Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ իսրայէլեան ընտրութիւնները ոչինչ պիտի փոխեն, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի այլընտրանքը անկէ լաւը պիտի չըլլայ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այսօր անոր օգնութիւնը կը խնդրէ, որովհետեւ այսօրուան Միացեալ Նահանգները տարիներ առաջուան Միացեալ Նահանգները չեն, իսկ ամէնուրեք ժողովրդավարութիւնը նահանջած է:
Ժոմպլաթ նշեց, որ Հըզպալլան իրաւունք չունի Տահր Պայտարի մէջ բանակի գրաւած պայթուցիկ նիւթերուն վերստանալ պահանջել, որովհետեւ անընդունելի է, որ Իսրայէլի դիմակայման համար Իրանի բեմ մնանք եւ հարաւային Լիբանանի մնացած մասը կորսնցնենք:
Ան ըսաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը եւրոպական ուժերով փոխարինելու կարելիութեան մասին խօսակցութիւնը ճիշդ չէ, որովհետեւ Իսրայէլ ֆրանսացիները կամ սպանացիները կը մերժէ` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի իրաւասութիւնները սահմանափակ էին, եւ ան դրական ու օգտակար տարր էր:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավարը հարց տուաւ, թէ Իրանը շրջանին մէջ մեզ ո՞ւր կը տանի, նաեւ ամերիկեան քաղաքականութիւնը մեզ ո՞ւր կը տանի, եւ այս պարագային միակ օգտուողը Իսրայէլն է:
Ժոմպլաթ խօսքը Հըզպալլայէն ոմանց ուղղելով յայտնեց. «Ինչո՞ւ զոհաբերել Հարաւն ու Հարաւի շիի եւ քրիստոնեայ որդիները եւ տիւրզիներէն ոմանք նետել Իսրայէլի գիրկը: Շէյխ Նայիմ Քասեմը իրաւունք չունի երկիրը կրկին ներքաշելու պատերազմներու մէջ, որոնք մեզի հետ կապ չունին, եւ կորուստները հսկայական պիտի ըլլան»:
Անդրադառնալով պատերազմի վերսկսման կարելիութեան` ան նշեց. «Աստուած տայ ես սխալիմ»:
«Այսօր շրջանին մէջ միջազգային հակամարտութիւն կայ, եւ Իսրայէլն ու Իրանը կ՛ուզեն Լիբանանը օգտագործել: Մինչեւ ե՞րբ լիբանանցի քաղաքացին գործիք պիտի մնայ: Մենք` իբրեւ լիբանանեան պատուիրակութիւն, ճնշումի որեւէ խաղաքարտ չունինք, եւ լիբանանեան բանակցային պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի ու Թրամփի գիրկը գնաց եւ Նեթանիահուին բացարձակ լիազօրութիւն տուաւ», յայտնեց Ժոմպլաթ:
«Ես չեմ աջակցիր Իսրայէլի հետ գործարքները քրէականացնող օրէնքի չեղեալ նկատուելուն: Խորհրդարանը կայ, ուր այս նիւթը կը քննարկուի: Ով որ կ՛ուզէ խաղաղութեան երթալ, թող երթայ… սակայն թող տեսնէ խաղաղութեան պայմանները… Քանդումը խաղաղութի՞ւն է: Բնակեցման վայրերը խաղաղութի՞ւն են», հարց տուաւ ան` աւելցնելով. «Ինչպէ՞ս կարելի է խաղաղութիւն հաստատել պետութեան մը հետ, որ խաղաղութիւն չ՛ուզեր: Ես Աբրահամեան համաձայնութիւններուն հետ եմ, պայմանով, որ իսրայէլացիներուն եւ արաբներուն վերաբերող ըլլայ: Վտանգուած Մեծն Լիբանանի ծրագիրին հետ եմ, եւ կարգ մը շիիներու զգացումը, թէ ճնշուած են, ճիշդ չէ, որովհետեւ շիիները Իրաք հեռացնելու կոչ ուղղող կայ»:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար նշեց. «Երկխօսութենէն փախուստ չկայ: Բոլոր պայմաններէն վեր երկխօսութեան սեղանի կոչ կ՛ուղղեմ, եւ տեսնենք, թէ Հըզպալլան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը համաձա՞յն են: Ես իմ կողմէս համաձայն եմ: Անցանք ներքին պատերազմներէ, որոնցմէ ոչ ոք կ՛օգտուի, եւ անոնք որեւէ բանի չեն յանգիր: Կրնանք երկխօսութեան ճամբով միջազգային հակամարտութեան պայմաններուն մէջ մենք մեզ պահպանել, եւ պէտք է Հըզպալլայի հետ խօսինք. նախագահ Ժոզեֆ Աունը այդ մէկը կը կատարէ, եւ ատկէ աւելին կ՛ըսեմ` Իրանի հետ խօսինք, որովհետեւ երկխօսութեան այլընտրանքը չկայ»:


