Հայաստանի ազգային խումբի յետսապահ Ստիոփա Մկրտչեան վերադառնալէ ետք իր վիրաւոր վիճակէն եւ լաւապէս ապաքինելէ ետք, դաշտ ներկայացաւ Նիւրեմպերկի հետ 66-րդ վայրկեանին` Էներկի Քոթպուսի դէմ մրցումին:
«Պունտըսլիկա»-ի Բ. դասակարգի 8-րդ հանգրուանին, Մկրտչեան առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայացաւ Նիւրեմպերկի հետ, երբ իր ակումբը ետ կը մնար 1-0 արդիւնքով:
Նիւրեմպերկ անընդհատ կը յարձակէր, բայց մինչեւ 79-րդ վայրկեան որեւէ կոլ չկրցաւ նշանակել:
Յոյն յետսապահ Ալեքսիս Քալոկէրոփուլոսի փոխանցումէն ետք գնդակը հասաւ Մկրտչեանին, որ արագ հարուածով մը գրաւեց Քոթպուսի բերդը:
Ասիկա Մկրտչեանի առաջին կոլն էր Նիւրեմպերկի շապիկով իր պաշտօնական 4-րդ ելոյթին (3 ելոյթ անցեալ տարեշրջանին), եւ իր ասպարէզին առաջինը 13 օգոստոս 2023-էն ի վեր, երբ տակաւին Օսիքի (Խրուաթիա) մարզիկ էր:
Այս կոլով Նիւրեմպերկ իր առաջին պարտութենէն խուսափեցաւ եւ մնաց Բ. դիրքին վրայ:
Առաջին դիրքը գրաւող Հերթա Պերլին 7 յաջորդական յաղթանակներէ ետք չկրցաւ կոլ նշանակել Հոլշթին Քիլի դաշտին վրայ (0-0): Հոլշթին Քիլ Բ. դասակարգ նոր փոխանցուած էր եւ ըստ երեւոյթին լաւ վիճակի մէջ չէ եւ շատ հաւանաբար Գ. դասակարգ պիտի փոխանցուի այս ընթացքով: Ան կը գրաւէ վերջին դիրքը 8 մրցումներէ ետք:


