Ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 2026-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան:
Թանգարանին սրահին մէջ, Թարգմանչաց տօնին առիթով, աշակերտութեան խոստումը կարդաց երկրորդականի Ժ. դասարանի աշակերտուհի Լոռի Պապոյեան:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան: Ապա թանգարանի տեսուչ Պսակ վրդ. Թէփիրճեան աշակերտներուն փոխանցեց Թարգմանչաց տօնին խորհուրդը` ընդգծելով պատմութեան, հայոց լեզուին եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պատմութիւնը մեզ կը համախմբէ. առանց պատմութեան` մենք չենք կրնար գոյատեւել: Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտէն անցած են դարեր, եւ մենք տակաւին այդ գիրերով կը ստեղծագործենք ու կը պահպանենք մեր ինքնութիւնը: Ձեր դպրոցին անունը` Եղիշէ Մանուկեան, մեր մեծ պատմիչ Եղիշէին անունն է, որ մեր առաջին հեղինակներէն եղած է:
«Քիչ ետք սրբազան հայրը ձեզի պիտի խօսի մեր ձեռագիրներու հարուստ ժառանգութեան մասին, որ այսօր մեզի հասած է Կիլիկիայէն: Ապա պիտի ծանօթանաք թանգարանի իրերուն, զորս մեր պապերը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին բազմաթիւ դժուարութիւններով փոխադրած են ապահով ափեր: Եւ այն, ինչ որ անոնք կրցած են պահպանել, մեր ինքնութիւնն է:
«Իմ փափաքս է, որ այսօր ձեր տեսածն ու սորվածը ձեր կեանքին մէջ յիշէք եւ ապրեցնէք: Հայերէնի առաջին թարգմանուած բառը «իմաստութիւն»-ն է: Ուրեմն մենք այնքան իմաստուն պէտք է ըլլանք, որ կարենանք պահել ու պահպանել մեր ինքնութիւնը, մեր ժառանգութիւնը եւ արժեւորել մեր ձեռագիր մատեանները»:
Ապա աշակերտները բարձրացան ձեռագիր մատեաններու բաժինը, ուր խօսք առաւ Շահան սրբազան եւ ընդգծեց ձեռագիր մատեաններուն անգին արժէքը հայ ժողովուրդին համար` ըսելով. «Այս ձեռագիր մատեանները աշխարհին համար հազարաւոր տոլարներ կ՛արժեն, սակայն մեզի համար գին չունին: Ձեռագիրը կը նմանի մարդու. կը ծնի մէկ անգամ եւ կը մեռնի մէկ անգամ»:
Սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն` նշելով, որ անցնող շաբաթներուն ազերիները եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն փորձած էին փաստել, որ հայերը կեղծաւոր են, եւ պնդել, թէ հայերուն պատկանող ձեռագիրները պարապ են: Սակայն, ինչպէս ան ընդգծեց, հայերը փաստած էին, որ կեղծաւորները իրենք էին: Ան յայտնեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը պիտի վերադառնայ Արցախ` հաստատելով. «Մինչեւ այն ատեն որ ձեզի պէս աշակերտներ կան, ո՛չ Հայաստանը եւ ո՛չ ալ ձեռագիրները կը կորսնցնենք եւ կը վերադարձնենք Կիլիկիան ու Արցախը»:
Ապա Շահան սրբազան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ ձեռագիր մատեաններու պատմութեան, գրութեան ոճին, պահպանման ձեւերուն եւ արժէքին մասին: Ան աշակերտներուն ներկայացուց նաեւ Կիլիկիոյ մէջ գրի առնուած «Բարձր Բերդի Աւետարան»-ը, որ կը թուագրուի 1242-1248 թուականներով: Սրբազանը աշակերտներուն արտօնեց դպչիլ Աւետարանին նմանահանութեան եւ ստանալ անոր օրհնութիւնը:
Երկրորդականի աշակերտները առիթ ունեցան նաեւ հոգեշահ զրոյց մը ունենալու Շահան սրբազան հօր եւ հայր Պսակին հետ:
Աշակերտները շրջեցան թանգարանին տարբեր բաժիններուն մէջ եւ ծանօթացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանին հարուստ ժառանգութեան:
Այցելութեան աւարտին աշակերտները համախմբուեցան մայր տաճարին մէջ, ուր հայր Պսակ ծիսական գիտելիքներ փոխանցեց անոնց եւ աղօթք մը սորվեցուց:
Այցելութիւնը աշակերտներուն համար դարձաւ հայ մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան աւելի մօտէն ծանօթանալու, անոր արժէքին գիտակցելու եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը վերարժեւորելու գեղեցիկ առիթ մը:


