Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 21, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց ամերիկացի պաշտօնատարի մը վերագրուած յայտարարութիւն մը, թէ Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Թամփա քաղաքին մէջ 20-21 հոկտեմբերին գումարուելիք Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները աշխատանքային խումբի մակարդակի վրայ են եւ պիտի կեդրոնանան եռակողմ շրջագիծի ապահովական երեսին վրայ, այդ բանակցութիւնները պիտի ըլլան աշխատանքային բնոյթի եւ միայն աշխատանքային խումբի մակարդակով:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «լիբանանցի պաշտօնատարներուն հասաւ ամերիկեան զգուշացում մը, որ եթէ Հըզպալլան Իրանին «թիկունք կանգնելու» նպատակով այս պատերազմին մէջ ներքաշուի, Իսրայէլ յարձակում պիտի գործէ Հարաւային արուարձաններուն վրայ եւ պիտի ընդլայնէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած շրջանը»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանան այցելող պատուիրակութիւններէն ստացաւ յորդորներ, որոնք կը զգուշացնեն նոր արկածախնդրութեան մէջ ներքաշուելէն` վստահեցնելով, որ իրենց հասած պատգամները կը շեշտեն, որ նոր ճակատումի սկսման պարագային, Իսրայէլ պիտի չյարգէ այն սահմանափակումները, որոնց շուրջ նախապէս համաձայնութիւն գոյացած էր»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանան այցելած եւ իւրաքանչիւրը իր առանձնայատուկ առաքելութիւնն ու նպատակները ունեցող պատուիրակութիւններու քննարկումներուն մէջ գերիշխող էին շրջանային լարուածութիւնն ու կացութեան սրման հաւանականութիւնը` բախումի տարածքի ընդլայնման եւ ատոր լիբանանեան բեմին վրայ ազդեցութեան նկատմամբ աճող մտավախութիւններու լոյսին տակ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Տահր Պայտարի պայթուցիկներու հարցը մանրակրկիտ կերպով կը քննուի, եւ ապահովական մարմինները ներկայիս կը փնտռեն ամբողջական ինքնութիւնը Հըզպալլայի այն պատասխանատուներուն, որոնց անունները յայտնուած են քննութեան մէջ` անոնց դէմ դատական հրամանագիրերու հրապարակման նախապատրաստման համար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը իսրայէլեան հրոսէջքի գործողութիւններու դէմ դնելու պատրուակով հարաւային Լիբանանի եւ Ժեզզինի կարգ մը գիւղաքաղաքներու մէջ իր համակիրներուն անհատական զէնքեր ցրուեց, սակայն այդ քայլը մտավախութիւններ ստեղծեց երեւելիներու մօտ, որոնք այն մտավախութիւնն ունին, որ ատիկա կրնայ «մայիս 7»-ի կրկնութեան ճամբայ հարթելու նախապատրաստութիւններու քողարկում ըլլալ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Դիմադրութեան համակիր զանգուածին վրայ ճնշումներու բարձրացման ու աստիճանական գրգռութեան գործողութիւններու շարունակման լոյսին տակ, գոյութիւն ունի լուրջ մտավախութիւն, որ փողոցին վրայ վերահսկողութիւնը կորսուի»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Վերջերս տեղի ունեցած դէպքերը բանակը մղեցին կեանքի կոչելու Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ իր որդեգրած քայլերը, առանց, որ այդ մէկը նշանակէ, թէ բանակը նախապէս չէր տեղակայուած, որովհետեւ գետնի վրայ ներկայ էր, ուր որ անհրաժեշտ ըլլար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Պաապտայի ժողովին կարեւորութիւնը անոր ընտրուած պահուն մէջ է` Թամփայի զինուորական բանակցութիւններու նախօրեակին, ինչպէս նաեւ Տահր Պայտարի մէջ պայթուցիկ նիւթերու յայտնաբերումէն ետք քաղաքական ու ապահովական լարուածութեան եւ մայրաքաղաքի ու Հարաւային արուարձաններուն փողոցներուն մէջ նկատուած լարուածութեան լոյսին տակ»:

. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, դիւանագիտական զեկուցումի մը մէջ կը նշուի, որ Հըզպալլայի դէմ շարժման ու կազմակերպուածութեան սահմանները թիրախաւորող աւելի խիստ քայլերով ապահովական սահմանափակումները, քաղաքական ճնշումներով սկսած, ապա ֆինանսական խեղդմամբ շարունակուած արշաւին երրորդ փուլն են:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Անցնող տարիներուն բեմէն հեռացած քաղաքական հոսանք մը կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն կազմակերպական ժողովի մը` իր աշխատանքի վերականգնման համար»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» տեղեկացած է, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրոն Պէյրութ իր վերջին այցելութեան ընթացքին իր հանդիպում ունեցած պաշտօնատարներէն մէկուն հետ խօսած է իր մտավախութեան մասին, որ նախագահ Ժոզեֆ Աունի կողմէ «Դրամատնային բարեփոխումներու մասին» օրէնքի յօդուածներէն մէկուն դէմ ներկայացուած բողոքարկումը յետաձգէ ֆինանսական եւ դրամատնային ոլորտներուն մէջ ընթացող բարեփոխումներու հոլովոյթը` միջազգային ընտանիքին մօտ յառաջացնելով անհանգստացնող տպաւորութիւն:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 34 հազար լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.739.000 լ.ո.-ի եւ 2.757.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 15000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.563.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 76 հազար ոսկիով եւ հասաւ 1.494.000 լ.ո.-ի:

Նախորդը

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Լիբանան Չի Կրնար Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ճակատումի Բեմ Մնալ»

RelatedPosts

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի  Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու  Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

October 21, 2026
Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն  Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ  Համակարգում Նշմարեցինք»
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Համակարգում Նշմարեցինք»

October 21, 2026
Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին  Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը  Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց
Լիբանանեան

Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.