Կիրակի գիշեր, «Սփարք լիկ»-ի աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով:
ՀՄԸՄ-ի պատանիներու խումբը (20 տարեկանէն վար) աւարտական մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆինիքսը:
Սօսէ Սեփեթճեան 12 տարեկանին ընտրուեցաւ մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկ: Սեփեթճեան շատ գեղեցիկ ձեւով նշանակեց համաշխարհային կոլ մը` ձախ կողմէն խաղի բերելէ ետք մրցակից մը եւ աջ ոտքով գնդակը օդային անզսպելի հարուածով մը նշանակելով Ֆինիքսի բերդին վերի ձախ անկիւնէն:
Դաշտը գտնուողները` այնքան զմայլած այս կոլէն, նկարիչին մօտ ուղղուեցան` վերստին դիտելու այս անմոռանալի պահը:
Պէտք է ըսել, որ Սօսէ Սեփեթճեան այսքանով չբաւարարուեցաւ, այլ 2 փենալթիներ ալ շահեցաւ: Առաջինին, երբ ան ֆաուլի ենթարկուեցաւ, Արազ Գըլընճեան նշանակեց անվիճելի փենալթին: Աւելի ուշ Արազ ձախողեցաւ 2-րդ փենալթին աւելցնել, բայց արդէն ՀՄԸՄ-ի համար կը բաւէին այս 2 կոլերը, որոնց շնորհիւ խումբը ախոյեանի մետալները ստացաւ:
Քաջալերելի էր այս տիտղոսը, եւ ընտանիքներն ու դաշտին մէջ գտնուող համակիրները գեղեցիկ մթնոլորտով յոյս ներշնչեցին ՀՄԸՄ-ի ապագայի ֆութպոլի յաջողութիւններուն:
Պէտք է ակադեմիաներուն լաւագոյն մարզիկները հաւաքել` լաւ ձեւով խումբեր կազմելու յարմար տարիքներով, տարիքային կամ մեծերու լաւագոյն խումբերը ունենալու համար:


