Շաբաթ, 3 հոկտեմբեր 2026-ին Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները:
Այցելութեան ընթացքին վարչութեան ներկայացուցիչները կաթողիկոսին ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի կազմակերպութեամբ 18 հոկտեմբեր 2026-ին տեղի ունենալիք Նաւասարդեան խաղերու բացման հանդիսութեան մանրամասնութիւնները եւ հրաւիրեցին վեհափառը` ներկայ գտնուելու ձեռնարկին:
Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան, յատկապէս` նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, մարզական ոգիի զարգացման եւ երիտասարդութեան համախմբման ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքին համար: Նորին սրբութիւնը թելադրեց, որ ՀՄԸՄ-ը նոր նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու մշակումով շարունակէ իր աշխուժ գործունէութիւնը` միշտ իր ծառայութեան առանցքը ունենալով հայ երիտասարդութեան համախմբումն ու ազգային արժէքներու ամրապնդումը:


