Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտ Մը` Լեզուի, Յիշողութեան Եւ Ապագայի Համար

October 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
«Արամ Ա.  Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի տեսուչ

Յառաջիկայ երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2026-ին «Արամ Ա. կաթողիկոս հայագիտական հիմնարկ»-ը անգամ մը եւս պիտի բանայ իր դռները` դիմաւորելու 2026-2027 կրթական տարեշրջանը: Վերամուտ մը, որ սովորական ուսումնական սկիզբէ մը անդին` կը խորհրդանշէ հայագիտական կրթութեան շարունակականութիւնը, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնառութիւնը եւ նոր սերունդներու ազգային գիտակցութեան ամրապնդման առաքելութիւնը:

Հիմնարկը այս տարի կը բոլորէ իր տասնչորրորդ վերամուտը: Նախապէս «Հայագիտական կեդրոն» անունով ծանօթ այս կրթական օճախը վերջին երեք տարիներուն իր գործունէութիւնը կը շարունակէ «Խորէն Ա. կեդրոն»-ին մէջ` կրթական յստակ ծրագիրով` Ա. Բ. եւ Գ. դասարաններու բաժանումով եւ մասնագէտ ուսուցչական կազմի հոգածու առաջնորդութեամբ:

Մեր օրերուն հայագիտութիւնը առաւել եւս կենսական նշանակութիւն ստացած է: Սփիւռքեան իրականութիւնը կը դիմագրաւէ լեզուական նահանջի, մշակութային հեռացման, ինքնութեան տկարացման եւ նոր սերունդները ազգային ժառանգութեան հետ հաղորդ պահելու բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Այս պայմաններուն մէջ հայագիտական կրթութեան իւրաքանչիւր հաստատութիւն կը դառնայ ինքնութեան ամրոց եւ ապագայի նկատմամբ պատասխանատու ներդրում:

Այս առումով, «Արամ Ա. կաթողիկոս հայագիտական հիմնարկ»-ը տարիներու ընթացքին աստիճանաբար վերածուած է արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ հայագիտական գիտելիքներու տարածման կարեւոր կեդրոնի մը: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հետեւողական հոգածութիւնն ու տեսլականը հիմնարկին տուած են այնպիսի ուղղութիւն մը, ուր լեզուն, պատմութիւնը, գրականութիւնը, եկեղեցական ու ազգային ժառանգութիւնը կը փոխանցուին նոր ժամանակներու պահանջներուն համապատասխան` պահպանելով իրենց խորքն ու ինքնութիւնը:

Հիմնարկին կրթական ընթացքի կայունութեան եւ կազմակերպուած յառաջընթացին  մէջ իր կարեւոր բաժինը ունի նաեւ կրթական յանձնախումբը, որ հոգատարութեամբ կը հետեւի դասաւանդութեանց ընթացքին, կրթական ծրագիրներու գործադրութեան եւ ուսումնական միջավայրի բարելաւման: Անոր նուիրեալ աշխատանքը կը նպաստէ, որ հիմնարկի առաքելութիւնը շարունակուի լրջութեամբ եւ կրթական բարձր չափանիշներով:

Հիմնարկին ուժը նաեւ իր աշխարհագրական սահմանները գերազանցող ներկայութեան մէջ է:  Դասընթացքներուն կը հետեւին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Քուէյթէն, Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն եւ Քանատայէն ուսանողներ: Լիբանանէն դուրս բնակող ուսանողները կրթական ծրագիրին կը մասնակցին առցանց: Այս իրողութիւնը հայագիտական ուսուցումը կը վերածէ համասփիւռքեան հաղորդակցութեան եւ գործակցութեան կամուրջի մը` տարբեր երկիրներու մէջ ապրող երիտասարդներ ու հայագիտութեամբ հետաքրքրուած անձեր համախմբելով կրթական նոյն յարկին շուրջ:

Յատկանշական է նաեւ, որ հիմնարկին վկայականը լայն ընդունելութիւն գտած է սփիւռքահայ ազգային, կրթական, մշակութային եւ մարզական շրջանակներու մէջ: Այդ վստահութիւնը տարիներու հետեւողական աշխատանքի, կրթական լրջութեան եւ մասնագիտական մօտեցումի բնական արդիւնքն է:

2026-2027 տարեշրջանը պիտի ունենայ նաեւ նոր շեշտադրում մը: Հիմնարկը նախատեսած է խտացուած դասընթացքներու շարք մը` տարբեր բնագաւառներու մէջ, նպատակ ունենալով հայագիտական դասական նիւթերուն կողքին անդրադառնալ նաեւ ժամանակակից գիտական, մտաւոր եւ ընկերային հարցերու: Այս նախաձեռնութիւնը պիտի հարստացնէ կրթական ծրագիրը եւ նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ` արձագանգելու ժամանակի հետաքրքրութիւններուն ու նոր սերունդներու մտաւոր պահանջներուն:

Այսպէս, 12 հոկտեմբերի վերամուտը կը դիմաւորուի` նոր եռանդով, բարձր տրամադրութեամբ եւ յստակ գիտակցութեամբ: Իւրաքանչիւր նոր ուսանող, որ կը մտնէ հիմնարկ, իրեն հետ կը բերէ ոչ միայն սորվելու փափաք մը, այլ նաեւ` շարունակութեան կարելիութիւն մը: Իւրաքանչիւր դասապահ, իւրաքանչիւր արտասանուած հայերէն բառ եւ իւրաքանչիւր փոխանցուած պատմական գիտելիք փոքր, բայց էական քայլ մը կը դառնայ մեր լեզուին, մշակոյթին եւ ազգային յիշողութեան պահպանութեան ճանապարհին:

Հայագիտութիւնը այսօր անցեալը ուսումնասիրելու սահմաններէն շատ անդին հասնող առաքելութիւն ունի իր մէջ. ան մեր ինքնութիւնը հասկնալու, զայն արժեւորելու եւ վստահութեամբ ապագային փոխանցելու միջոց է: Եւ այնքան ժամանակ, որ նման օճախներ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը, արեւմտահայերէնի ձայնը պիտի շարունակէ հնչել, հայագիտական միտքը պիտի շարունակէ սնանիլ, իսկ նոր սերունդներ պիտի շարունակեն իրենց ազգային ժառանգութեան հետ կենդանի կապ պահել:

Բարի՛ վերամուտ` «Արամ Ա. կաթողիկոս հայագիտական հիմնարկ»-ի ուսուցչական կազմին, ուսանողութեան, կրթական յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրումով ու աշխատանքով կը նպաստեն հիմնարկի կրթական ու ազգային առաքելութեան շարունակութեան: Յատուկ երախտագիտութիւն` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որուն հետեւողական հոգածութեամբ եւ տեսլականով հիմնարկը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը հայագիտութեան եւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան ու զարգացման ի խնդիր:

Աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի 2026-2027 կրթական տարեշրջանը ըլլայ բեղուն աշխատանքի, նոր իրագործումներու եւ հայագիտութեան հանդէպ վերանորոգ հաւատքի տարի:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

Յաջորդը

Թարգմանչաց Տօնը Եւ Մեսրոպեան Լոյսի Պատգամը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.