Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի Հետ

October 6, 2026
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթին ծնունդ տուող պայմաններուն, անոր անցած ուղիին, թերթի գործունէութեան բնոյթին եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի աշխատանքներուն մէջ  անոր դերակատարութեան մասին «Ռազմիկ»-ի խմբագրական կազմը զրուցեց այս բոլորին մօտէն իրազեկ եղող, «Ռազմիկ»-ի ծնունդին մասնակից  Տարօն Տէր Խաչատուրեանի հետ:

«ՌԱԶՄԻԿ».- ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հիմնադրութենէն տարի մը ետք` 21 յունուար 1974-էն սկսեալ, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կը սկսի լոյս տեսնել ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Երիտասարդական էջ»-ը: Ապա` մայիս 1983-ին, հիմը դրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի սեփական պաշտօնաթերթին` «Ռազմիկ»-ին: Վերադառնալով «Ռազմիկ»-ի ստեղծման ակունքներուն` ինչպէ՞ս ծնաւ սեփական պաշտօնաթերթ մը ունենալու գաղափարը, եւ որո՞նք էին անոր ստեղծման հիմնական նպատակները:

ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- ԼԵՄ-ը հիմնուեցաւ 1973-ին, իսկ ճիշդ տասը տարի ետք լոյս տեսաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի պաշտօնաթերթը` «Ռազմիկ»-ը: Սակայն միութեան սեփական օրկան մը ունենալու գաղափարը շատ աւելի կանուխ հասունցած էր. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի պատգամաւորական ժողովներէն շարք մը արդէն բարձրաձայնած էին այդ անհրաժեշտութեան մասին:

Լիբանանի դաշնակցական երիտասարդութիւնը կրկնակի ճնշում կը կրէր. մէկ կողմէ` քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքները, միւս կողմէ` 1975-էն սկիզբ առած ցուցական պայքարին թափը: Այս պայմաններուն մէջ կուտակուած էին գաղափարական, գաղափարախօսական, կազմակերպական եւ ընկերային այնքան նիւթեր, որ «Ազդակ»-ի լայն էջերը չէին կրնար ընդգրկել մեր զգացած այդ հոսքը, որ ԼԵՄ-ականները յօդուածագրութեամբ արտայայտուելու կարիքէն ու փափաքէն կը ծնէր:

Ասոր համար ալ «Ռազմիկ»-ը իր ճամբան սկսաւ ամսաթերթի հասկացողութեամբ, եւ առաջին օրէն ջանացինք պահել ամսական հերթականութիւնը:

Բայց արդէն 1984-ի փետրուարէն սկսեալ կացութիւնը Լիբանանի մէջ շատ վատթարացաւ, եւ դժուարութիւն ունեցանք Արեւմտեան Պէյրութի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին հետ կապ պահելու: Այդ պատճառով որոշ թիւեր երկու ամիսը մէկ կը հրատարակուէին:

ԼԵՄ-ի սեփական պաշտօնաթերթը ունենալու գաղափարը ուրեմն բաւական ատենէ ի վեր կենդանի էր: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ կապ պահելով` խումբ մը երիտասարդներով քով քովի եկանք գործի սկսելու համար:

«Ռ.».- Ինչպէ՞ս որոշուեցաւ «Ռազմիկ» անունը:

Տ. Տ. Խ.- Այդ օրերուն խմբագրական կազմը կազմուած էր 6 ԼԵՄ-ականներէ` Սօսի Առաքելեան, Վերա Կոստանեան, Լուսինէ Ժամկոչեան, Փառէն Յովսէփեան, Հրաչ Ղազարեան եւ ես, որ խումբին միակ ոչ հայագիտականի ուսանողն էի:

Պաշտօնաթերթին անունը ճշդելու համար մեզի լայն ազատութիւն եւ արտօնութիւն տրուած էր: Երբ անդամներէն մէկուն տունը հաւաքուած էինք եւ կը քննարկէինք, թէ ի՛նչ անուն պիտի տանք պաշտօնաթերթին, այդ օրերուն «Մարտիկ» անունը մեզի համար իմաստաւոր էր, եւ քննարկումները այդ ուղղութեամբ կը զարգանային:

Յանկարծ տանտիկինը, որ մեզի համար սուրճ կը պատրաստէր եւ ներսէն կը լսէր մեր քննարկումը, գրեթէ բողոքելով եկաւ մեր քով եւ ըսաւ. «Ամէն ինչ Մարտիկ, Մարտիկ կ՛ընէք, այս մէկն ալ Ռազմիկ ըրէք»:

Այդ պահուն մենք արտայայտուեցանք, թէ ի վերջոյ անունը մենք պէտք է որոշենք, ոչ թէ` տանտիկինը: Սակայն միւս բոլոր անդամները համաձայնեցան, որ «Ռազմիկ» անունը շատ յարմար էր ԼԵՄ-ի պաշտօնաթերթին համար:

Այսպէս, «Մարտիկ» անունին փոխարէն` որդեգրուեցաւ «Ռազմիկ» անունը, որ հետագային դարձաւ ԼԵՄ-ի պաշտօնաթերթին անունը:

«Ռ.».- «Ռազմիկ»-ը ստեղծուած էր հայ երիտասարդութեան գաղափարական մթնոլորտը, գործունէութիւնն ու խօսքը աւելի լայն շրջանակներու հասցնելու նպատակով: Այդ օրերուն ո՞վ էր ձեր հիմնական թիրախային ընթերցողը, եւ ինչպիսի՞ գաղափարներ կ՛ուզէիք հասցնել երիտասարդութեան «Ռազմիկ»-ի միջոցով:

Տ. Տ. Խ.- «Ռազմիկ»-ը ԼԵՄ-ի պաշտօնաթերթն էր, բայց միայն ԼԵՄ-ականներու համար չէր: Մենք կը մտահոգուէինք, որ գաղափարապաշտ եւ ազգային հարցերով տոգորուած երիտասարդական մթնոլորտը, որ ԼԵՄ-ի մէջ կը գտնուէր, պէտք չէր մնար միայն ԼԵՄ-ի կեանքէն ներս:

Մենք ոչ միայն լիբանանահայ երիտասարդութիւնը կ՛ուզէինք դրդել «Ռազմիկ»-ի միջոցով, այլ նաեւ` արձագանգել համահայկական հարցերու: Ցուցական պայքարը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները, որոնք սկսած էին, միայն լիբանանեան հարցեր չէին: «Ռազմիկ»-ի միջոցով նոյնիսկ կ՛անդրադառնայինք Խորհրդային Հայաստանի հարցերու, որոնք այդ օրերուն որոշ չափով խորթ էին մեզի համար:

ԼԵՄ-ը «Ռազմիկ»-ի միջոցով կը փորձէր ազգային եւ գաղափարական հարցերը ընդարձակել ընդհանրապէս լիբանանահայ երիտասարդութեան ու նաեւ համահայկական երիտասարդութեան շրջանակներէն ներս:

«Ռազմիկ»-ի ստեղծման յաջորդ տարին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը սկսաւ հրատարակել «Կայծեր» պարբերաթերթը, բայց անոնց միջեւ մրցակցութիւն չկար:

Շատ կարեւոր էր, որ արծարծուող նիւթերը, զորս խմբագրական կազմով կը ճշդէինք, ըլլային նիւթեր, որոնք երիտասարդութեան սրտին խօսէին, օրինակ` կ՛արծարծուէին ընկերային, քաղաքական, գաղափարական եւ բազմաթիւ այլ նիւթեր, որոնք պէտք էր հետաքրքրական եւ այժմէական ըլլային լիբանանահայ եւ ընդհանուր երիտասարդութեան համար:

«Ռ.».-  Սկզբնական տարիներուն ինչպէ՞ս կը կազմակերպուէր եւ կ՛իրականացուէր «Ռազմիկ»-ի հրատարակութիւնը, եւ որո՞նք էին ձեր դիմագրաւած հիմնական դժուարութիւնները:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն տիրող պայմանները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան «Ռազմիկ»-ի հրատարակութեան, խմբագրական աշխատանքներուն եւ բովանդակութեան վրայ:

Տ. Տ. Խ.- Վեց անդամներէ բաղկացած մեր խմբագրական կազմը շաբաթական դրութեամբ կը հաւաքուէր «Ազիրեան» ակումբին դիմաց գտնուող ԼԵՄ-ի կեդրոնին մէջ: Իւրաքանչիւր հինգշաբթի կէսօրին կը գումարէինք մեր ժողովը, ԼԵՄ-ի կեդրոնէն ներս ունէինք սենեակ մը, որ տրամադրուած էր «Ռազմիկ»-ի խմբագրութեան, եւ կը զբաղէինք յօդուածներու պատրաստութեամբ: Սակայն մենք չէինք բաւարարուեր միայն այս վեց անդամներուն յօդուածներով:

Այնքան կը փափաքէինք ընդլայնել ԼԵՄ-ականներու ստորագրութեամբ յօդուածներու շրջանակը, որ մեր աշխատանքին կը միանային նաեւ օժանդակ անդամներ, ինչպէս նաեւ` ոչ ԼԵՄ-ականներ, որոնք կը մասնակցէին իրենց յօդուածագրութեամբ:

Այդ քանի մը տարիներու ընթացքին կրցանք գտնել բազմատասնեակ անձեր, որոնք իրենց գրիչին զարկ կու տային եւ իրենց յօդուածներով, հարցազրոյցներով, հարցախոյզերով կը մասնակցէին թերթի աշխատանքին:

Միւս կողմէ, կազմակերպական առումով, մեզի համար շատ կարեւոր էր ապահովել, որ հրատարակութիւնը կանոնաւոր կերպով, ամսական դրութեամբ կատարուէր:  Ընդհանրապէս 24-32 էջնոց հրատարակութիւններ կ՛ըլլային, եւ մենք դժուարութիւն չէինք ունենար ամսական 15-20 ինքնագիր յօդուածներ ունենալու` նկարներով եւ այլ նիւթերով միասին: Այսինքն յօդուածի պակաս երբեք չէինք զգար:

Այդ օրերուն «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթին գինը ճշդած էինք 5 լ.ո., որ կը համապատասխանէր շուրջ 1.25 տոլարի: Թերթը կը ծախուէր գրախանութներու մէջ Լիբանանի տարածքին, իսկ սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ ալ կը տարածուէր:

1975-ին սկսած պատերազմէն եւ 1982-ի իսրայէլեան գրաւումէն ետք, երբ շուրջ մէկուկէս տարի համեմատաբար հանդարտ շրջան մը եղաւ, այդ ժամանակաշրջանին հիմնեցինք «Ռազմիկ»-ը: Սակայն 1984-ի փետրուարին բախումներու վերսկսումը կրկին ծանր իրավիճակ ստեղծեց: «Ռազմիկ»-ը այդ պահուն տակաւին վեց ամսու հրատարակութիւն մըն էր, եւ ապահովական պայմաններուն պատճառով անոր հրատարակութիւնը կանոնաւոր կերպով շարունակելը դժուարացաւ:

Ես կը զբաղէի աշխատանքներու համադրութեամբ եւ այդ շրջանին խմբագրական կազմի ատենապետն էի: Սօսի Առաքելեանը պէտք էր երթար Արեւմտեան Պէյրութ, ուր կը գտնուէր մեր «Վահէ Սէթեան» տպարանը` իսլամական թաղամասի մը մէջ: Այդ օրերուն այնտեղ երթեւեկելը ինքնին մեծ դժուարութիւն մըն էր, եւ տպագրութեան աշխատանքները կազմակերպելու համար բազմաթիւ ապահովական խնդիրներ կը դիմագրաւէինք:

Սակայն այդ բոլոր պայմաններուն մէջ անգամ երիտասարդներուն մօտ մեծ խանդավառութիւն կար: Մնայուն կերպով նոր յօդուածներ կը բերուէին, եւ երիտասարդները իրենց գրիչով կը մասնակցէին «Ռազմիկ»-ի աշխատանքին:

Չմոռնալով նաեւ, որ «Ռազմիկ»-ի հիմնադրութենէն ընդամէնը երկու ամիս ետք տեղի ունեցաւ Լիզպոնի Հինգին անձնազոհական գործողութիւնը, որ բնականաբար մեծ արձագանգ գտաւ «Ռազմիկ»-ի էջերուն մէջ:

«Ռ.».- Ի՞նչ արձագանգներ կը ստանայիք ընթերցողներէն եւ ինչպէ՞ս կը զգայիք «Ռազմիկ»-ի ազդեցութիւնը երիտասարդութեան վրայ: Եղա՞ծ է պահ մը կամ դէպք մը, երբ զգացած էք, որ «Ռազմիկ»-ի նիւթերէն մէկը ազդեցութիւն ունեցած է երիտասարդի մը մտածելակերպին կամ գործունէութեան վրայ:

Տ. Տ. Խ.- Շատ պարագաներ եղած են:

Շատ կարեւոր հասկացողութիւն մը կայ ղեկավարման եւ առաջնորդութեան մէջ: Կը խօսինք talking the walk եւ walking the talk հասկացողութիւններուն մասին: Talking the walk, այսինքն` ինչ որ պիտի ընես` բացատրէ, որպէսզի կարենաս հաղորդակցիլ քու շարքերուդ հետ, քու ընկերներուդ հետ. թէ ո՛ւր կ՛երթաս, առաքելութիւնդ ի՛նչ է, տեսլականդ ի՛նչ է, ինչպէ՛ս պիտի երթաս եւ ո՛ւր կ՛ուզես հասնիլ:

Walking the talk` ըսելիքդ կիրարկէ: Այսինքն շարքերդ թող գիտնան, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ կ՛երթաս, եւ հետերնին գործընկերութիւն ըրէ, որպէսզի կարենաս այդ մէկը իրագործել:

Մենք այդ մէկը «Ռազմիկ»-ի միջոցով շատ լաւ կրցանք ընել, որովհետեւ ԼԵՄ-ականներու մտածելակերպը, հարցերու մօտեցման եղանակը, բացատրութիւնները` թէ ի՛նչ կ՛ընենք եւ ի՛նչ նպատակով կ՛ընենք, ինչպէ՛ս պիտի չափենք յաջողութիւնը եւ ինչպէ՛ս պիտի բազմապատկենք այդ յաջող աշխատանքները, այս բոլորը կը փոխանցուէին «Ռազմիկ»-ի միջոցով:

Ըլլայ այդ մէկը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պարագային, Թուրքիայէն հատուցում պահանջելու պարագային, Լիբանանի հայ համայնքի իրաւունքներուն հետ կապուած հարցերու, համահայկական հարցերու կամ Խորհրդային Հայաստանի հետ կապուած հարցերու պարագային` այս բոլորին մէջ walking the talk եւ talking the walk կը պատահէր «Ռազմիկ»-ի միջոցով:

Շատ պատահած է, որ նոյնիսկ մասնաճիւղեր այցելէինք, կարծիքներ փոխանակէինք եւ տարբեր յօդուածներ քննարկէինք:

«Ռ.».- Եթէ այսօրուան փորձառութեամբ վերադառնայիք «Ռազմիկ»-ի սկզբնական տարիները, ի՞նչը տարբեր կերպով պիտի ընէիք` աշխատանքի կազմակերպման, բովանդակութեան կամ երիտասարդութեան հասնելու առումով:

Տ. Տ. Խ.- Այսօր` վերջին 20 տարիներուն, քլիշէ դարձած խօսքերէն մէկը ընկերային ցանցերն են:

Ի մտի ունեցէք, որ այն ատեն ամէն ինչ analogue էր, թուայնացուած չէր: Այսինքն դաշնակցական մամուլին դերակատարութիւնը շատ մեծ էր եւ կարեւոր` մեր պատմութեան ընթացքին, բոլոր գաղութներուն մէջ, մանաւանդ` սփիւռքի:

Մենք, երբ պետականութիւն չենք ունեցած, մեր առաջին թերթը` «Ազդարար»-ը, հիմնած ենք 1793-ին, Մատրաս, Հնդկաստան:

Այսօրուան մամուլին մէկ մասը փոխադրուած է թուայնացման: Այսօր շատ քիչ բան տարբեր պիտի ըլլար անցեալէն, որովհետեւ Լիբանանի երիտասարդութիւնը, 100 տոկոս հայ զգալուն կողքին, 100 տոկոս լիբանանցի կը զգայ, եւ այդ մէկը միւսին վնաս չի հասցներ:

Եւ այդ պայմաններուն մէջ, երբ ցուցական պայքարը նոր թափ ստացած էր, ԼԵՄ-ի ընկերներուն մտային, հոգեկան եւ ֆիզիքական մասնակցութիւնը լուրջ հարց էր: Շատ կարեւոր էր, որ այդ մէկը գաղափարական իմաստով «Ռազմիկ»-ի միջոցով գտնէր իր արձագանգը:

Մեծ տարբերութիւններ չկան: Եթէ այսօր մենք նմանօրինակ աշխատանքներ ուզենք ընել, արդէն այդ մէկը կ՛ընենք 50-60 տոկոսով ընկերային ցանցերու միջոցով: Իսկ բովանդակութեան իմաստով, հիմնական նպատակը «Ռազմիկ»-ին այն է, թէ ինչպէ՛ս ընենք, որ օրուան այդ մթնոլորտը չշեղէ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը:

Մեր այսօրուան մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ, թէ ներկայ թուայնացուած աշխարհին մէջ, անոր բոլոր տագնապներով, ինչպէ՛ս պիտի կարենանք լիբանանահայ երիտասարդը, իսկ յատուկ կերպով` ԼԵՄ-ը, ճիշդ պատնէշներու վրայ պահել, որպէսզի չյուսահատի ներկայ Հայաստանի կողմէ մեր առջեւ դրուած դժուարութիւններէն, աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներէն, Արցախի հայաթափումին հետ կապուած հարցերէն:

Այս մէկը միջոց է, նպատակ չէ. իբրեւ զէնք կ՛օգտագործուի` այս երիտասարդութիւնը ճիշդ կերպով ուղիղ նպատակին հասցնելու:

«Ռ.».- Այսօր, որքան ալ աշխատինք ու պայքարինք, մեր առջեւ կանգնած մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը անտարբերութիւնն է: Հարցը կը մնայ` ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ անտարբերութեան դէմ եւ արթնցնել պատասխանատուութեան ու մասնակցութեան ոգին:

Տ. Տ. Խ.- Նախքան հարցի մը լուծումին հասնիլը` կը փնտռենք անոր արմատները: Նոյնն ալ անտարբերութեան պարագային է:

Ընկերային ցանցերո՞ւ, թէ՞ համաշխարհայնացման պատճառով է: Ուրեմն կ՛արժէ ուսումնասիրել, թէ անտարբերութեան բուն պատճառը ի՛նչ է:

Նաեւ կայ Արցախի հայաթափման պատճառով յուսախաբութիւնը ժողովուրդին մէջ, ինչ որ կրնայ անտարբերութիւն պատճառել, որովհետեւ շատ ծանր հարուած էր: Նաեւ` Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապը: Իսկ եթէ այսպիսի օրինակներ կան, ի՞նչ է անոնց դարմանը: Մենք ընդհանրապէս կը տեսնենք, որ որոշ մարզերու  մէջ աշխատանքներ կան, ուր ինչ ալ ըլլայ, միշտ նոր ուժեր կու գան աշխատելու: Օրինակ` Հայ դատի աշխատանքը սփիւռքի տարբեր  շրջաններուն մէջ:

Եթէ կարդանք մեր պատմութիւնը, եղած են այսպիսի շրջաններ, ուր յանկարծ ետդարձի մէջ եղած ենք, սակայն մենք նաեւ միշտ կրցած ենք այդ վիճակէն դուրս գալ, որքան որ ալ վատ եղած են մեր պայմանները:

Ես միշտ զարմացած եմ, որ 1917-ին, Ցեղասպանութենէն տակաւին նոր ելած ժողովուրդ մը, ինչպէ՞ս մեր ղեկավարները կրցած են իրենք զիրենք վերալիցքաւորել, որ կարենան կրկին տրամադրութիւն ունենալ աշխատելու: Ո՜ւր մնաց 1918-ի Սարդարապատը եւ ամբողջ անկախ պետականութիւն մը ստեղծելը:

Ուրեմն կան այս փուլերը, եւ անոր լաւագոյն բժիշկը դո՛ւք էք:

Ձեր շրջանը դուք կը ճանչնաք: Այն անտարբերութիւնը, որ կը տեսնէք ԼԵՄ-ական կամ լիբանանահայ երիտասարդութեան մօտ, դուք էք, որ կը տեսնէք, եւ անպայմանօրէն նոյն պատճառները չունին:

Մենք ունինք փաստուած օրինակներ. անիւը վերստեղծելու պէտք չունինք:

Ձեր պատասխանը եւ հարցերուն դարմանը դուք պիտի գտնէք` երիտասարդութիւնը յանձնառու պահելու մեր Դատին:

Դաշնակցութիւնը գոյութիւն ունի միայն երկու բան ընելով` Հայաստանի պետականութեան գոյութեան ապահովումը եւ Հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովումը:

«Ռ.».- ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը, իր որոշումներուն մէջ նշած է` Կուսակցութեան գաղափարական-ռազմավարական, ծրագրային ու մարտավարական մօտեցումներու մշակման ու գիտական-մտաւորական շրջանակներէ ներս անոնց քննարկման ու տարածման հարթակներ դիտարկել «Դրօշակ» պաշտօնաթերթն ու «Վէմ» հանդէսը: Այս ծիրին մէջ, հաշուի առնելով, որ «Ռազմիկ»-ը երիտասարդութեան ուղղուած պաշտօնաթերթ է, ինչպէ՞ս կրնայ ան իր գործօն մասնակցութիւնը բերել այս գաղափարական ու մտաւորական աշխատանքին եւ նպաստել երիտասարդութեան մէջ այդ մօտեցումներու տարածման ու զարգացման:

Տ. Տ. Խ.- «Վէմ»-ը անպայմանօրէն պէտք է դիտէք իբրեւ Հայաստանի մէջ հրատարակուող երեք կամ չորս հետազօտական, հայագիտական հանդէսներէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի հրատարակութիւններէն մէկը: Բայց եթէ «Վէմ»-ը շատ մտաւորական է, կրնաք հետեւիլ «Դրօշակ»-ին, որ իւրաքանչիւր ամիս լոյս կը տեսնէ` ըլլայ թուայնացուած կամ տպագիր: Նախ կարդացէք «Վէմ»-ի եւ «Դրօշակ»-ի այդ յօդուածագրութիւնները: Նաեւ «Ազդակ»-ը յաճախ լոյս կ՛ընծայէ այդ յօդուածները իր էջերուն մէջ` ըլլան անոնք առցանց թէ տպագիր:

Եւ ետքը կ՛ուզեմ շարունակել` ըսելով, որ դուք ալ մասնակցութիւն բերէք` գրելով յօդուածներ:

Կրնաք նաեւ ձեր «Ռազմիկ»-ի որոշ յօդուածները ղրկել «Դրօշակ»-ին` այդպէս բերելով ձեր մասնակցութիւնը իբրեւ դաշնակցական երիտասարդութիւն:

Քաջալերեցէք, խանդավառեցէք ներկայ երիտասարդութիւնը, որովհետեւ ձեր ստեղծագործ միտքերը առաւելաբար առողջ եւ արդիւնաւէտ են այս տարիքներուն գրուած յօդուածներուն մէջ: Դուք ձեզ մղեցէք այդ ուղղութեամբ` գրելու եւ արտադրելու միտքեր:

Նաեւ ձեր տուած հարցումներուն պատասխանները որոնեցէք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք լիբանանահայ երիտասարդին մօտ անտարբերութեան առաջքը առնել:

Մենք միակ կուսակցութիւնն ենք, որ թէ՛ հայրենիք` Հայաստան կը կերտենք, թէ՛ սփիւռք կը կերտենք` փորձելով հայ ժողովուրդը մեր շուրջը բոլորել:

Հարցազրոյցը վարեցին եւ արտագրեցին
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «ՌԱԶՄԻԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ԿԱԶՄԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ` ՃՈՐՃ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ԵՒ ԼՈՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Նախորդը

Ապրուած Օրեր. Զ. Երկու Ապրիլ 24

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափեն Շահեցաւ Պահրէյնի Կրան Փրին, Որ Տեղի Ունեցաւ Մալեզիոյ Մէջ

RelatedPosts

Պատուհասի՞, Թէ՞ Պատեհութեան Օրակարգ
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Պետականութիւն, Ռազմավարութիւն Եւ Երիտասարդութեան Պատասխանատուութիւն

September 29, 2026
Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Արցախի Անկախութեան 35 Տարիները. Ի՞նչ Կը Տօնենք Այսօր

September 29, 2026
ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին

July 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.