Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարատոնայի Մահուան Պատճառ Դառնալու Համար 4-էն 12 Տարուան Բանտարկութեան Պահանջ

October 15, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

45 դատական նիստերէ եւ վկաներու ու մեղադրեալներու կողմէ տրուած աւելի քան 100 վկայութիւններէ ետք, պաշտպանական եւ մեղադրող կողմերը անցած են աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Տիեկօ Մարատոնայի մահուան հարցով դատավարութեան աւարտական ճառերուն:

Մարատոնա 60 տարեկանին մահացած էր 25 նոյեմբեր 2020-ին` սրտի անակնկալ կաթուածէ մը ետք, ուղեղի վիրաբուժութենէ ետք ապաքինման ժամանակաշրջանին, իր տան մէջ:

Անցեալ ապրիլէն ի վեր բժշկական անձնակազմի անդամներ կը դատուին Սան Իզիտրոյի մէջ:

Մարատոնայի առողջական վիճակին հետեւած եւ անոր բուժում տրամադրող հիւանդապահները դատարանին առջեւ են անոր մահուան հետ կապուած գործով: Մեղադրող կողմը կը պնդէ, որ անոնք շատ անհոգ եւ անբաւարար աշխատած են: Մարատոնային չէր տրամադրուած անհրաժեշտ խնամք եւ բուժում, որ պատճառ դարձաւ անոր մահուան:

Դատախազ Փաթրիսիօ Ֆերարի յայտարարեց, որ 11 նոյեմբեր 2020-ին ուղեղի վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք, ֆութպոլիստը հիւանդանոցէն դուրս գալէ ետք վերածուած էր «լարուած ռումբ»-ի:

«Անոնք բառին բուն իմաստով ազատեցան իրմէ եւ տեղափոխեցին տուն, ուր ան մահացաւ 14 օր ետք: Մարատոնա պէտք էր գտնուէր բժշկական հսկողութեան տակ, եւ անոր տունէն կը բացակայէր նոյնիսկ շտապ օգնութեան անձնակազմը», ըսաւ դատախազը:

Լէոփոլտօ Լուքէ, որ Մարատոնայի ուղեղի վիրաբոյժն էր, 12 տարուան բանտարկութեան վճիռ կը դիմակայէ, առաւել 10 տարուան աշխատանքէ զրկում:

Նանսի Ֆորլինի, որ Մարատոնայի տան բժշկական մարմնի ընդհանուր պատասխանատուն էր, 10 տարուան բանտարկութեան վճիռ կրնայ ստանալ: Ակիւսթինա Քոսաչով հոգեբոյժ էր եւ 8 տարուան բանտարկութեան վճիռ կրնայ ստանալ, Քարլոս Տիաս իր կարգին հոգեբան էր եւ 5 տարուան բանտարկութեան վճիռ կրնայ ստանալ, մինչ հիւանդապահներ Մարիանօ Փերոնի եւ Ռիքարտօ Ալմերոն 4-ական տարի կրնան բանտարկուիլ, իսկ բժիշկ Փետրօ Տի Սփանիա անպարտ մնաց:

Կը սպասուի, որ մօտիկ ապագային դատարանը վերջնական վիճռները արձակէ:

Նախորդը

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

Յաջորդը

Տոնա Ճին Ուայլտի Նոր Մրցանիշը

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը

October 15, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

October 15, 2026
Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը
Մարզական

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.