Երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ «Էլ.Պի.Սի.»-ի յայտնեց. «Թիւ 2790 որոշումը որդեգրուած ատեն 5 բռնագրաւուած կէտեր կային, իսկ այսօր աւելի քան 70 գիւղեր կան, իսկ որոշումի բնագիրը կը նշէ, որ լիբանանեան բանակը պէտք է ստանձնէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու տեղակայուած կեդրոնները, որոնց բռնագրաւուած Կապոյտ գիծին վրայ թիւը 33 դիրք է, ինչ որ կը պահանջէ, որ որոշումը վերատեսութեան ենթարկուի»:
«Թիւ 2790 որոշումի վերատեսութեան ենթարկման նշաններ կան, եւ այս հարցին շուրջ բանակցութիւնները պիտի սկսին: Կառավարութիւնն ու նախագահական պալատը անսասան դիրքորոշում ունին, իսկ խորհրդարանի 86 անդամները կ՛արտայայտեն ՄԱԿ-ի ծածկոյթին նկատմամբ լիբանանցի ժողովուրդին հաւատարմութիւնը, ինչ որ կ՛արտացոլէ միասնական ներքին դիրքորոշում միջազգային օրինականութեան պահպանման հարցին մէջ», ըսաւ ան:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը «կայունութեան» ազդակ է, իսկ անոր հեռացումը` հաստատօրէն «անկայունութեան» ազդակ», շեշտեց Խալաֆ:
Երեսփոխանը նաեւ մեկնաբանելով Հըզպալլայի պայթուցիկ նիւթերու գրաւման վերաբերեալ երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուիի յայտարարութիւնը, «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Պէտք է մարդոց մտահոգութիւնը նուազեցնենք: Բոլորս պարտականութիւնը ունինք զանոնք հանգստացնելու, մասնաւորաբար մեր հռետորաբանութեան ճամբով, եւ խուսափելու այսպիսի զգայուն նիւթի մը շուրջ լարուածութիւնը բարձրացնելէ: Պէտք է զիրար պաշտպանենք, եւ ատիկա կ՛իրագործուի պետութեան ստեղծման ճամբով»:


