Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութիւն Եւ Երեւակայութիւն

October 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Ձեռք մը` ծանր, հողմահար, դանդաղօրէն կը թերթատէ մեծադիր, շքեղ կազմով գիրք մը: Էջերուն վրայ պատկերները սովորական լուսանկարներ չեն. բեկորներ են, հին շարժապատկերի փայլատակումներ, կարմիրի ու մուգ կապոյտի յագեցած բռնկումներ: Յանկարծ տեսադաշտը կը ճեղքուի: Պայթում  մը կը կոտրէ լռութիւնը, եւ քսաներորդ դարու մեծ պատերազմներու աւերակներ`  վաւերագրական պատկերները կը խառնուին հեռատեսիլի  վրայ սովորական դարձած ռմբակոծուած, հրկիզուած փողոցներու ժամանակակից տեսարաններուն:

Այսպէս կը սկսի Ժան-Լիւք Կոտարի վերջին` խորհրդանշական ժառանգութիւն հանդիսացող «Պատկերներու գիրքը» (Le Livre d՛Images) շարժանկարը. ոչ թէ` սովորական պատմութեամբ մը, այլ` մարդկային մշակոյթի փլատակներով:

Կոտար ամբողջ կեանքին ընթացքին հասկցած էր, որ ֆիլմը/շարժանկարը այլեւս պարզապէս արուեստի գործ մը չէ, այլ ռազմադաշտ մըն է, ուր մարդկային յիշողութիւնը կը ձեւաւորուի, կ՛աղաւաղուի եւ ի վերջոյ կը  գերեվարուի: Երբ «Պատկերներու գիրքը» կը մօտենայ իր տխուր աւարտին, ձայնագրութեան մը միջոցով կը հնչեն գերմանացի գրող Փեթըր Վայսի «Դիմադրութեան գեղագիտութիւնը» ծաւալուն  վէպէն այս տողերը.

«Նոյնիսկ եթէ ոչինչ դուրս եկաւ այնպէս, ինչպէս յուսացած էինք, այդ պիտի չփոխէր այն,  ինչ որ յուսացած էինք: Մեր յոյսերը պիտի մնան իբրեւ կենսական ութոփիա մը»:

Այս խօսքերը ի հարկէ մերօրեայ անկառավարելի քաոսին հանգուցալուծում չեն առաջարկեր: Ընդհակառակն, անոնք մեզ կը ստիպեն առերեսուելու սարսափելի հարցումի մը հետ. համակարգչային համատարած հսկողութեան, աշխարհաքաղաքական համակարգի փլուզման , անվերջանալի տագնապի եւ մետիա-պատկերային գերյագեցման այս դարաշրջանին ի՞նչ պատահեցաւ դիմադրելու մեր կարողութեան: Ո՞ւր կորսուեցաւ դիմադրելու մեր կարողութիւնը:

Եւ որպէս նոյնքան հրատապ հարցում` ո՞վ պիտի ձեւաւորէ նոր աշխարհը, երբ մարդիկ  գրեթէ կորսնցուցած են զայն նոյնիսկ երեւակայելու իրաւունքը:

Դիմադրութեան Իրաւունքը

Այսօր «դիմադրել» եզրոյթին մասին խօսիլը կրնայ ժամանակավէպ թուիլ: Ճշմարիտ դիմադրութիւնը կը պահանջէ տիրապետող համակարգէն դուրս գտնուող տարածք մը` մտածումի ապաստարան մը, ուր այլընտրանքային ապագայ մը կրնայ ծնունդ առնել: Սակայն ժամանակակից քաղաքական ու կառավարման վերահսկող կառոյցները հասած են այնպիսի մակարդակի մը, որուն մասին քսաներորդ դարու բռնատիրական վարչակարգերը միայն կրնային երազել. պատանդ առնուած  է մեր երեւակայութիւնը, տուփէն դուրս մտածելու կարելիութիւնը:

Ժամանակակից քաղաքական մեքենայութիւնները չեն բաւարարուիր պարզապէս մեր ֆիզիքական ըմբոստութիւնը ճզմելով: Այլ ջրապարզելով զայն` կը վերածեն սպառողական ապրանքի: Ընդվզման իւրաքանչիւր պատկեր ակնթարթօրէն կը վերածուի ապրանքի, իւրաքանչիւր քննադատութիւն ծրագրուած կերպով կը չէզոքացուի, եւ ամէն քաղաքական տեսլական կը տափակցուի, կը դառնայ  շուկայական զարդ: Մէկ կողմէն մեզ կը խեղդեն  պատերազմի ու աղէտի պատկերներով, բայց միեւնոյն ժամանակ կը մրճահարուինք համատարած յուսահատութեամբ մը, որ անզիջանելի կերպով կը պնդէ, որ եղածին «այլընտրանք չկայ»:

Երբ ապագայի հորիզոնները արգելափակուած են` տնտեսական անապահովութեամբ, թուային հսկողութեամբ եւ անվախճան տագնապներով, դիմադրելու մեր բուն իրաւունքը կը սկսի տկարանալ:

Մեզի արտօնուած է դժգոհիլ, համացանցի էջերով թափառիլ, անվերջ սպառել, բայց այս բոլորը կառոյցի մակարդակով մեզմէ կը խլեն  այլ աշխարհ մը պատկերացնելու գործիքները: Մենք կը մնանք թեւաթափ:

Իսկ եթէ մտածելը, ութոփիա երազելը արգիլուած է, ապա ի՞նչ կը մնայ մեզի:

Յո՞ երթաս առանց Ութոփիայի

Ահա հո՛ս է, որ ֆրանսացի ժապաւէնի տիտան Կոտարը` յենելով Փեթըր Վայսի վրայ, կ՛առաջարկէ դիմադրութեան արմատական մարտավարութիւն մը: Վայսը գերմանացի/շուէտացի  գրող, փիլիսոփայ,  փորձառական ժապաւէններու հեղինակ, իր «Դիմադրութեան էսթեթիքան» ծաւալուն  վէպին մէջ  կը պատմէ պերլինեան երիտասարդ բանուորներու մասին, որոնք կ՛ուսումնասիրեն արուեստ, առասպելաբանութիւն ու փիլիսոփայութիւն` նացիական կախաղաններուն ստուերին տակ: Անոնք մշակոյթին չեն դիմեր իբրեւ իրականութենէն փախուստի միջոցի, այլ արուեստը կ՛օգտագործեն որպէս մտաւոր զինանոց: Անոնք կը գիտակցին, որ նախքան քաղաքական կարգը տապալելը` այդ կարգը սնուցանող մտային եւ մարդկային  կառոյցները պէտք է քանդուին:

«Պատկերներու գիրքը» ժապաւէնին մէջ Կոտարի տեսողական խճանկարը կը գործէ ճիշդ այս հիման վրայ: Բռնի կերպով իրարու քով դնելով հոլիվուտեան պատրանքները (այն կեղծ համոզմունքը, թէ ամէն ինչ լաւ պիտի աւարտի) եւ ժամանակակից աշխարհաքաղաքական հակամարտութեանց  հում սարսափները` Կոտար կը խափանէ մեր մէջ սրսկուած սպառողի կերպարը:

Ան կը պնդէ, որ նոյնիսկ եթէ քաղաքական ծրագիրները փլուզուին, յեղափոխութիւնները ձախողին, եւ պատմութիւնը խախտէ իր խոստումները, աւելի լաւ աշխարհի մը ձգտելու մեր ցանկութեան որակը տակաւին կը մնայ կարեւորագոյն զէնքը:

«Անհրաժեշտ ութոփիան» կատարեալ հասարակութիւն մը պատկերող միամիտ ծրագիր չէ: Ան բարոյական եւ մտաւոր հորիզոն մըն է: Ան յամառօրէն կը  մերժէ, որ միայն  իրականութիւնը կարող է թելադրել կարելիութեան սահմանները: Նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ այնպէս դուրս չեկաւ, ինչպէս յուսացած էինք, յոյսին իսկութիւնը կը մնայ իբրեւ մարդկային անպարտելի նուաճում մը:

Եթէ հին յեղափոխական ճանապարհները այլեւս չեն գործեր, եւ համակարգը ամէն ինչ դարձուցած է առեւտուրի առարկայ, ապա որո՞նք պիտի ստեղծեն գալիք նոր աշխարհը:

Պատասխանը ո՛չ փրկիչ- առաջնորդներն են, ո՛չ ալ ուժեղ կուսակցութիւնները: Նոր աշխարհը կը ձեւաւորէ մտածող մարդը, այն մարդը, որ կը մերժէ կուրօրէն հեռուէն նայիլ խնդիրներուն, համբերատար կը փորձէ հասկնալ իրեն մատուցուող պատկերներու խառնաշփոթի կեղծ պատգամը եւ  կը համարձակի դիմադրել, չկորսնցնել արդարութեան ու ազատութեան միտքը այս շնական աշխարհին մէջ:

Նոր աշխարհ մը կերտելը կը սկսի, երբ դուն եւ ես կը վերատիրանանք մեր մտքին:

Այնքան ատեն որ դեռ մեր մէջ ուժ կը գտնենք պատմութեան աւերակներուն նայելու եւ երազելու դիմադրութեան հնարաւորութեան մասին, ապա ճամբան բաց է, նոր աշխարհը հնարաւոր է:

Ես ու դուն միասին  պիտի ձեւաւորենք Նոր Աշխարհը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ապրուած Օրեր. Ժ. Քլաշինն Ու Թմբուկի Փայտիկները

Յաջորդը

«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.