Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Համակարգում Նշմարեցինք»

October 21, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ տեսագրուած ապացոյց մը կը բացայայտէ, թէ Հըզպալլայի անդամները կը շարունակեն գործել Լիբանանի հարաւը գտնուող զինուորական կառոյցի մը մէջ, հակառակ լիբանանեան բանակի յայտարարութեան, թէ այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ քայլերը ձեռնարկած է:

Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Հըզպալլայի անդամները փորձած են լիբանանեան բանակի յայտարարութենէն մէկ ամիս ետք այդ վայրէն մարտական միջոցներ տեղափոխել: Իսրայէլեան բանակը հարուածած է այդ միջոցները տեղափոխող բեռնակառքը:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ պնդեց, թէ իր զինուորական հետախուզութեան բաժանմունքը կը հետեւէր լիբանանեան բանակէն կողմերու, որոնք Հըզպալլայի հետ անվտանգութեան քայլերու գործադրութեան գործողութիւններու վերաբերեալ համակարգում կը կատարէին, ինչ որ նպաստած է այդ գործողութիւնները կանխարգիլելու, յետաձգելու կամ խափանելու փորձերուն եւ կուսակցութեան արտօնած է նախապէս պատրաստուիլ տարածքէն մարտական միջոցներու տարհանման ու տեղափոխման:

Իսրայէլեան բանակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ լիբանանեան բանակը պատասխանատու է իրեն վերապահուած բոլոր խնդիրներու լիարժէք ու ճշգրիտ կատարումի ապահովման:

Իսրայէլեան բանակը կը շեշտէ, որ կ՛ակնկալէ, որ լիբանանեան բանակը ձեռնարկէ աւելի վճռական ու արդիւնաւէտ քայլեր` իր պարտականութիւնները կատարելու եւ Հըզպալլայի զէնքի ու զինուորական ենթակառոյցներու հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը արգիլելու:

 

Նախորդը

Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց

RelatedPosts

Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին  Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը  Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց
Լիբանանեան

Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց

October 21, 2026
Ժոմպլաթ. «Լիբանան Չի Կրնար Իրանի  Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ճակատումի Բեմ Մնալ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Լիբանան Չի Կրնար Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ճակատումի Բեմ Մնալ»

October 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.