Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Իբրեւ ցամաքի ամէնէն բարձր հասակ ունեցող անասունները` ընձուղտները ճանչցուած են ծառերուն գագաթներուն հասնելու իրենց կարողութեամբ: Իսկ հիմա մասնագէտները նշմարած են, թէ անոնց խելքը կրնայ հեռուն հասնիլ: Անոնք անդրադարձած են, որ այս խելացի անասունները կրնան պարզ հաշիւներ ընել:
* * *
Իրենց ուսումնասիրութիւններուն համար մասնագէտները աշխատած են Պարսելոնայի կենդանաբանական պարտէզէն 4 ընձուղտներու հետ: Այս ընձուղտները արդէն զարմանալի արդիւնքներ արձանագրած էին 2023-ին կատարուած ուսումնասիրութեան մը ընթացքին: Փորձի մը ընթացքին ընձուղտները պէտք էր անդադար ընտրէին տարբեր քանակով ստեպղինով եւ դդումով լեցուած երկու անօթներու միջեւ: Ամէն անգամ անոնք ընտրած էին աւելի շատ ստեպղին պարունակող անօթը:
Եւ որովհետեւ ընձուղտները, ըստ երեւոյթին, ստեպղինը կը նախընտրէիին, մասնագէտները որոշած են դարձեալ ստեպղին գործածել իրենց ուսումնասիրութեան համար: Անոնք սեղանի մը վրայ դրին, ընձուղտներու տեսողութեան մակարդակին վրայ, մէկ կանաչ անօթ եւ երկու դեղին անօթ: Այս ձեւով ընձուղտները պիտի տեսնէին, թէ որքա՛ն ստեպղին կայ երկու դեղին անօթնեուն մէջ: Ապա անոնք դիտեցին, թէ ինչպէ՛ս մասնագէտները կանաչ անօթէն ստեպղիններ աւելցուցին դեղին անօթներէն մէկուն մէջ: Հասկնալու համար պէտք էր որ ընձուղտը յիշէր, թէ որքա՛ն ստեպղին կար իւրաքանչիւր անօթի մէջ, եւ ընտրէր ամէն շատ ստեպղին պարունակողը:
Փորձին մասնակցող 4 ընձուղտներէն երկուքը` Նուրու եւ Ճանօ, ընտրեցին ամէն անգամ աջ կողմի դեղին անօթը: Միւս երկու ընձուղտները փորձեցին կարճ ճամբայ մը բռնել: Երբեմն անոնք ընտրեցին այն անօթը, որուն վերջին անգամ դպած էր գիտնականը:
Ուրիշ անգամ անոնք սկիզբէն ընտրեցին այն անօթը, որ ամէնէն շատ ստեպղին կը պարունակէր: Մասնագէտները կը մտածեն, թէ ընձուղտները, մարդոց նման, տարբեր ձեւեր ունին խնդիրները լուծելու:
Ընդամէնը ընձուղտները լաւ արդիւնքներ արձանագրեցին փորձի ընթացքին: Սակայն բոլոր անասուններն ալ դժուարութիւն ունեցան ճիշդ անօթը ընտրելու, երբ մասնագէտները ստեպղիններ հանեցին կամ բազմաթիւ անգամ ստեպղիններ փոխադրեցին մէկ անօթէն միւսը: Ասիկա ենթադրել կու տայ, թէ անոնք աւելի դժուարութիւն ունին քանակները արձանագրելու, երբ քանակները քանի մը անգամ փոխադրուին: Սակայն, հակառակ ասոր, ասիկա կը փաստէ, որ ընձուղտները կրնան փոքրիկ հաշիւներ միտքերնին պահել:
* * *
Մասնագէտները իրենց արդիւնքները տպեցին «Սայինթիֆիք Ռիփորթց» թերթին մէջ յունիս 2026-ին: Անոնք կը հաւատան, որ այս թուաբանական հիմնական հաշիւներ կատարելու կարողութիւնը կրնայ ընձուղտներուն օգնել վայրի բնութեան իրենց կեանքին մէջ: Օրինակի համար, ան կրնայ անոնց օգնել` ընտրելու ուտելիքի ամէնէն լաւ աղբիւրը, կամ` խումբին մէջի միւս ընձուղտներուն ներկայութեան անդրադառնալու: Անշուշտ տակաւին ուրիշ ուսումնասիրութիւններ պէտք է կատարուին հասկնալու համար, թէ ընձուղտները ինչպէ՞ս կ՛ըմբռնեն թիւերը:
Այս ուսումնասիրութիւնը յատկապէս նաեւ կը փաստէ, որ մարդ արարածը միակ խելացի կենդանի էակը չէ: Գիտնականները գտած են, որ շեմփանզէները, դլփինները եւ կարգ մը թռչուններ կրնան զանազանել տարբեր քանակներու միջեւ:
Նոր Տեսակի Վայրի Կատու Մը`
Հարաւային Ամերիկայի Մէջ
Լէոփարտուս Թիլքայօ վայրի կատուն գտնուած է Պոլիվիոյ մէջ: Ան նախ հիւրը եղաւ ընտանիքի մը, որ զայն ընդունած էր իբրեւ պարզ ընտելացած կատու մը: Սակայն երբ ընտանիքին անդամները կը նկատեն կատուին տարօրինակ վերաբերումը, անոնք զայն մասնագէտի մը կը տանին:
Գիտնականները կը քննեն կատուին ծիները` մտածելով, որ ան կրնայ վագր-կատու մը ըլլալ: Անոնք քննութիւններ կը կատարեն նաեւ ուրիշ վագր-կատուներու վրայ: Իբրեւ արդիւնք` անոնք կը նշմարեն, որ վագր-կատուներու 1 տեսակ գոյութիւն չունի, այլ` 5 տեսակ: Եւ այդ վագր-կատուներու տեսակներէն մէկն է Լէոփարտուս Թիլքայոն, իւրայատուկ գիծերը` տակաւին անծանօթ են մասնագէտներուն:
Ամերիկայի Կատուազգիները
Այս կատուազգիներուն տեսակները կ՛ապրին միայն Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներուն մէջ:
- Փուման, որ կը կոչուի նաեւ Քուկար:
Անոր երկարութինը կը հասնի մինչեւ 1 մեթր եւ 50 սմ, (պոչէն անկախ) եւ ան կրնայ կշռել մինչեւ 120 քիլօ:
- Քանատայի Լենքսը ունի մինչեւ 1 մեթր երկարութիւն եւ կրնայ կշռել մինչեւ 17 քիլօ:

- Ճակուարոնտին, որ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ ջրաղուէս-կատու: Երկարութիւն` մինչեւ 80 սմ, ծանրութիւն` մինչեւ 9 քիլօ: Ան կ՛ապրի Հիւսիսային Ամերիկայի հարաւը:
Շիկահեր Լենքսի երկարութիւնը կը հասնի մինչեւ 1 մեթրի, իսկ ծանրութիւնը` մինչեւ 15 քիլօ: Ան կ՛ապրի Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ:

- Օսըլոն կ՛ապրի Ամազոնի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, ունի մինչեւ 1 մեթր երկարութիւն եւ կը կշռէ մինչեւ 16 քիլօ:

- Վագր-կատուները ունին մինչեւ 85 սմ երկարութիւն եւ կը կշռեն մինչեւ 3 քիլօ: Անոնք ալ կ՛ապրին արեւադարձային անտառներուն մէջ:

- Ժակուարը, որ դարձեալ կ՛ապրի արեւադարձային անտառներուն մէջ, ունի մինչեւ 1 մեթր եւ 90 սմ երկարութիւն եւ կրնայ կշռել մինչեւ 140 քիլօ:

- Քոլոքոլոն ճանչուած է նաեւ իբրեւ փամփայ դաշտերու կատուն: Անոր երկարութիւնը կը հասնի մինչեւ 70 սմ-ի, իսկ ծանրութիւնը` մինչեւ 7 քիլոյի:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:


