Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վկայութեան Եւ Վերականգնումի Ցանցեր. Միսիոնարական Շարժումը Եւ Հայ Աւետարանական Համայնքը» Գիտաժողով Հայկազեան Համալսարանի Մէջ

October 19, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի (ՀՍՈԿ) եւ Փոցտամի Լեփսիուս կեդրոնի (ՓԼԿ) գործակցութեամբ, 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Վկայութեան եւ վերականգնումի ցանցեր. միսիոնարական շարժումը եւ Հայ աւետարանական համայնքը» վերնագրեալ գիտաժողովը:

Միօրեայ գիտաժողովին բացումը կատարեց ՀՍՈԿ-ի տնօրէն փրոֆ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ բարի գալուստի խօսքով ուրախութիւն յայտնեց, որ կեդրոնը վերսկսած է իր աշխուժ գործունէութեան: Ան մատնանշեց վերջերս Երեւանի մէջ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայաստանի մանկավարժական պետական եւ Հայկազեան համալսարաններու միատեղ կազմակերպած գիտաժողովը, որուն կու գայ յաջորդելու այս մէկը: Փրոֆ. Տագէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՓԼԿ-ի տնօրէն դոկտ. Ռոյ Նոքին իր ջանադրութեան եւ ճիգերուն համար` միասնաբար կազմակերպելու այս գիտաժողովը, եւ յոյս յայտնեց, որ գործակցութիւնը կը ծաղկի յառաջիկայ տարիներուն:

Ողջոյնի խօսքին մէջ դոկտ. Նոք գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի կացութեան պատճառով յետաձգուած այս գիտաժողովին կայացման համար, ապա նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն եւ լաւատեսութիւն` այս գործակցութեան ապագային առնչութեամբ:

Գիտաժողովին «Միսիոնարներ եւ հանդիպումներ» վերնագրուած առաջին նիստը սկսաւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի զեկուցումով` «Միսիոնարները հայոց մէջ. հանդիպումներ, հաստատութիւններ եւ ընտանեկան աւանդներ» վերնագիրով, ուր ան արխիւային, ընտանեկան լուսանկարներով եւ փաստաթուղթերով դրուագներ ներկայացուց միսիոնարներու եւ հայ աւետարանական ընտանիքներու միջեւ յառաջացած հաստատութենական յարաբերութիւններու եւ գործակցութեանց մասին:

Դոկտ. Փիթըր Մաքարի` «Առաքելութեամբ ուղեկցում` Ցեղասպանութեան ընթացքին» վերնագրեալ զեկոյցով ըրաւ պատմականը Հայոց ցեղասպանութեան շրջանին միսիոնարական շարժումի ուղեկից քայլերուն: Դոկտ. Մաքարի նշեց, որ միսիոնարական շարժումը այնուհետեւ եւս քայլ պահեց Միջին Արեւելքի մէջ այլ ցեղասպանութիւններու հետ, օգնութեան հասաւ զոհերուն, եւ բերաւ օրինակները` Կազայի ու հարաւային Լիբանանի:

Փրոֆ. Տագէսեան ըրաւ վերլուծական բաղդատականը 1839-ին Զմիւռնիա լոյս տեսնել սկսած «Շտեմարան պիտանի գիտելեաց»-ի եւ 1843-ին Վենետիկ լոյս տեսնել սկսած «Բազմավէպ»-ի առաջին տարուան բովանդակութեանց` եզրակացնելով, որ անոնք յատկանշականօրէն միակարծիք էին հայութեան յառաջդիմութեան խնդրով կրթութեան եւ դաստիարակութեան վճռական նշանակալիութեան:

«Փրկութեան առաքելութիւն եւ կարեկցութիւն` Ցեղասպանութեան ընթացքին» վերնագրուած երկրորդ նիստին «Եոհաննէս Լեփսիուս իբրեւ Ցեղասպանութեան պատմաբան» նիւթով զեկուցեց դոկտ. Նոք, որ կատարեց Լեփսիուսի հեղինակած առաջին երկու գիրքերուն կազմութեան եւ հրատարակման պատումը:

Միհրան Մինասեան «Քարէն Եփփէի որբահաւաքի աշխատանքները Հալէպի մէջ» նիւթով ներկայացուց որբահաւաքի ընդհանուր աշխատանքը Սուրիոյ զանազան վայրերուն մէջ, ապա կեդրոնացաւ Եփփէի այս ուղղութեամբ կատարած ճիգերուն եւ արձանագրած մեծ արդիւնքներուն:

Դոկտ. Հիլմար Քայզերի «Կարեկցական առաքելութիւններ` ջարդերու օրերուն. Հալէպի կարեկցական կեդրոնի ցանցը եւ Տէր Զօրի ջարդերը» վերնագիրով զեկոյցը մանրամասնեց ցանցին գործունէութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս ցանցը կը վերափոխուէր ամէն անգամ, որ ջարդարարական նոր պայմաններ կը յառաջանային զոհերուն առջեւ:

Դոկտ. Հայկ Մարտիրոսեան «Ռոհներ ընտանիքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. յանձնառութիւն` որբերու ազատումի, հոգածութեան, կրթութեան, եւ աւետարանականութեան» վերնագրեալ զեկոյցով ներկայացուց գործունէութիւնը 1899-էն արեւմտահայ իրականութեան մէջ գործող եւ Ատանայի ջարդի ու Հայոց ցեղասպանութեան ականատես Ռոհներ ընտանիքի 3 անդամներու, որոնցմէ երկուքը իրենց կեանքը կորսնցուցին հայոց օգնութեան իրենց ծառայութեան ընթացքին:

«Միսիոնարական շարժումի սկզբնական հանգրուաններ» վերնագրուած երրորդ նիստին փրոֆ. Ճոն Արմաճանի ներկայացուց «Ամերիկեան ՊՈՐՏ (ABCFM) ընկերութեան առաջին քայլերը Սուրիա-Լիբանանի մէջ եւ յարաբերութիւնը հայերուն հետ` ԺԹ. դարուն եւ այնուհետեւ» նիւթը, ըրաւ պատմականը շարժումին Միջին Արեւելք մուտքին եւ ծաւալած գործունէութեան:

Վեր. Ուիլպըրթ Վոն Սաան եւ Շուշան Ենգիբարեան ներկայացուցին Ամերիկեան ՊՈՐՏ (ABCFM) ընկերութեան Վանի կայանը` 1870-1915 շրջանին, իսկ գիտաժողովի տասերորդ զեկուցաբեր Հայկ Էտիլեան ներկայացուց Շուշիի մէջ Պազէլեան միսիոնարութեան առաջին տարիներու գործունէութիւնը:

Գիտաժողովի վերջաւորութեան առիթ եղաւ ազատ ու մանրամասն արծարծումներու, տեսակէտներու եւ մօտեցումներու խորունկ քննարկումներու, որով եւ ձեւաւորուեցաւ գիտական աւելի քան մասնակի համապատկեր մը` միսիոնարական շարժումներուն դերին, հայկական եւ հայ աւետարանական առնչութիւններուն եւ բարեշրջումներուն մասին: Աւարտին ներկաները եկան այն եզրակացութեան, որ այս առումով տակաւին կան բացեր, չլուսաբանուած դերակատարներ, հաստատութիւններ եւ հարցեր, ու խօսուեցաւ ընելիքներու մասին:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (17 Հոկտեմբեր 2026)

Յաջորդը

Ստացանք

RelatedPosts

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին «Կիլիկիա» Թանգարան

October 19, 2026
Ստացանք
Գաղութային

Ստացանք

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.