Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արամայիս Յարութիւնեան (130 քկ) շատ հետաքրքրական յաղթանակ արձանագրեց Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Մազայիմ Մարտանովի դէմ, Լաս Վեկասի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 23 տարեկաններու ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան:
Մենամարտը վերջ գտաւ 5-5 արդիւնքով, բայց յաղթանակը շնորհուեցաւ Յարութիւնեանին, որ վերջին կէտը շահեցաւ: Մրցումի ընթացքին հայ ըմբիշը կը պարտուէր 5-0 արդիւնքով, բայց Յարութիւնեան ինքզինք գտաւ եւ տպաւորիչ վերադարձով 5 յաջորդական կէտեր շահեցաւ ու խլեց յաղթանակը:
Այս յաղթանակին շնորհիւ ան իրաւունք ստացաւ մրցելու պրոնզէ մետալի մրցումին, բայց Ղազախստանի ներկայացուցիչ Ժոխար Ուզարովէն ան պարտուեցաւ 5-1 արդիւնքով:
77 քկ կշիռի մրցումներուն ալ Սամուէլ Տէրտէրեան 1-1 արդիւնքով աւարտեց վրացի Անրի Փութքարածէի դէմ մրցումը, բայց յաղթանակը շնորհուեցաւ մրցակիցին` առաջին կէտը շահելուն պատճառով:
Նշենք, որ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան մրցաշարքի ընթացքին Հայաստանի հաւաքականը 2 արծաթ մետալներով աւարտեց իր ելոյթները. 72 քկ կշիռի ըմբիշ Գասպար Տէրտէրեան եւ 82 քկ կշիռի ըմբիշ Մարտիկ Պետրոսեան կրցած էին աւարտական հասնիլ:




