Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց լիբանանեան Ազգային կուսակցութիւններու, ուժերու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Այցելութեան նպատակը վեհափառ հայրապետին պարզել էր Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի առնչուած:
Պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին Իսրայէլի` Լիբանանի հողերէն հեռացման անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, բաժնելով արտայայտուած մտահոգութիւնները, ընդգծեց Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը պահելու եւ խնդիրները երկխօսութեան ճամբով քննելու հրամայականը:


