Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի նախկին պետ, Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնի թեկնածու Կատի Այզենքոթ յայտնեց, որ Իսրայէլ կրնար «Փէյճըր»-ներու գործողութիւնը աւելի կանուխ ու աւելի լայնածաւալ կերպով գործադրել, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն խոչընդոտեց անոր գործադրութիւնը:
«Անոր վրայ ճնշում բանեցուցի գործողութիւններուն կշիռը հիւսիսային ճակատ տեղափոխելու, սակայն տատամսեցաւ եւ վախցաւ այդ քայլին դիմելու», նշեց ան:
«Տասնամեակ մը առաջ` Մոսատի մասնակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ, աշխատանք տարի մշակումին վրայ ռազմավարական հսկայական ծրագիրի մը, որ 50 անգամով կը գերազանցէ «Փէյճըր»-ներու գործողութիւնը: Առաջին հանդարտեցումի աւարտէն շուրջ մէկուկէս ամիս ետք, անոր (Նեթանիահուին, «Ա.») վրայ ճնշում բանեցուցի հիւսիսային ճակատ անցնելու, եւ կեանքի կոչելու այդ ծրագիրը, որ «Շրջանաւարտական հանդէս» անունը կը կրէր, որովհետեւ Մոսատի հետ գործակցաբար ես զայն ծրագրեցի: Սակայն տատամսեցաւ, վախցաւ այդ քայլին դիմելու, եւ չուզեց զայն գործադրել, եւ ան շատ լաւ գիտէ, թէ զինք հիւսիսային ճակատի ուղղութեամբ մղեցի: Ասիկա մօտս փաստագրուած է եւ Պենի Կանցի փաստաթուղթերուն մէջ է», ըսաւ ան:
«Անոր ըսի` հիւսիս անցնինք եւ կեանքի կոչենք «Շրջանաւարտական հանդէս» ծրագիրը` Միջին Արեւելքի մէջ անոր ունեցած ռազմավարական ազդեցութեան համար, սակայն վախցաւ զայն գործադրելու: Եւ այսօր հրապարակ դուրս կու գայ շրջանառութեան մէջ դնելու պատմութիւններ, թէ Կատին Կազայի եւ Ռաֆահի մէջ ներթափանցումին դէմ կանգնեցաւ», աւելցուց Այզենքոթ:


