Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում Պիտի Չշղթայազերծէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը

October 22, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» հաղորդեց, որ Սպիտակ տան բանբերի տեղակալ Աննա Քելի յայտնած է. «Իրան տնտեսական ու զինուորական մակարդակներու վրայ չափազանց վատ կացութեան մէջ է»:

«Ուաշինկթընի Իրանի նաւահանգիստներու շրջափակման ու Ծոցի շրջանի քարիւղի արտածումները դիւրացնելու ջանքերը յաջողութիւն կ՛արձանագրեն», ըսած է ան:

Քելի նաեւ յայտարարած է. «Միացեալ Նահանգները միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ Իրանի վրայ որեւէ յարձակում պիտի չշղթայազերծեն»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս այդ մասին արտայայտուած էր:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլացի ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը բացառեց 27 հոկտեմբերին Քնեսեթի ընտրութիւններէն եւ 3 նոյեմբերին ամերիկեան միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ Իրանի դէմ պատերազմի վերսկսումը, հակառակ իր գնահատումին, թէ ատիկա ապագային «անխուսափելի է»:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթի աղբիւրները յայտնած են, որ Իսրայէլ պատրաստուած էր եւ 10 հոկտեմբերին Իրանը պիտի ռմբակոծէր` թիրախաւորելով անոր քաղաքային ենթակառոյցներն ու հիւլէական կառոյցները, սակայն ծրագիրը չէ գործադրուած Թրամփի` միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ հակամարտութիւնը վերսկսելու ընդդիմութեան պատճառով:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 15-րդ կայանը նշեց, որ գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, թէ Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները վերջին շաբաթներուն Իրանի դէմ միացեալ զինուորական հարուած հասցնելու եզրին էին, սակայն ամերիկեան կողմը այդ քայլը զսպած է, իսկ Իսրայէլ համապատասխանաբար զայն դադրեցուցած է:

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ մինչ Թրամփ Իրանին նոր հարուածներ հասցնելու հարցը կ՛ուսումնասիրէ, Փենթակոն Միջին Արեւելքի մէջ տեղակայած է «Թէոտոր Ռուզվելթ» օդանաւակիրը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ ողջունեց Իրանի հետ միջնորդութեան ջանքերը, սակայն ընդգծեց. «Որեւէ որոշում, թէ ի՛նչը ընդունելի է, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ձեռքն է»:

 

Նախորդը

Քրեմլին Կը Խօսի Չինաստանի Մէջ Փութինի, Շիի Եւ Թրամփի Միջեւ Ժողովի Գումարման Պատրաստութիւններու Մասին

Յաջորդը

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

RelatedPosts

Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
Մոսկուա Կը Պնդէ` Ռուսիան Է  Հայաստանի Անկախութեան Երաշխաւորը
Միջազգային

Քրեմլին Կը Խօսի Չինաստանի Մէջ Փութինի, Շիի Եւ Թրամփի Միջեւ Ժողովի Գումարման Պատրաստութիւններու Մասին

October 22, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները  Աւարտին Կը Հասցնեն Մազութի Մատակարարման  Պայմանագիրներու Ստորագրման Գործընթացը»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Աւարտին Կը Հասցնեն Մազութի Մատակարարման Պայմանագիրներու Ստորագրման Գործընթացը»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.