Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հայ Երեք Համայնքապետներու Հանդիպում
29 սեպտեմբերին Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հիւրընկալութեամբ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան եւ համայնքապետը հանդիպում ունեցան Հայ աւետարանական համայնքապետարանին մէջ:
Համագործակցութեան ոգիով համայնքապետները արծարծեցին ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան հարցեր եւ անդրադարձան յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Միացեալ Նահանգներ
Սահակեան Արցախի Գերիները Ազատ Արձակելու Պայքարը Ծանօթացուց Լոս Անճելըսի Հայութեան
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան Լոս Անճելըս այցելեց` Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու եւ Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդի իրաւական ու քաղաքական պայքարին ծիրէն ներս:
Սահակեան, որ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայ իրաւաբանական կեդրոնի գործադիր վարիչն է, Արեւմուտք այցելեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ Քոնկրեսի շէնքին մէջ Արցախի իրաւանց նուիրուած ձեռնարկին մասնակցելէն ետք: Ան այդ ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր:
22 սեպտեմբերին Պըրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Սահակեանի հետ:
Օրուան հանդիսավար Էնի Պետեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Լեւոն Պարոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սահակեանին` Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալներու, ներառեալ Արցախի քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան պաշտպանութեան ի նպաստ իր տարած աշխատանքին համար: Ան շեշտեց, որ Արցախը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ, աւելցնելով, որ այդ հաստատումը չի կրնար պարզ կարգախօս մնալ, այլ` պարտաւորութիւն է աշխատելու բանտարկեալներու ազատութեան համար, պաշտպանելու արցախահայութեան իրաւունքները: Պարոնեան նշեց, որ սփիւռքի հաստատութիւնները գոյութիւն ունին հայ ժողովուրդին ծառայելու համար, շեշտելով, որ այս պարտականութիւնը աւելի ծանրացած է, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը Արցախի հարցը փակուած կը նկատէ: Ան անդրադարձաւ նաեւ ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն` արցախցի ընտանիքներուն ի նպաստ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի համադրութեամբ վարժարաններու այցելութիւններու, պատանդներու իրաւական պաշտպանութեան ի նպաստ` 27 սեպտեմբերի հանգանակային ծրագիրին եւ ՀԵԴ-ի առաջնորդութեամբ 8 նոյեմբերին Կլենտէյլի մէջ նախատեսուած ցոյցին մասին, որուն նպատակն է յիշեցնել, թէ Արցախի հարցը փակուած չէ:
Ապա Սիրանուշ Սահակեան ներկայացուց մանրամասն տեղեկութիւններ միջազգային եւ շրջանային իրաւական այն ուղիներուն մասին, որոնք կը հետապնդուին ի նպաստ պատանդներու ազատ արձակման եւ անդրադարձաւ հայ բանտարկեալներու դիմագրաւած պայմաններուն, եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան շարունակական իրաւական պայքարին: Հաւաքին յաջորդեց հարցում-պատասխանի բաժին:
Ծրագիրը փակուեցաւ Արցախի թեմի բազմամեայ նախկին առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութեան խօսքով:
– Նոյն օրը Սահակեան հանդիպում ունեցաւ քոնկրեսական Լորա Ֆրիտմընի հետ` ընկերակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Լարա Երէցեանի, գործադիր վարիչ Ռուբէն Կարապետեանի եւ համայնքային գործիչ Անդրանիկ Աբոյեանի: Պատուիրակութիւնը շեշտեց` Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու հարցին հրատապութիւնը, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքները եւ ամերիկեան միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը:
Սահակեան նաեւ հանդիպեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեանի հետ, ապա խօսք առաւ Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդին առջեւ` պատանդներու տագնապալի վիճակին մասին: Սահակեան ներկայացուց Եւրոպական դատարանին մօտ ընթացող իրաւական աշխատանքները: Քասախեան ողջունեց Սահակեանը եւ խոր մտահոգութիւնը յայտնեց ազրպէյճանական բանտերու մէջ պահուող հայերուն համար եւ վերահաստատեց Կլենտէյլի աջակցութիւնը` զանոնք ազատ արձակման եւ արցախահայերու իրենց հայրենիքը վերադարձնելու ջանքերուն: Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էլէն Ասատրեան նոյնպէս հաստատեց քաղաքին աջակցութիւնը` Հայ իրաւաբանական կեդրոնի ճիգերուն: 21 սեպտեմբերին Սահակեան այցելեց Հայ-ամերիկեան թանգարան, ուր դիմաւորուեցաւ Գործադիր խորհուրդի ատենապետ Պերճ Կարապետեանի կողմէ եւ զրուցեց Արցախի պատմութեան եւ անոր ժողովուրդի փորձառութիւններուն մասին: Սահակեանին կ՛ընկերակցէին Հայ իրաւաբանական կեդրոնի վարչութեան անդամ իրաւաբաններ` Սթիւ Տէտէեան եւ Արմէն Յովհաննէսեան, որ նաեւ կը ծառայէ թանգարանի Հոգաբարձուներու խորհուրդին, իբրեւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան ներկայացուցիչ:
23 սեպտեմբերին Սահակեան այցելեց Վահան եւ Անուշ Շամլեան ազգային վարժարան, ուր հանդիպեցաւ աշակերտներուն հետ` Կեդրոնական կոմիտէին համադրած դպրոցական ծրագրին ծիրէն ներս, որուն նպատակն է Արցախը վառ պահել գալիք սերունդի գիտակցութեան մէջ: Ան այցելեց նաեւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարան, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան ազգային վարժարան եւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան:
25 սեպտեմբերին Սիրանուշ Սահակեան այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հետ: Ծանօթացման բնոյթ կրող այս հանդիպման սրբազան հայրը ուրախութիւն յայտնեց այն մասին, որ իբրեւ հայուհի` Սահակեան ստանձնած է նման բարձրաստիճան դատաիրաւական պաշտօն եւ լուրջ աշխատանք կը տանի Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած հայ քաղաքական գործիչներու ազատագրման, կորուսեալ Արցախի եւ արցախցիներու իրաւական հարցերու լուծման գծով: Այս առիթով Սահակեան լայնօրէն բացատրեց իր աշխատանքային ոլորտն ու քաղաքական, իրաւական եւ մարդկային գործընթացները, այլ նաեւ ցարդ կատարուածն ու ձեռքբերուածը` ընդգծելով, որ դատաիրաւական առումով տակաւին շատ ընելիք ունի հայկական կողմը, եւ թէ` բոլոր հանգրուաններուն յոյժ կարեւոր է համայն հայութեան աջակցութիւնը հայկական բնօրրան Արցախի վերատիրացման եւ արցախցիներու իրաւունքներու վերահաստատման համար:
27 սեպտեմբերին Սիրանուշ Սահակեան` որպէս գլխաւոր հիւր, ներկայ գտնուեցաւ Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած «Զիրենք տուն բերէք» խորագրուած հանգանակային ձեռնարկին` ի նպաստ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ պատանդներու իրաւական պաշտպանութեան ֆոնտին:
Մահուան 10-րդ Տարելիցին Համայնքը Մեծարեց Վարուժան Գունտաքճեանի Վաստակը
Վարուժան Գունտաքճեանի մահուան 10-րդ տարելիցին առիթով վերջերս Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն յաջորդեց ընդունելութիւն` եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ Երիտասարդաց կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկը հանգանակեց 30 հազար ամերիկեան տոլար` սատարելու համար ծրագիրները այն կազմակերպութիւններուն, որոնք Վարուժանը շատ կը սիրէր: Այս նախաձեռնութիւններուն շարքին են` Հոլիվուտի Հայ երիտասարդաց կեդրոնին մէջ Հայ Երիտասարդաց դաշնակցութեան գրասենեակի անուանակոչումը եւ Համազգայինի նոր շէնքի ընդլայնման աջակցութիւնը: Ի պատիւ Վարուժան Գունտաքճեանի նոր անուանակոչուած ՀԵԴ-ի գրասենեակի ժապաւէնի հատումէն ետք, Գունտաքճեանի երկարամեայ բարեկամ եւ գործընկեր Րաֆֆի Ուրֆալեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ցուցադրուեցաւ Վարուժանի որդիին` Սեւակի պատրաստած տեսրիզը, որ լուսանկարներու, տեսանիւթերու եւ հարցազրոյցներու հաւաքածոյ մըն էր, որ կը նկարագրէր Վարուժան Գունտաքճեանի կեանքը:
Այնուհետեւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Ճան Թիթիզեան, Հուրի Ապաճեան, Մուրատ Շահինեան, Աւետիք Իզմիրլեան, Վահան Կարպուշեան, Արամ Ասլանեան, Ժան Գոսաքեան, Սարգիս Կիտցինեան, Արմինէ Գունտաքճեան եւ Քարլոս Պոզօղլեան պատմեցին իրենց անձնական յուշերը` մեծարելով Վարուժանի կատակասիրութիւնը, բարութիւնը եւ անոր ձգած մնայուն ազդեցութիւնը, ընդգծելով անոր սրամտութիւնը, մտածելակերպի իւրայատկութիւնը, ազդու մօտեցումն ու հարցեր լուծելու արտակարգ կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` առատաձեռն բնաւորութիւնն ու բարի սիրտը:
Իրան
Թեհրանի Մեթրոյին Մէջ` 1980-1988 Պատերազմին Զոհուած Հայ Զինուորներու Դիմանկարներու Ցուցադրութիւն
Վերջերս Թեհրանի «Մարիամ-է Մողատտաս» (Օրհնեալ Կոյս Մարիամ) մեթրոյի կայարանին մէջ տեղի ունեցաւ 1980-1988 Իրան-Իրաք պատերազմին զոհուած հայ զինուորներու դիմանկարներու ցուցահանդէս:
Իրանի մէջ աւանդութիւն դարձած է ամէն տարի այցելելու Իրան-Իրաք պատերազմին զոհուած քրիստոնեայ զինուորներուն ընտանիքներուն: Սուրբ Ծննդեան նախօրէին նման այցելութիւններ կը կատարեն պետութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, ներառեալ` երկրի գերագոյն առաջնորդը:
«Մարիամ-է Մողատտաս» մեթրոյի կայարանը անուանուած է Իրանի հայկական համայնքին ի պատիւ եւ դարձած է Թեհրանի մէջ անոր պատմական ներկայութեան խորհրդանիշներէն մէկը:
Քանաատա
Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի Երեք Հատորներու Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Համազգային Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին եւ Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբին, 24 սեպտեմբերին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի «Armenians In The Modern And Early Modern World / The Politics Of Naming The Armenian Genocide / Language, History And «Medz Yeghern»», «A Woman Of The World: Armen Ohanian / The «Dancer Of Shamakha»» եւ «The Colour Of Choice / The Armenians And The Politics Of Race In The United States And Germany (1890-1945) / Տիպարք մարդկանց ցեղերու» գիրքերուն ներկայացումը:
Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութեան անունով Կարին Գասապեան յայտնեց, որ երեկոյի ընթացքին պիտի ծանօթանանք Վարդան Մատթէոսեանի երեք ուշագրաւ աշխատութիւններու, որոնք տարբեր տեսանկիւններէ կը լուսաբանեն Հայոց պատմութեան, ինքնութեան, քաղաքականութեան եւ ընդհանուր փորձառութեան կարեւոր երեսները, ապա ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հեղինակին կենսագրականը:
Ապա Նիւ Եորքէն յատուկ այս առթիւ ժամանած հեղինակը սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց իր հրատարակած երեք հատորները` մէջընդմէջ ներկաներու հարցումներուն պատասխանելով:
Դոկտ. Մատթէոսեան իր «Armenians In The Modern And Early Modern World / The Politics Of Naming The Armenian Genocide / Language, History And «Medz Yeghern»» գիրքին մասին խօսելով` յայտնեց, թէ այս աշխատութիւնը լեզուական, պատմական եւ քաղաքագիտական վերլուծութիւն մըն է «Մեծ եղեռն» եւ «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթներուն մասին, որուն մէջ ան կը քննէ, թէ ինչպէ՛ս հայերէն «Եղեռն» բառը դարերու ընթացքին զարգացած է եւ 1915-ի աղէտէն ետք ստացած` հաւաքական ողբերգութեան իմաստ: Հեղինակը ըսաւ, թէ հայերէն լեզուամտածողութեամբ եւ հայկական սկզբնաղբիւրներու վրայ հիմնուելով` գիրքին մէջ կը ներկայացնէ բառին պատմական ակունքները (գրաբարէն մինչեւ աշխարհաբար), անոր իմաստափոխութիւնը 1915-էն ետք, եւ թէ ինչպէ՛ս այդ բառը օտարներու կողմէ քաղաքականացուեցաւ ու դարձաւ բառախաղի առարկայ:
Անդրադառնալով «A Woman Of The World: Armen Ohanian / The «Dancer Of Shamakha»» գիրքին` հեղինակը յայտնեց, թէ այն հրատարակուած է համահեղինակութեամբ բանասէր Արծուի Բախչինեանի եւ կը ներկայացնէ 20-րդ դարասկիզբի նշանաւոր հայ պարուհի, դերասանուհի, գրող, թարգմանչուհի եւ հասարակական գործիչ Արմէն Օհանեանի (բուն անունով` Սոֆիա Փիրպուտաղեան, 1887-1976) կեանքն ու բազմակողմանի վաստակը` անդրադառնալով անոր գրական եւ թարգմանչական աշխատանքներուն` ֆրանսերէն եւ սպաներէն, ինչպէս նաեւ` հրատարակած հայ մշակոյթին նուիրուած ուսումնասիրութիւններուն:
«The Colour Of Choice / The Armenians And The Politics Of Race In The United States And Germany (1890-1945) / Տիպարք մարդկանց ցեղերու» գիրքին մասին հեղինակը ըսաւ, որ այս աշխատութիւնը կը քննէ, թէ ինչպէ՛ս 19-րդ դարավերջէն մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտը (1890-1945) հայերը ընկալուած, դասակարգուած եւ քննուած են իբրեւ ցեղ` Միացեալ Նահանգներու եւ նացիական Գերմանիոյ իրաւական ու գիտական դրութիւններուն մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրում եւ վաճառք:
Եգիպտոս
Հայաստանի Վերանկախութեան 35-Ամեակի Տօնակատարութիւն` Մասնակցութեամբ «Արաքս» Երգչախումբի
21 սեպտեմբերին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, գլխաւորութեամբ Արմէն Սարգսեանի, տօնախմբեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակը:
Այս տարի տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժինը վստահուած էր Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանի «Արաքս» երգչախումբին` ղեկավարութեամբ Միհրան Ղազէլեանի: «Արաքս» իր մասնակցութիւնը բերաւ խումբի երիտասարդական կազմով. Անուշ Թորիկեան, Բերլա Եսայեան, Եւա Գասպարեան, Կրեթթա Էսմէրեան, Մարալ Մանուկեան եւ Նատա Ղազարեան:
Խումբը մեկնաբանեց Հայաստանի եւ Եգիպտոսի քայլերգները, ինչպէս նաեւ` «Հայոց աշխարհ», «Երեւան-Էրեբունի», «Երազ իմ երկիր», եւ «Հայաստան աշխարհ» երգերը:
Յունաստան
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հանդիպեցաւ Տիտիմոթիքոյի, Օրեսթիատայի Եւ Սուֆլիի Մետրոպոլիտին Ու Քաղաքապետին
26 սեպտեմբերին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան, Ս. Գէորգ զօրավարի տօնին առիթով Տիտիմոթիքօ այցելութեան ընթացքին, հանդիպում ունեցաւ Տիտիմոթիքոյի, Օրեսթիատայի եւ Սուֆլիի մետրոպոլիտ Տամասքինոսին եւ Տիտիմոթիքոյի քաղաքապետ Ռոմիլոս Խածիեանօղլուի հետ: Սրբազան հօր կ’ընկերակցէին շրջանի հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան եւ Տիտիմոթիքոյի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Հմայեակ Անտոնեան: Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Թորոսեան եւ Ազգային վարչութեան նախկին անդամ Գէորգ Պօղոսեան:
Սրբազան հայրը քաղաքապետին տեղեկութիւններ տուաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին մասին, իսկ մետրոպոլիտին հետ քննարկեց համայնքներուն միջեւ գործակցութեան հնարաւորութիւնները:


