Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 21 հոկտեմբերին հեռաձայնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:
Ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային հարցեր: Էրտողան նաեւ Ալիեւը հրաւիրած է Անգարայի մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովին:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ վերջին շրջանին ծագած տարակարծութիւններու լոյսին տակ:
Ալիեւ-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան օրը Ազրպէյճան Թուրքիոյ 31 քաղաքացիներու, ներառեալ լրագրողներու եւ քաղաքական գործիչներու, արգիլած է մուտք գործել երկիր` զանոնք մեղադրելով իշխանութեան բռնի տապալման կոչերու եւ կրօնական ատելութիւն հրահրելու մէջ:
Երկու երկիրներուն միջեւ վէճեր ծագած էին ազրպէյճանական դպրոցներու մէջ լաչակ կրելու սահմանափակումներուն եւ Ազրպէյճանի` Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն շուրջ:


