Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Եթէ Իսրայէլ Նեթանիահուէն այլ անձ մը ընտրէ, անիկա սխալ ղեկավարը պիտի ըլլայ»:
«Ամբողջական ու բացարձակ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ Նեթանիահուին` Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնին վերընտրուելու անոր ընտրապայքարին մէջ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «Եթէ Նեթանիահուն չյաղթէ, պիտի ստիպուինք Իրանի դէմ առաքելութիւնը մենք կատարել, եւ ես այդ մէկը չեմ նախընտրեր»:
Նեթանիահու շնորհակալութիւն յայտնեց Թրամփին եւ նշեց. «Միասնաբար առաքելութիւնը պիտի ամբողջացնենք»:


