Շրջանակային համաձայնութիւնը, Հըզպալլայի դիմադրութիւնը, իսրայէլեան անվտանգային գօտին եւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան պատերազմը Լիբանանը կը դնեն տարածաշրջանային վտանգաւոր հանգոյցի մը առջեւ:
Լիբանանի հարաւը դարձած է այն կէտը, ուր կը խաչաձեւուին ոչ միայն լիբանանեան եւ իսրայէլեան հակասութիւնները, այլ նաեւ` տարածաշրջանային աւելի լայն մրցակցութիւնները: Շրջանակային համաձայնութիւնը կը նախատեսէ լիբանանեան բանակին կողմէ պետական գերիշխանութեան ընդլայնում, ոչ պետական զինեալ ուժերու զինաթափում եւ, այդ գործընթացին զուգահեռ, իսրայէլեան աստիճանական հեռացում: Սակայն համաձայնութեան իրականացումը կը բախի փոխադարձ անվստահութեան եւ հակադիր շահերու:
Իսրայէլ կը պահանջէ Հըզպալլայի զինաթափումը` որպէս իր հեռացման նախապայման, մինչ Հըզպալլա կը պնդէ, որ չի կրնար հրաժարիլ դիմադրութեան իր կարողութենէն, այնքան ատեն որ իսրայէլեան ուժերը տակաւին կը մնան լիբանանեան տարածքներու մէջ:
Այսպիսով, ստեղծուած է վտանգաւոր փակ շրջան մը.
Իսրայէլեան ներկայութիւն` Հըզպալլայի դիմադրութեան հիմնաւորում, իսկ դիմադրութիւնը` իսրայէլեան ներկայութեան շարունակութեամբ պատճառաբանութիւն:
Բայց այս անգամ հաշուարկին մէջ կայ նաեւ Իրանը:
Այս փակուղիին վրայ աւելցած է Միացեալ Նահանգներ-Իրան պատերազմը, զոր այլեւս Լիբանանի ճակատէն կարելի չէ առանձնացնել:
Պատերազմը կը տարածուի տարածաշրջանային տարբեր ուղղութիւններով, իսկ Հորմուզի նեղուցի շուրջ ստեղծուած անորոշութիւնը եւ նաւթային շուկաներու արձագանգը կը վկայեն հակամարտութեան լայն հետեւանքներուն մասին:
Աւելի կարեւոր է, որ Թեհրան այժմ բացայայտօրէն Լիբանանի հարաւը կը կապէ իր անվտանգային հաշուարկին: «Ռոյթըրզ»-ի համաձայն, Իրան զգուշացուցած էր Միացեալ Նահանգները, որ Իսրայէլի կողմէ Ալի Թահերի ռազմավարական բարձունքին լայնածաւալ գործողութիւն մը կրնայ արժանանալ Իրանի ուժեղ հակահարուածին:
Այս զարգացումը կը փոխէ Լիբանանի իրավիճակի բնոյթը:
Մինչեւ վերջերս հիմնական հարցը այն էր, թէ Իսրայէլ եւ Հըզպալլա կրնա՞ն խուսափիլ նոր պատերազմէ: Այժմ հարցը աւելի լայն է` կրնա՞յ Լիբանան դուրս մնալ Միացեալ Նահանգներ-Իրան հակամարտութեան ընդարձակումէն:
Իսրայէլի հաշուարկը
Իսրայէլ կրնայ ներկայ իրավիճակը դիտել որպէս պատեհ առիթ` Հըզպալլայի ռազմական կարողութիւնը աւելի խորապէս հարուածելու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ իր ուզած անվտանգային գօտին ամրագրելու համար:
Սակայն լայնածաւալ գործողութիւն մը կրնայ ունենալ հակառակ հետեւանքը: Եթէ Իրանը իր սպառնալիքը գործադրէ եւ անմիջականօրէն ներգրաւուի լիբանանեան ճակատին, տեղական բախումը կրնայ արագօրէն վերածուիլ տարածաշրջանային պատերազմի:
Հըզպալլայի երկընտրանքը
Հըզպալլա եւս կը գտնուի հակասական հաշուարկներու միջեւ:
Մէկ կողմէ Իրանի համար ան կարեւոր ռազմավարական գործընկեր է: Միւս կողմէ` նոր լայնածաւալ պատերազմ մը կրնայ խորացնել Լիբանանի տնտեսական ու ընկերային փլուզումը եւ թուլացնել իր իսկ ներքին դիրքը:
Հետեւաբար ամէնէն հաւանականը կրնայ ըլլալ զսպուած զինեալ դիմադրութիւնը` պահպանել ռազմական կարողութիւնը, բայց խուսափիլ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան ամբողջական պատերազմ պարտադրել Լիբանանին:
Լիբանանեան պետութեան սահմանափակ ընտրութիւնները
Այս ամբողջ գործընթացին մէջ ամէնէն թոյլ դիրքի վրայ կը գտնուի լիբանանեան պետութիւնը:
Պէյրութէն կը պահանջուի վերականգնել պետական գերիշխանութիւնը եւ բանակին յանձնել երկրի պաշտպանութեան բացառիկ պատասխանատուութիւնը: Սակայն այդ նպատակը պէտք է իրականացուի այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ Իսրայէլ տակաւին կը պահպանէ ռազմական ներկայութիւն, իսկ Հըզպալլա կը մերժէ ամբողջական զինաթափումը:
Արդիւնքը կրնայ ըլլալ այն, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ժամանակաւոր միջոցառումները վերածուին փաստացի նոր անվտանգային քարտէսի` ռազմական սահմանափակումներով, կիսադատարկ շրջաններով եւ լիբանանեան գերիշխանութեան մասնակի գործադրութեամբ:
Յառաջիկայ մէկ ամիսը
Յառաջիկայ շաբաթներուն ամէնէն հաւանականը անմիջական համատարած պատերազմը չէ, այլ` վերահսկուող, սակայն չափազանց փխրուն լարուածութիւնը:
Շրջանակային համաձայնութիւնը կրնայ շարունակել գոյատեւել, մինչեւ որ կողմերէն մէկուն ռազմական քայլը փոխէ հաշուարկը: Հետեւաբար հիմնական վտանգը ոչ թէ նախօրօք ծրագրուած պատերազմն է, այլ` սահմանափակ գործողութեան մը անվերահսկելի ընդլայնումը:
Լիբանանի ճակատագիրը յառաջիկայ փուլին կախեալ պիտի ըլլայ երեք հիմնական հարցերէ` կը շարունակուի՞ Միացեալ Նահանգներ-Իրան պատերազմը, արդեօք Իսրայէլ կը դիմէ՞ հարաւային Լիբանանի մէջ լայն գործողութեան, եւ Հըզպալլա կը պահէ՞ իր դիմադրութիւնը վերահսկուած սահմաններու մէջ:
Եթէ այս երեք գործօնները մնան զսպուած, շրջանակային համաձայնութիւնը դեռ կրնայ վերածուիլ աստիճանական քաղաքական լուծման հիմքի:
Բայց եթէ անոնցմէ մէկը դուրս գայ վերահսկողութենէ, Լիբանան կրնայ շատ արագ վերադառնալ լայնածաւալ պատերազմի:
Ուստի Լիբանանի այսօրուան հիմնական մարտահրաւէրը ոչ միայն պատերազմէ խուսափիլն է, այլ նաեւ` կանխել ամրագրումը այնպիսի սթաթիւս քուոյի, ուր խաղաղութեան փոխարէն` երկիրը կը ստանայ մշտական լարուածութիւն, սահմանափակ գերիշխանութիւն եւ փաստացի բաժնուած հարաւ:



