Սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին մագլցումն ու այդ գծով ի գործ դրուած ջանքերը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, թէ Արաղչի իր սէուտցի պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ պատրաստ է օգնելու Սէուտական Արաբիոյ եւ հուսիներուն միջեւ բանակցութիւններու մեկնարկին:
Ան մտահոգութիւն յայտնած է շրջանին մէջ լարուածութիւններու մագլցման նկատմամբ` շեշտելով, որ շրջանի տագնապները զինուորական լուծումներ չունին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս ալ յայտարարած էր, որ Թեհրան պատրաստ է Եմէնի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բանակցութիւններու կայացման օգնելու:


