Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2026-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Նելլի Աղասարգիսեանի, ներկայացնելու նոր տարեշրջանի աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները եւ ստանալու հայրապետին օրհնութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց ընդհանրապէս ԼՕԽ-ի եւ յատկապէս Լիբանանի վարչութեան նուիրական գործունէութիւնը` ի մասնաւորի ընկերային ծառայութեան, դաստիարակչական եւ հայ մշակոյթի պահպանման ոլորտներուն մէջ: Ան առանձնացուց Լիբանանի շարունակուող տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ իր առաքելութիւնը աննկուն տանող այս կառոյցին կարեւորութիւնը գաղութին մէջ եւ նորանոր նուաճումներով բեղուն երթ մաղթեց նոր կազմին:


