Ալպանիոյ Տուրես քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ծանրաբարձութեան մրցումները շարունակուեցան, եւ աղջկանց մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան 86 քկ կշիռի մրցումներուն Էմմա Պօղոսեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Պօղոսեան, որ մեծերու ալ Եւրոպայի ախոյեանն է, երկամարտի 249 քկ կշիռի արդիւնք ձեռք ձգեց` 1 քիլոկրամով միայն գերազանցելով վրացի մրցակից Մարիամ Մուրկվիլիանիի:
Արաշէի մրցումին, Պօղոսեան իր առաջին երկու փորձերուն բարձրացնելէ ետք 105 եւ 109 քկ, երրորդ փորձին չկրցաւ 112 քկ բարձրացնել: 109 քկ արդիւնքով ան փոքր արծաթ մետալ շահեցաւ, մինչ վրացի իր մրցակիցը յաջողած էր 112 քկ բարձրացնել:
Էփոլէ-ժըթէի մրցումին Պօղոսեան անսխալ էր եւ 130, 135 եւ 140 քկ բարձրացնելով շահեցաւ փոքր ոսկի եւ, ինչպէս նշեցինք, երկամարտի մեծ ոսկի մետալը: Վրացի իր մրցակիցը միայն 136 քկ կրցած էր բարձրացնել` ետ մնալով Պօղոսեանէն 1 քկ կշիռով եւ առաջին դիրքէն:


