Լիբանանի Բ. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումները վերջ գտան, եւ Աթլաս Ֆորզոլ վերստին բարձրացաւ Ա. դասակարգ` աւարտականին յաղթելէ ետք Լիտըրզ Չեմփսի` 3-1 արդիւնքով:
4-րդ ճակատումին, Աթլաս կրցաւ Հազմիէի մէջ յաղթել Լիվըրզի` 68-60 արդիւնքով: Ապպաս Շուման ընտրուեցաւ մրցումի լաւագոյն մարզիկ, մինչ Լիոնել Լահուտ դարձաւ լաւագոյն կոլ-սքորըրի տիտղոսակիրը:
Սկզբունքով Լիտըրզ պիտի մրցէր Թատամոն Հարաժելի դէմ, բայց Լիտըրզ նախընտրեց մնալ Բ. դասակարգ: Թատամոն Հարաժել պիտի կոչուի նոր անունով` «Օլթիմէյթ Փերֆորմըր»:
Աթլաս 2017-ին շահած էր 3-րդ դասակարգի տիտղոսը եւ 2018-ին բարձրացած Ա. դասակարգ: 2022-2023 տարեշրջանին, Զահլէի խումբը ինկած էր Բ. դասակարգ:
Նշենք, թէ միջազգային քանի մը մրցաշարքեր տեղի կ՛ունենան, ուր Սաժես կը հիւրընկալէ արաբական ակումբներու ախոյեանութիւնը Ղազիրի դաշտին վրայ, կազմակերպութեամբ Պասքեթպոլի արաբական ֆետերասիոնի եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Լիբանանէն կը մասնակցին Պէյրութ Ֆըրսթ, Հուփս եւ Սանթրալ, Սաժեսի կողքին:
Ախոյեան Ռիատի, որ վերջերս Ուասըլի մրցաշարքը շահած էր, այս մրցաշարքին չէր մասնակցած` նախընտրելով մեկնիլ Տուպայ մասնակցելու Շապապ Ահլի Տուպայի կազմակերպելիք միջազգային մրցաշարքին: Մրցաշարքը պիտի սկսի հինգշաբթի օր, Ռիատիի կողքին անոր պիտի մասնակցի նաեւ Լիբանանի Անթունիէ խումբը:



