մեմլէքէթ»-ը ունի եւ ամէն մէկը իր սակացոյցը, ուր` արդեօ՞ք կայ պետական հակակշիռ եւ արձանագրութիւն: Նոյնիսկ պարզ կամ թաղային նպարավաճառներուն երբ հարց կը տրուի, թէ ինչո՞ւ այս կամ այն ապրանքը, ուտեստեղէնը սուղ է, առարկութիւնը կ՛ըլլայ. «Մեծ ընկերաբաշխումները բարձր գումարներ կը պահանջեն»:

Եթէ սխալ են այս վերագրումները, այն ատեն, ո՞ւր են ի պաշտօնէ պատասխանատուները, եւ ո՞ւր են զանցառումներու պատժամիջոցները:

Տակաւին խօսի՞նք երթեւեկութիւն խանգարող ու խախտող անհնազանդներուն մասին, ատոնք ըլլան այս կամ այն ինքնաշարժներու եւ վարորդներու խելագարութեան աստիճան… զիկզակութիւններ, յատկապէս` բանուկ ու խճողուած մայրուղիներուն վրայ, ուր ամէնօրեայ զոհեր եւ արկածներ կան:

Անկեղծօրէն, պիտի չխօսիմ ու չյիշեմ 1975-էն առաջուան Լիբանանի մասին, որ գրեթէ ամէն ինչ օրինական էր, ընդունելի ու գոհացուցիչ, նոյնիսկ 17 տարուան քաղաքացիական պատերազմէն ետք շատ աւելի կարգապահութիւն ու համակերպութիւն կար, քան` այս «փառքի՜» օրերուն, երբ ամէն ինչ աքցանուած է, այլասերած եւ սղճատուած:

Անշուշտ վերոյիշեալ թւումները ՉՆՉԻ՜Ն օրինակներ են, բայց անոնք շատ են, շա՜տ, զզուեցնող, արգահատող եւ յուսահատեցնող յաճախականութեամբ եւ յաջորդականութեամբ:

* * *

Կար ժամանակ, երբ Լիբանանը կը նկատուէր ու կը կոչուէր, իրաւացիօրէն, Միջին Արեւելքի Զուիցերիան:

Թերեւս այդ պերճանքը, փառաբանանքը, պարծանքը գրգռեց ու նախանձադրեց շա՜տ շատեր, ընդ որուն` կարծեցեալ բարեկամ օտար թէ արաբ երկիրներ, մինչեւ որ ամէն տեսակի պատուհասներ անոր գլխուն փաթթեցին, իսկ ներքին հոսանքներ ալ, այս կամ այն միջոցներով, ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն, գիտակցաբար թէ ոչ, մասնակից դարձան այդ տխրահռչակ ու դաւադրական հոլովոյթներուն:

Այսօր Լիբանանը կը գտնուի լուրջ անկիւնադարձներու դիմաց, թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին ոլորտներով, կարելի պիտի ըլլա՞յ շրջանցել զանոնք դէպի խաղաղ ափեր:

Հաւատացող թէ տարակուսող կա՞յ: Պէտք է ըլլայ:

Ո՞ւր են անոնք:

 

 

 

Նախորդը

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

RelatedPosts

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.