Երեսփոխան Ժորժ Ատուան երէկ Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքին անունով ներկայացուց օրինագիծ մը` խորհրդարանի նստաշրջանը կրճատելու:
«Բոլորս գիտենք, թէ խորհրդարանը ինքն իր նստաշրջանը երկարաձգեց, եւ մենք օրին կ՛ուզէինք, որ երկարաձգման ժամանակը կարճ ըլլայ, եւ նստաշրջանը երկարաձգուեցաւ, մեր կարծիքով, երկար ժամանակով», ըսաւ ան:
«Այսօր բոլոր ցուցանիշերը ցոյց կու տան, թէ պայմանները մօտիկ ապագային պիտի չփոխուին, կարծէք պահանջուածը այն է, որ այս խորհրդարանի նստաշրջանը անորոշ ժամանակով երկարաձգուի: Ուստի, այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունինք իշխանութեան մէջ վերանորոգման եւ աւելի քան երբեք կարիքը ունինք ընտրութիւններ կատարելու, մանաւանդ այն հիմնական հարցերուն վերաբերեալ, որոնց շուրջ լիբանանցիները համակարծիք չեն», յայտնեց երեսփոխանը:
«Այսօր խորհրդարանի նստաշրջանը կրճատելու այս օրինագիծը ներկայացուցինք, որովհետեւ իշխանութեան հերթափոխութիւնը կարեւոր է, եւ աւելի կարեւորը այն է, որ կան ազգային կարեւոր հարցեր, ինչպէս` զէնքը, պետութեան որոշումի վերատիրացումն ու այս քաոսի դադրեցումը: Ուստի ընտրութիւններու կայացման ժամանակը կրճատեցինք, որպէսզի ընտրութիւններուն ընթացքին հիմնական առաջարկները ըլլան ընտրանքներուն վրայ հիմնուած, եւ թող գոյանայ մեծամասնութիւն մը` լիբանանցիները իրենց ուզածը որոշած կ՛ըլլան», ըսաւ ան:
«Լիբանանցիները պէտք է ըսեն, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն, եւ իրենց ընտրանքները ճշդեն: Ուստի ընտրութիւն կատարենք, որովհետեւ օրէնքը կայ, եւ ներքին գործոց նախարար Ահմետ Նաժժարը վերջին նիստին նշեց, որ ամբողջովին պատրաստ է ընտրութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ կատարելու: Մենք այս հարցը առաջարկեցինք իշխանութեան հերթափոխութեան համար, եւ ատիկա սահմանադրական պատճառ է, նաեւ կայ ազգային պատճառ մը, որ ներկայ տագնապէն դուրս գանք լիբանանցի ժողովուրդին որդեգրած ընտրանքներով», նշեց Ատուան:


