Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին մեծ անակնկալ մը արձանագրուեցաւ: Ախոյեանութեան վերջին դիրքը գրաւող Վենեցիան, որ ոչ մէկ կէտ ունէր, իր «Փիերլուիճի Փենցօ» մարզադաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով աներեւակայելի յաղթանակ արձանագրեց Նափոլիի դէմ:
Մրցումին արդիւնքը վճռուեցաւ Բ. կիսախաղի սկիզբէն, ուր նիկերիացի Աքոր Ատամս 49-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
68-րդ վայրկեանին պելճիքացի միջնապահ Քեւին Տէ Պրույնէ չկրցաւ փենալթին կոլի վերածել, երբ անոր փենալթին զսպեց Վենեցիայի բերդապահ Ֆիլիփ Սթանքովիչ (Սերպիա):
88-րդ վայրկեանին Նափոլի ոսկի առիթ մը եւս ունեցաւ առնուազն հաւասարութեան կոլը նշանակելու, սակայն պրազիլցի յառաջապահ Ալիսոն Սանթոսի հարուածը զսպեց… իր խմբակիցը: Այս ձեւով Վենեցիա ձեռք ձգեց տարեշրջանի իր առաջին կէտերը, այդ ալ` Նափոլիի դէմ մրցումին: Մրցումին թիւ 1 աստղն էր սերպ բերդապահ Սթանքովիչ, որ 9 առիթներէ պաշտպանեց իր բերդը:


