Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան զինուորական գործողութիւնները հիմա դադրեցնել` երաշխաւորելով, որ Իրան հիւլէական զէնք պիտի չունենայ:
Ան վստահեցուց, թէ պատերազմը շատ շուտով պիտի աւարտի, եւ այդ ատեն քարիւղի գիները պատմութեան մէջ իրենց մեծագոյն նուազումը պիտի կրեն:
Թրամփ աւելցուց, որ քարիւղի գիները պիտի նուազին շուկային մէջ մատակարարման առատութեան պատճառով, եւ ան որ ամերիկեան բանակի ուժին մասին կասկած ունի, «թող Վենեզուելային կամ Իրանին հարցնէ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, թէ ամերիկեան ուժերը իրանեան ռատարներն ու օդային պաշտպանութեան համակարգերը քանդած են, եւ Իրան իր ղեկավարները կորսնցուցած է` աւելցնելով, որ առաջին եւ երկրորդ կարգի ղեկավարներու սպանութենէն ու երրորդ կարգի ղեկավարներու կորուստէն ետք, չի գիտեր, թէ որո՛ւ հետ կը բանակցի:
Ողջ մնացած իրանցի ղեկավարները յարձակումներու դադրեցում խնդրեցին եւ պայման դրին, որ երաշխիքներ ստանան, թէ սպաննուած ղեկավարներուն ճակատագիրին պիտի չենթարկուին:
«Իրանի վերաբերեալ կացութիւնը լաւ է», աւելցուց ան:


