«Ազդակ»-ի 91-րդ առցանց լսարանը 5-րդ անգամն ըլլալով հիւրընկալեց Փրակայի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեանը: Լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան դասախօսութիւնը վերնագրած էր «Գանձեր Մխիթարեան երաժշտական աւանդութենէն»:
Տպաւորիչ հմտութեամբ, հանրածանօթ երաժշտագէտը «Ազդակ»-ի լսարանականներուն ներկայացուց բացառիկ տուեալներ եւ անոնց հիման վրայ կատարեց համեմատութիւններ` հրամցնելով Մխիթարեան հայրերուն կողմէ երգուած եւ պահպանուող ձայնագրութիւններ:
Իրաւամբ, փրոֆ. Իւթիւճեան պեղած ու յայտնաբերած է դասախօսութեան բնաբանով ձեւակերպումով Մխիթարեան երաժշտական աւանդութիւններուն ծալքերը: Իր աշխատանքով, ինչպէս երաժշտագէտը հաստատեց, հայ երաժշտագիտական միտքին համար կը բացուին բազմաթիւ հետազօտութիւններու ուղղութիւններ եւ թեմաներ, որոնք պէտք է մշակուին եւ հանրայնացուին:
Լսարանի մասնակիցները հաստատեցին, որ լիարժէք ըմբոշխում էր դասախօսին ներկայացուցած նիւթը, յայտնութիւններն ու իրազեկումը գանձային նշանակութիւն ունեցող երաժշտական արխիւին:
Դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=KdqwF7JnkPA


