Եթէ Իրման մեր մէջ գտնուէր, հաւանաբար ամչկոտ ժպիտով մը պիտի ըսէր. «Պէտք չկայ»:
Այսօր անոր համեստութիւնը վիրաւորած կ՛ըլլանք, եթէ իր կամքէն անկախ նման հանդիսութիւն մը կազմակերպելու գաղափարը ունենանք:
Այսպէս էր ան ամբողջ կեանքին ընթացքին: Մարդկային եւ համեստ նկարագիրով բոլորին սրտերուն մէջ տեղ գրաւած էր:
Աշակերտական տարիներէն մինչեւ իր հասուն տարիքը ան մնաց նոյն սկզբունքին տէր: Ազնիւ, խոնարհ, բարեկիրթ, ժպտադէմ եւ դրական ներուժով լեցուն:
Տարբեր փուլերու եւ տարբեր պայմաններու մէջ անոր հետ գործակցելու բախտը ունեցած եմ` անկախ ընտանեկան ջերմ կապէն: Ամէն տեղ ու բոլոր ժամանակներուն ալ Իրման միշտ մնաց նոյն ալիքին վրայ, նոյն բարձրութեամբ եւ մանաւանդ` նոյն մեծութեամբ:
Իրմային յիշատակը յարգելը ինքնին երկու իմաստ ունի: Առաջինը իր օրինակով իր նմանները ապագային տեսնելու յոյսն է, իսկ երկրորդ` անոր հոգիին անթառամութիւնը պահելու բնական եւ ինքնակոչ մղումը:
Այսօր Իրման հեռացած է մեզմէ: Սակայն վստահ եմ, որ իւրաքանչիւրս իր առօրեայ կեանքին մէջ վայրի մը մէջ, որոշ պահ մը, այս կամ այն պայմանի կամ կացութեան բերումով կը վերադառնայ դէպի Իրմային ներկայութիւնը, կը լսէ անոր իւրայատուկ ձայնը, որուն հնչեղութիւնը կը կրկնուի նորէն, եւ բոլորս յուզումով կը վերապրինք անոր հետ:
Իրմային համար հաւանաբար շատ բան ունինք ըսելիք, ընելիք եւ զգալիք: Կարեւորը Իրմային նմանները ունենանք մեր կեանքին մէջ, որպէսզի քիչ մը աւելի մարդկայնանանք, աւելի ազնուանանք եւ մանաւանդ` աւելի բարիանանք:
Իրմային ձայնը պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ, այնքան ատեն որ հայ բանաստեղծութիւնը կ՛ապրի ու կը գոյատեւէ…
Յիշատակի երեկոները հաւաքական համախմբումով յիշելու եւ յարգելու պահեր են, բնականաբար, պէտք է այսպիսով Իրմային յիշատակը անթառամ մնայ մեր կեանքին մէջ:



