Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Հայրենի Հողն Է Հայուն

October 12, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՏԼԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

2 հոկտեմբեր 2026…

Ահա՛ Ազգային Միացեալ վարժարանի «Հայրենի հող»-ին վրայ ենք:

Ահա՛ համազգեստը ա՛յս է` միացեալականը. հայրենիքի կապոյտ երկինքը կրող, անոր կուրծքին` Հայաստանի յաւերժութեան նարնջագոյն նշանակը փայլող եւ արեան մէջ կարմիր` հայ հերոսներու ու նահատակներու արիւնը բորբոքող:

Ահա՛ հայրենիքէն դուրս ուրի՛շ հայրենիք մը, որ ունի ինքնուրոյն դրօշ, ունի դպրոցական քայլերգ ու համազգեստ, ունի խրոխտ կեցուածք ու կարգապահութիւն:

Ահա՛ հայրենիքէն հեռու հայրենիքին համար մարտնչող ուրիշ  բանակ մը, որ «թրի ու սրի» դէմ պիտի մղէ գիրքի ու գրիչի պայքար:

Ողջո՜յն հա՛յ դպրոցին:
Ողջո՜յն Ազգային Միացեալ վարժարանին:

Ու կը հնչէ հայ դպրոցի վերամուտին առաջին զանգը`անլռելի զանգակներու ղօղանջի նման, աւետելու հայ մանուկին, հայ պատանիին մուտքը հայ տունէն ներս:

Ու կը հնչէ Ազգային Միացեալ վարժարանի քայլերգը.

«Շառաւիղներն ենք մենք հայկեան քաջ ցեղի,
Աշխատասէր զաւակները Լիբանանի,
Հայ գիրի ու դպրութեան արթուն պահակներ,
Յաղթանակած հայութեան ապրող վկաներ…»:

Քայլերգ մը, որ մարտի կանչ է. քայլերգ մը, որ  երբ հնչէ, կարմիր  կը թուի անցեալը, ներկան` կապո՜յտ, իսկ ապագան` արդար քրտի՛նք, ցորենի հա՛սկ, նարնջագոյն բե՜րք անսահման:

Ու վերջապէս առաւօտեան «Հայր մեր»-ը թռիչք կ՛առնէ հոգիներէն վեր ու կը բացուին «Դռներն յուսոյ» Ազգային Միացեալ վարժարանի:

Ինչպէ՛ս չփշաքաղիլ ու չյուզուիլ` ի տես ժպտացող արցունքներուն, ողջագուրումներուն, փոխանակուող քաղցր մաղթանքներուն ու սիրալիր խօսքերուն… Կարօ՜տ բացականերու, կարօ՜տ սիրելիներու, ծանօթացում, ընտելացում նորի ու նորարարութիւններու:

Ինչպէ՛ս չխոնարհիլ առջեւը հաւատարիմ ու հաւատաւոր հայ ծնողներուն, որոնք հաւատալով հայ դպրոցի սրբազան առաքելութեան` մի’շտ պատնէշի վրայ պահեցին այս դարբնոցը:

Ինչպէ՛ս երախտապարտ չըլլալ բոլոր այն նուիրատուներուն, բարերարներու այն բանակին, որ թիկունք կանգնեցաւ այս «բանակ»-ը ամուր ու հաստատ պահելու …

Եւ ինչպէ՛ս չհաւատալ երազներու, երբ Ազգային Միացեալ վարժարանը մեծ երազի մը իրագործումն էր:

Այո՛, տասը  տարիներ առաջ Ազգային Միացեալ վարժարանը տակաւին նորածին էր, սակայն մեծցաւ  այնքա՛ն արա՜գ, ինչպէս` Սասունցի Դաւիթը: Ձեւով` հսկայական կառոյց, սակայն խորքով` ընտանիք, միութիւն, միասնակամութիւն, մէկ հող ու հայրենիք` «Փոքրիկ Հայաստան» դարձաւ:

Այո՛, դպրոցը այլոց համար կրթութեան ու գիտութեան վայր է միայն. մեզի համար ուրի՛շ բան է դպրոցը:

Մեզի համար հայ դպրոցը հայրենիքի հզօրանքն է սփիւռքի մէջ. պետականութեան փա՛ստ է ու լինելութեան գրգիռ:

Հայոց պատմութեան վերաքաղ է հայ դպրոցը, պատմութիւն է. անցեալ, ներկայ, ապագայ: Հայոց լեզուն ու հայ մշակոյթն է հայ դպրոցը: Հայու արժանապատուութիւնն ու Հայ դատն է հայ դպրոցը:

Այսօր հայ դպրոցի վերամուտը արցունք կը բերէ մեր աչքերուն ու կը գօտեպնդէ մեզ պայծառ գալիքի յոյսով:

Կորսուած փառքի ու թագաւորութիւններու, արքաներու ու արքայական շքեղութեան, վեց հարիւր տարուան գերութեան հակադրուող յո՛յսն է մեր համազգեստաւոր աշակերտութեան փաղանգը, դեռ երէկուան մեր կորուստներուն, մեր ազգային ողբերգութիւններուն պերճախօս պատասխանն է  անոնց  ամրակուռ շարքերն ու խրոխտ կեցուածքը:

Դարձեալ կը հնչէ վերամուտի զանգը:

Վաղը նոր մեկնակէտ կը պահանջէ, նոր գործ, նոր խանդ ու ոգի, նոր յաղթանակ:

Վաղը մեր դպրոցը կը ծաղկի, կը գունաւորուի, կը գեղեցկանայ մանկամսուրի ու մանկապարտէզի մատղաշ հոգիներով ու վառ ժպիտներով:

Վաղը Ազգային Միացեալ վարժարանի դրօշին տակ համախմբուած աշակերտութեան շարքերը շուտով կ՛ուռճանան, կը կոփուին մարմինները, կը կռանուին հոգիներն ու կամքերը` մի՛շտ հայ ոգիով:

Վաղը ազգային նորափթիթ հայ դպրոցի տասնամեակն է. վաղը եւ գալիք բոլոր օրերը մենք կը տօնենք Ազգային Միացեալ վարժարանի տասնամեայ ազնիւ ու հաւատարիմ աշխատանքի, տասնամեայ  անսակարկ  նուիրումի, տասնամեայ հայեցի դաստիարակութեան եւ հպարտ վաստակի տասներորդ տարեշրջանը:

Գալիք տասը անգամ տասը տարիներուն ալ, օտարութեան մաշեցումին դէմ, դո՛ւն հայրենի հող հայ աշակերտին, սիրելի՛ Միացեալ:

Գալիք տասնամեակիդ ու տասնամեակներուդ ի խնդիր`
Յառա՜ջ Ազգային Միացեալ վարժարան`
«Դուն լոյսի աղբիւր, հայ մտքի կրթարան…»:

 

Նախորդը

Փաշինեանի Պայքարը Հայոց Կաթողիկոսին Դէմ

Յաջորդը

Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ

RelatedPosts

«Լուսատենչ»-ը`  Դպրեվանեան Ոգիի Լուստենչ Արձագանգը
Անդրադարձ

«Լուսատենչ»-ը` Դպրեվանեան Ոգիի Լուստենչ Արձագանգը

October 12, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Փաշինեանի Պայքարը Հայոց Կաթողիկոսին Դէմ

October 12, 2026
Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.