Քաթարի ուժանիւթի նախարար Սաատ Քաապի եւ Իրանի քարիւղի նախարարի պաշտօնակատար Համիտ Պովարտ Տոհայի մէջ ժողով գումարեցին եւ քննարկեցին ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործակցութիւնը:
Նախքան այդ, Քաթարի պաշտպանութեան նախարար շէյխ Սէուտ Պըն Ապտելռահման Պըն Հասան Պըն Ալի Ալ Թանի Իրանի վերաբերեալ ըսած էր. «Կ՛ուզենք ստեղծել յարաբերութիւններու կամուրջ, որպէսզի տնտեսական կապերը օգտագործենք որեւէ հակամարտութիւն արգիլելու համար»:
«Որովհետեւ Իրանը մեր դրացին է, պէտք է ուղիներ գտնենք ապագային որեւէ տեսակի հակամարտութիւն արգիլելու համար», նշեց ան` աւելցնելով. «Այո՛, այս է ուղին»:


