Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 16, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Հայտար «Ժատիտ»-ին յայտնեց. «Փոխադրածախսի հատուցման օրէնքը հրապարակուեցաւ պետական պաշտօնաթերթին մէջ, եւ պէտք է այս ամսուընէ սկսեալ գործադրուի` ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ որդեգրուած սակագինին հիմամբ»:

«Նուազագոյն աշխատավարձի յաւելման հարցը կը քննարկենք, եւ գոյութիւն ունի ուսումնասիրութիւն մը, որուն համաձայն նուազագոյն աշխատավարձը պէտք է 1200 տոլար ըլլայ, սակայն այս թիւի ֆինանսաւորումը ապահովուած չէ, ուստի յանձնախումբէն վերջնական թիւը կը սպասենք», աւելցուց նախարարը:

. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան, այս տարուան վերջաւորութեան աւարտելէն ետք, երկարաձգումին չի զօրակցիր:

Պաշտօնատարը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը 7 հակամարտութիւններէ ետք ձախողեցաւ, եւ Հըզպալլան անոր մօտ իր զինուորական ենթակառոյցները կառուցեց:

. ՄԱԿ-Ի զարգացման ծրագիրը յայտարարեց, թէ Գերմանիան 5 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ լիբանանեան բանակին աջակցութեան եւ Լիբանանի մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան ու վերականգնման ամրապնդման համար:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» տեղեկացած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի փոքր տղան` Պիլալ Էրտողանը նոյեմբերի կիսուն պիտի այցելէ Լիբանան` շարք մը հանդիպումներ ունենալու համար: «Ծանօթ է, որ Էրտողան կրտսերը տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանի քաղաքական, կրթական, մարմնակրթական եւ երիտասարդական ոլորտներուն մէջ, եւ կը թուի, թէ ունի քաղաքական ախորժակներ, որոնց բնոյթը տակաւին ծանօթ չէ», կը գրէ «Լեպանոն Ֆայլզ»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունին մտավախութիւններ, թէ գրաւուած պայթուցիկ նիւթերն ու զէնքերը կրնան նախատեսուած ըլլալ ամերիկեան շահերու թիրախաւորման համար, եւ այս մտահոգութիւնները ամերիկեան քաղաքային օդանաւերու դէպի Լիբանան թռիչքներու արգելքի վերացման յայտարարութեան լոյսին տակ լրացուցիչ զգայնութիւն կը ստանան»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Անորոշութեան ժամանակաշրջանը աւարտեցաւ, եւ ամերիկեան պահանջները այժմ յստակ են` զինաթափման շօշափելի ծրագիր, զգայուն տարածքներէն զէնքի դուրսբերում եւ Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի անդամներու ձերբակալութիւն»:

. ԱՂԲԻՒՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը հանդարտ էր եւ անոր մէջ տիրական էր դիւանագիտական բնոյթը»:

. ՅԱՅՏՆԻ դիւանագէտ մը «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէին դէմ առաջադրուած մեղադրանքներուն մասին զեկուցումը պիտի ուժեղացնէ խորհրդարանին վրայ Իսրայէլի հետ հաղորդակցութիւնները կարգաւորող օրէնքները փոխելու ներքին եւ արտաքին ճնշումը:

. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Զինուորական դատարանը, հաւանաբար, որոշում կայացնէ դեսպան Համատէի գործը ընդմիշտ փակելու»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» կը հաղորդէ, որ քաղաքական հեղինակութիւն մը կը պնդէ, թէ ներկայիս տեղի ունեցող քաղաքական-ապահովական մագլցումը հիմնականին մէջ կապ ունի արտաքին մենամարտի մը հետ, որ կապ ունի արաբական երկրի մը շրջանային երկրի մը կողմէ իրեն առաջարկուած «լիբանանեան պազարին մէջ» ներքաշուիլը մերժելուն հետ:

. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, Հըզպալլայի երեսփոխաններու պատուիրակութեան վարչապետ Նաուաֆ Սալամի այցելութիւնը, նոյնիսկ եթէ հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած բնակչութեան անհրաժեշտ օգնութեան տրամադրելու ուղիները քննարկելու համար էր, յստակ ցոյց կու տայ, թէ Հըզպալլան հանրապետութեան նախագահէն աւելի նեղացած է, քան` վարչապետէն:

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին

Յաջորդը

Խալաֆ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Ներկայութիւնը «Կայունութեան» Ազդակ Է»

RelatedPosts

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը  50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք,  Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»
Լիբանանեան

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը 50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք, Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

October 16, 2026
Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի  Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան  Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք  Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը  Դիմադրութեան Կը Պատկանի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.