Հայազգի մարզիկ Էլիզապեթ Աբրահամեան նուաճեց 2026-ի փինկ փոնկի Եւրոպայի ախոյեանի ոսկի մետալը:
Փինկ փոնկի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Լիուպլիանայի մէջ (Սլովենիա):
23 տարեկան մարզիկը պատմական նուաճումի հասաւ` Եւրոպայի առաջին ախոյեանը, որ աշխարհի թիւ 35 դասուած մարզիկն էր եւ թեկնածուներուն մաս չէր կազմեր:
Աւարտականին Էլիզապեթի մրցակիցը գերմանացի 20 տարեկան ներկայացուցիչ Անեթ Քաուֆմանն էր, որ իր կարգին թիւ 42 դասուած մարզիկն է աշխարհի: Աւարտական մրցումը եղաւ ծայր աստիճան հետաքրքրական եւ տեւեց 7 սեթ` 15-13, 11-5, 5-11, 9-11, 12-10, 6-11 եւ 11-6:
5-րդ սեթին, երբ Քաուֆման կը յաղթէր 10-8 արդիւնքով, Աբրահամեան երկու սեթ փոյնթ փրկեց եւ յաղթեց 12-10 արդիւնքով:
Կիսաւարտականի մրցումն ալ շատ հետաքրքրական էր, ուր Աբրահամեան պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Փրիթիքա Փավատը 4-3 արդիւնքով: Աբրահամեան 2-3 սեթերու արդիւնքով կը պարտուէր, բայց 6-րդ սեթին կրցաւ ինքզինք գտնել եւ շրջել արդիւնքը: Վերջին վճռական սեթն ալ վերջ գտաւ 13-11 արդիւնքով:
Աւարտական մրցումէն ետք, Աբրահամեան (որ Երեւան ծնած է) խոստովանեցաւ, որ հաւանաբար կատարած է իր ասպարէզի լաւագոյն ելոյթը, եւ ինչպէս ֆիզիքական, նոյնպէս ալ հոգեբանական առումով շատ դժուար էր անիկա:
Աբրահամեանի ճանապարհը դէպի պատմական ոսկի մետալ բարդացած էր նաեւ մարզական ասպարէզէն դուրս յառաջացած խնդիրներուն պատճառով: Ախոյեանութենէն առաջ ան ստիպուած էր թեթեւօրէն վիրաւոր վիճակէն արագ ձեւով ապաքինիլ, ապա աւելցած էին անձագիրի հետ կապուած դժուարութիւնները, առաւել ճամբորդական պայուսակներու անհետանալը:
Հակառակ այս խոչընդոտներուն, Աբրահամեան ոսկի մետալով աւարտեց մրցաշարքը` իր անունը գրելով Եւրոպայի փինկ փոնկի պատմութեան մէջ:
Արծաթ մետալ շահեցաւ Անեթ Քաուֆման (Գերմանիա), իսկ պրոնզէ մետալակիրներ դարձան Փրիթիքա Փավատ (Ֆրանսա) եւ Նինա Միթելհամ (Գերմանիա):


